Ս­պա­նիոյ ­Կուլ­լե­րա քա­ղա­քի ­Քա­ղա­քա­յին ­Խոր­հուր­դի նիս­տին, չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը միա­ձայն ճանչ­ցած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` դա­տա­պար­տե­լով մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցան­քը, յոր­դո­րե­լով Ս­պա­նիոյ այլ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ու ­Թուր­քիոյ` հե­տե­ւե­լու ի­րենց օ­րի­նա­կին,- կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յերն Այ­սօր»:
­Վա­լեն­սիա­յի «Ա­րա­րատ» միու­թե­նէն կը հա­ղոր­դեն, որ քա­ղա­քա­պետ ­Ճոր­տի ­Մա­յոր իր խօս­քին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշած է, որ ի­րե­րը պէտք է կո­չել ի­րենց ա­նուն­նե­րով եւ այն, ինչ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին, միայն մէկ ա­նուն ու­նի`ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:
­Յատ­կա­նա­շա­կան ե­լոյթ ու­նե­ցած է ­Փո­տե­մոս կու­սակ­ցու­թեան խօս­նա­կը, որ նշած է, թէ ­Թուր­քիան ոչ միայն պէտք է ճանչ­նայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ հա­տու­ցէ վնաս­նե­րը եւ յատ­կա­պէս վե­րա­դարձ­նէ հա­յե­րուն պատ­մա­կան հո­ղե­րը:
­Նիս­տին ներ­կայ ե­ղած են հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնց ա­նու­նով Ա­րա­րատ ­Ղու­կա­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին` նշե­լով, որ ­Կուլ­լե­րան դար­ձաւ Ս­պա­նիոյ 27րդ ­քա­ղա­քը, որ կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ սա պատ­մա­կան օր է ոչ միայն սպա­նա­հա­յու­թեան, այլ նաեւ քա­ղա­քին հա­մար: ­Միջ­նոր­դա­գի­րը քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ա­րա­րատ հայ­կա­կան միու­թեան ­Կուլ­լե­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հեր­մի­նէ Աբ­րա­հա­մեան:
Ի­տա­լիոյ ­Թոլ­ֆա քա­ղա­քի հա­մայնք­նե­րու խոր­հուր­դը ըն­դու­նած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին բա­նա­ձեւ, ո­րուն նա­խա­գի­ծը ա­ռա­ջար­կած էր Հ­ռո­մի հա­յե­րու Assoarmeni միու­թիւ­նը, կը հա­ղոր­դէ News.am: ­Քա­ղա­քա­պետ ­Լո­ւի­ճի ­Լան­տին յայտ­նած է, որ Հ­ռո­մի մօտ գտնո­ւող այդ փոքր քա­ղա­քը միշտ յար­գած է հա­յե­րը եւ ա­նոնց ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գի­րին յի­շա­տա­կը: ­Հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած են: Ատ­կէ ետք քա­ղա­քի այ­գիին մէջ օ­ծո­ւած է խաչ­քար՝ հայ ա­ռա­քե­լական ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­ր հովիւ ­Տի­րայր Քհնյ. ­Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ: