Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 Սեպտեմբերին Մ.Ա.Կ.ի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովի 72րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններ»ուն եւ ըսաւ.- «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի Հոկտեմբերին կնքուեցին «Ցիւրիխեան Արձանագրութիւններ»ը:
«Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնից:
«Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում` առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար:
«Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում, Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ — ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց — սին արձանագրութիւնների:
«Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակում է համոզուած լինել, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ դրանց լուծումները գտնելու նպատակով»,- դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Արցախեան տագնապի լուծման, ատրպէյճանական ռազմատենչ եւ հայատեաց քաղաքականութեան` վերահաստատելով հայկական կողմի այն մօտեցումը, թէ տագնապի լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ միջոցով:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն` ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
«Ցիւրիխեան Արձանագրութիւններ»ը Հայաստան յայտարարելու է առ ոչինչ»
«Ցիւրիխեան Արձանագրութիւններ»ը Հայաստան յայտարարելու է առ ոչինչ»,- հաստատեց նախագահ Սերժ Սարգսեան