­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին յատ­կա­ցուած յա­տուկ բա­ժի­նով մը, ան­ցեալ ­Կի­րա­կի 13 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, սե­մի­նար մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­Փեն­տէ­լիի մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ (Interorthodox Center) եւ ֆրան­սա­կան «Yahad-In Unum»ի կրթա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան սե­մի­նա­րին, որ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով կա­յա­ցաւ, ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէ ժա­մա­նած դաս­տիա­րակ­նե­րու եւ օ­տար ու­սու­ցիչ-փրո­ֆէ­սէօր­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։
Ընդ­հա­նուր բնա­բանն էր «Teaching and learning the history of Holocaust and connections with other Genocides (Christians of M. Asia, Armenians, indigenous people of Guatemala and the genocide of Yazidis in Syria and Iraq»։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան «Yahad-In Unum»ի գոր­ծա­կից­ներ, յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ եւ յոյն փրոֆ. Խ­րիս­թոս ­Նա­սիոս։
Ընդ­հա­նու­րին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ա­նոնց տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին դրդա­պատ­ճառ­նե­րը, հե­տե­ւանք­նե­րը հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն վրայ, իսկ յա­տուկ շեշտ դրո­ւե­ցաւ ա­նոնց ու­սուց­ման վե­րա­բե­րող ծրա­գիր­նե­րուն։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու թե­մա­յին քննար­կում­նե­րու նպա­տա­կը կեդ­րո­նա­ցաւ՝ ա­նոնց կան­խար­գի­լու­մը ա­պա­հո­վե­լու եւ ա­պա­գա­յին նմա­նօ­րի­նակ ո­ճիր­ներ չթոյ­լատ­րե­լու կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քին վրայ։
­Սե­մի­նա­րին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հրեա­նե­րու եւ ռո­մա­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը։ ­Լոյս սփռո­ւե­ցաւ յատ­կա­պէս նախ­կին ­Սո­վե­տա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած ճնշում­նե­րուն ու հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ ֆրան­սա­կան «Yahad-In Unum» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած պատ­մա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ Անդ­րա­դարձ ե­ղաւ նաեւ ե­զի­տի­նե­րու եւ լա­տի­նա­մե­րի­կեան հնդիկ­նե­րու դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րու։
­Յա­տուկ բա­ժին տրա­մադ­րո­ւած էր ­Փոքր Ա­սիոյ մէջ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ կա­տա­րուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­Թուր­քիոյ կող­մէ, 20րդ ­դա­րու սկիզ­բին։
Ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան, խօ­սե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ՝ վե­րապ­րող­նե­րու հա­ւա­քա­կան ու ան­հա­տա­կան կեան­քին վրայ։ Որ­պէս Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սար­դու­հի, ան խօ­սե­ցաւ պատ­մա­կան յու­շը վե­րապ­րու­մի ու­ժի վե­րա­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։
Եր­կու ըն­կե­րու­հի­նե­րը շեշ­տը դրին ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ եւ ա­նոր բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ այն եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ են՝ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ վա­խի մթնո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով: ­Բո­լո­րին կող­մէ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ զարկ տրո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը ճանչ­նա­լու եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մայն աշ­խար­հի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ:
Ա­ւար­տին, ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­սա­ւանդ­ման ա­ռըն­չո­ւած հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջե­րու հաս­ցէ­ներ տրո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն, որ­պէս կրթա­կան օ­ժան­դակ մի­ջոց­ներ եւ ու­սում­նա­կան նիւ­թեր։