Պոնտոսի յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան պատմական յուշին նուիրուած էր «Յոյն եւ հայ ժողովուրդներ. Երկու դարաւոր մշակոյթներ» նիւթով հրապարակային ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Փիրէայի յոյն-ֆրանսական «Jeanne D՚Arc» կրթարանէն ներս, Չորեքշաբթի՝ 19 Փետրուար 2020ի երեկոյեան։
Համախմբուած հայ եւ յոյն ժողովուրդը, աշակերտութիւն եւ ծնողներ, առիթը ունեցան հետեւելու բովանդակալից ու ազդեցիկ ելոյթներու, ինչպէս նաեւ ճոխ գեղարուեստական յայտագրի, նուիրուած՝ երկու ժողովուրդներու մշակոյթին։
Ներկայ էին Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւը, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան փոխ դեսպան եւ լիազօր նախարար տիկին Յասմիկ Դաշտոյեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ «Համազգային»ի ներկայացուցիչներ։
Բացումը կատարեց կրթական հաստատութեան տնօրէնուհի տիկին Ակելիքի Վոքու եւ կարճ պատմականը ըրաւ 160 տարի հաշուող յոյն-ֆրանսական «Jeanne D՚Arc» հաստատութեան, որ պատմութեան դժուար պահերու վկան հանդիսացած է Փիրէայի մէջ։ Ան խորապէս գնահատեց նման համագործակցութեան առիթները, դիտել տալով թէ դաստիարակներու պարտականութիւնն ու առաքելութիւնն է, աշակերտական նոր սերունդներուն՝ անցեալի պատմական փաստերու մասին խօսիլ, զանոնք դաստիարակելով արդարութեան հետամուտ մնալ, իրենց կեանքին ընթացքին։
Տնօրէնուհին ողջունեց ուսուցչուհիներ տիկին Տիրուհի Աշրեանի եւ տիկին Փարասքեւի Վիլաի նախաձեռնութիւնը, որոնք յղացումն ու գործադրումը ունեցած էին այս կարեւոր ձեռնարկին։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Սթաւրոս Ապարեան, ողջոյնի իր խօսքին մէջ մատնանշեց Թուրքիոյ շարունակուող քաղաքականութեան դրսեւորումները, եւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն կողմէ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու շարունակուող փորձերը։ Ան ողջունեց պատմական յուշը նոր սերունդներուն մօտ կենդանի պահելու եւ արդարութեան սկզբունքներուն հանդէպ կառչած մնալու նպատակին ծառայող նմանօրինակ առիթներու կազմակերպումը։
Յաջորդաբար տիկին Տիրուհի Աշրեան ներկայացուց վարժարանին կողմէ առնուած տուեալ նախաձեռնութեան նպատակը, շնորհակալութեան խօսք ուղղելով բոլոր մասնակիցներուն, ապա հակիրճ ներկայացումը կատարեց օրուայ բանախօս՝ ընկերային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիսի կենսագրական ու աշխատանքային գիծերուն։
Յոյներու եւ Հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած բաժինով իր խօսքը սկսաւ բանախօսը, որ իր յանդուգն ու խիզախ ելոյթով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Փրոֆ. Մալքիտիս, դրուատեց Հայ դատի յանձնախումբերու եւ ընդհանրապէս հայութեան տարած պահանջատիրական աշխատանքը համազգային տարողութեամբ, յատկանշականօրէն ըսելով թէ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարն էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղին բացաւ յունական պահանջատիրութեան առջեւ յաղթանակներու առաջնորդելով: Ան քննադատեց յոյն պետութեան պահպանողական կեցուածքը, որ պարզ ոգեկոչումներով կը բաւարարուի յիշել Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան թուականը, մինչ հայութեան համար Ապրիլ 24ը ազգային սուգի եւ պահանջատիրութեան վերանորոգուող ուխտի օր կը հանդիսանայ:
Խորապէս ազդեցիկ էր փրոֆէսէօրին խօսքը։ Ան աւարտեց նշելով, թէ պատմական փաստերուն հանդէպ խոր իմացութիւնն է, որ կրնայ նման չարագործութիւններ կանխարգիլել ապագային եւ խիստ կարեւոր է նոր սերունդներու իրազեկումն ու դաստիարակութիւնը, որպէսզի արդարութեան ու հաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ յառաջանայ աշխարհը։
Ձեռնարկին երկրորդ բաժինը գեղարուեստական էր, նուիրուած երկու ժողովուրդներու մշակոյթին։
Հայկական «Պինկէօլ» եւ «Եար քո» երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ սիրուած երգիչ Հայկ Եազըճեան, որ իր բարձրորակ կատարումներով խոր ազդեցութիւն թողեց ներկաներուն վրայ։
Ապա յունական պարեր ու երգեր ներկայացուցին Արղիրուփոլիսի Պոնտոսցիներու միութեան անդամները, իսկ երեկոն աւարտեցաւ հայկական պարերով, որ ներկայացուցին «Աւետիս» պարախումբի պատանիները, իրենց պարուսոյց Շուշանիկ Սեմէրճեանի ղեկավարութեամբ։ Յունական եւ հայկական պարերը եւս ջերմացուցին մթնոլորտը։
Վերջաւորութեան յիշատակի գեղեցիկ նուէրներ եւ գիրքեր յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ցեղասպանութիւններուն նուիրուած բովանդակալից ու ազդեցիկ հրապարակային ելոյթ Փիրէայի «Jeanne D՚Arc» կրթարանէն ներս