Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ար­ցա­խի վրայ կա­տա­րած Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ ար­տա­յայ­տուե­լով, Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ ­Նիւ Եոր­քի հա­յու­թիւ­նը բո­ղո­քի ցոյ­ցեր կա­տա­րեց։
­Ցու­ցա­րար­նե­րը դա­տա­պար­տե­ցին նաեւ 1988-ին տե­ղի ու­նե­ցած ­Սում­կա­յի­թի սպանդն ու 1990ի ­Պա­քո­ւի եւ ­Կի­րո­վա­պա­տի ջար­դե­րը: Ա­նոնք նշե­ցին, թէ ան­պա­տիժ մնա­ցած մարդ­կու­թեան դէմ, այդ ո­ճիր­նե­րը յա­ւե­լեալ կը դրդեն ­Պա­քո­ւի նա­խա­յար­ձակ ա­րարք­նե­րը։
­Ցոյ­ցե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած էին ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն կող­մէ:
Ո­ւա­շինկ­թը­նի ցոյ­ցին ըն­թաց­քին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու փոխ­նա­խա­գահ ­Մայք ­Փեն­սը փո­խադ­րող շքա­խում­բը ան­ցած է ցու­ցա­րար­նե­րուն քո­վէն՝ ա­կա­նա­տես դառ­նա­լով ա­նոնց բո­ղոք­նե­րուն։
­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ա­զե­րի­նե­րէ եւ թուր­քե­րէ կազ­մուած խմբակ­ներ, փոր­ձե­ցին ցոյ­ցեր կա­տա­րել, պար­զե­լով ազ­գայ­նա­մոլ «­Գորշ ­Գայ­լեր»ուն խորհր­դա­նի­շը։