Ար­դէն եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով,­ ­Յու­նաս­տա­նի Եր­կո­տաս­նեան կղզե­խում­բի ­­Ռո­տոս կղզիին մէջ, ձեռ­նարկ­նե­րու շարք մը ի­րա­կա­նա­ցաւ, նո­ւի­րո­ւած ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ­­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան։

Մ.Ա­.Կ.ի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րա­ցոյ­ցին վրայ 9 ­­Դեկ­տեմ­բեր թուա­կա­նի նշու­մը, որ­պէս «­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օր» ըն­դու­նո­ւած է աշ­խար­հի մէջ։ ­­Թո­ւա­կա­նը պա­տա­հա­կան չէ, այլ կը խորհր­դան­շէ 1948 ­­Դեկ­տեմ­բեր 9ը, որ Մ.Ա­.Կ.ի հա­մա­ձայ­նագ­ի­րի հի­մամբ՝ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի ո­րո­շու­մի ըն­դուն­ման օրն է, ­­Ռա­ֆա­յէլ ­­Լեմ­քի­նի կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռեզ­րի ի­րա­ւա­կան բնու­թագ­րու­մով։
Այս ա­ռի­թով, իւ­րա­յա­տուկ էր այս տա­րո­ւայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­­Ռո­տո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­­Ռո­տո­սի «­­Տիգ­րան-Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի, ­­Ռո­տո­սի ­­Կիպ­րա­ցի­նե­րուն,­ ­Ռո­տո­սի պոն­տա­կան «­­Տի­ղե­նիս Աք­րի­թաս» եւ ­­Փոքր Ա­սիա­կան միու­թիւն­նե­րու:
Ուր­բաթ՝ 12 ­­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­­Ռո­տո­սի դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն, նո­ւի­րո­ւած օ­րո­ւայ նիւ­թին, որ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ։ ­­Ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ե­րեք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րող ժա­պա­ւէն­նե­րու շարք մը, ա­պա յա­ջոր­դե­ցին զրոյց­ներ՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ։

­­Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նարկ

­­Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Շա­բաթ՝ 14 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Ռո­տո­սի «­­Նես­թո­րի­տիօ» մշա­կու­թա­յին սրա­հէն ներս, ներ­կա­յու­թեամբ կղզիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րու եւ սրա­հը լե­ցու­ցած ժո­ղո­վուր­դի։ ­­Կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նոյ ա­նու­նով՝ բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­­Ռո­տո­սի ­­Կիպ­րա­ցի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­­Սի­մէո­նի­տիս։
Հայ­կա­կան եւ ­­Պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ու­րաց­ման ­­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թե­նէն խու­սա­փե­լու իր շա­րու­նա­կա­կան ճի­գը՝ ան­հան­դուր­ժե­լի է մի­ջազ­գա­յին մարդ­կու­թեան կող­մէ։ ­­Նոյն դա­հի­ճին դէմ՝ ե­րեք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վե­րա­բե­րող ու միա­ցեալ ջան­քե­րով յա­ջո­ղո­ւած այս ձեռ­նար­կը, ցոյց տո­ւաւ, թէ հա­յե­րու եւ պոն­տոս­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց յար­գու­մի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հարց է։
Օ­րո­ւան հիւր բա­նա­խօսն էր ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­­Կիպ­րո­սի դես­պան ­­Քի­րիա­քոս ­­Քե­նե­վէ­զոս, իսկ նիւ­թի մա­սին ի­րենց մօ­տե­ցում­ներն ու վեր­լու­ծում­նե­րը պար­զե­ցին փոր­ձա­ռու լրագ­րող ­­Փան­տե­լիս ­­Սա­վի­տիս եւ փոր­ձա­գէտ ու հրա­տա­րա­կիչ ­­Սա­վաս ­­Գա­լէն­տէ­րի­տիս։ ­­Հա­մադ­րու­մը կա­տա­րեց Ե­գէա­կա­ն ­հա­մալ­սա­րա­նի ­­Մի­ջերկ­րա­կա­ն­ ուս­մանց դա­սա­խօս Եոր­ղոս ­­Մա­րիս։
Ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, որ շնոր­հա­ւո­րեց ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րե­ց­ ե­րեք միու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, որ տա­րո­ւէ տա­րի կ­­՚ամ­րա­նայ։
­­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­«Հա­մազ­գա­յի­ն­»ի ­­Յու­նաս­տա­նի Շրջա­նա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Յու­լիա­նա ­­Մա­նու­կեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­դա­տի ­յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­­Խա­չիկ ­­Խա­չա­տու­րեան։ Շ­նոր­հա­ւո­րա­կան գրու­թիւն­ներ ղրկած էին ­­Յու­նաս­տա­նի զ­­բօ­սաշր­ջու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­­Մա­նոս ­­Քոն­սո­լաս եւ ե­րես­փո­խան ­­Մի­քա Իաթ­րի­տի։
Ե­րեք հրա­ւի­րեալ ա­կա­նա­ւոր անձնա­ւո­րու­թիւն­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին Եւ­րո­պա­կան ­­Միու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ ա­նոր ու­ժի, ինչ­պէս նաեւ այլ ու­ժե­րու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, վեր­լու­ծե­լով ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րը եւ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թեանց փո­խազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։ ­­Յար­գե­լի դա­սա­խօս­նե­րը խօ­սե­ցան հա­յու­թեան փոր­ձա­ռու­թեան եւ ա­նոր տա­րած շա­րու­նա­կա­կան պայ­քար­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն յա­ջո­ղե­ցաւ ­­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը հասց­նել բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի, վեր­ջին օ­րի­նա­կը տա­լով՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու ­­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ մէկ օր ա­ռաջ բա­նա­ձե­ւի որ­դեգ­րու­մին։ ­­Մօտ եր­կու ժամ տե­ւող ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, ե­րեք զե­կու­ցա­բեր­նե­րը ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցին եւ շեշ­տը դրին պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ ար­դա­րու­թիւ­նը հե­տապն­դե­լու միա­ցեալ ճի­գին վրայ։
­­Զուտ քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րակ­ցու­թեանց նիւ­թին վրայ կեդ­րո­նա­նա­լով, ­­Կիպ­րո­սի դես­պան պրն. ­­Քե­նե­վէ­զոս պե­տու­թիւն­նե­րու շա­հե­րուն մա­սին վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րեց, ա­պա խօ­սե­ցաւ ­­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին, կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կա­տա­րե­լով։­­Ձեռ­նար­կը ա­ւար­տե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ հնչած հար­ցադ­րում­նե­րով եւ կար­ծիք­նե­րով։

­­Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում

­­Կի­րա­կի՝ 16 ­­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան, «Է­վան­կե­լիսդ­րիա» ­­Մայր ­­Տա­ճա­րին մէջ, ­Ռո­տո­սի ­­Մետ­րո­պո­լի­տի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ­­Հա­յոց եւ ­­Յու­նաց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ­­Կիպ­րո­սի մէջ թրքա­կան ներ­խուժ­ման ու գրաւ­ման հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած ան­մեղ հո­գի­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Օ­րո­ւան խօս­քը ուղ­ղեց ­­Կիպ­րո­սի դես­պան ­­Քի­րիա­քոս ­­Քե­նե­վէ­զոս։ ­­Ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ զ­­բօ­սաշր­ջու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­­Մա­նոս ­­Քոն­սո­լաս, ­­Հա­րա­ւա­յին Ե­գէա­կա­նի փոխ մարզ­պե­տը, ­­Ռո­տո­սի փոխ քա­ղա­քա­պե­տը, ծո­վա­յին-ցա­մա­քա­յին-օ­դա­յին զի­նո­ւած ու­ժե­րու զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու պե­տը։ ­­Ներ­կայ էին նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի ­յանձ­նա­խում­բը, ­­Յու­նաս­տա­նի ­«­Հա­մազ­գա­յի­ն­»ի Շրջա­նա­յին ­վար­չու­թիւ­նը եւ ­Ռո­տո­սի ­«­Հա­մազ­գա­յի­ն­»ի «­­Տիգ­րան — Եր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ ­­Վա­սի­լիս ­Վա­սի­լիու ­­Պար­տիզ­պա­նեան։ ­­Յա­ջոր­դեց «­­Հայ­րե­նի­քի զո­հո­ւած­նե­րու» յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում, ուր հա­յու­թեան ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ­­Հայ ­դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­­Խա­չիկ ­­Խա­չա­տու­րեան։

Χορηγός της εκδήλωσης ήταν το ξενοδοχείο SEMIRAMIS στην Ρόδο