Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլի երեկոյեան, Քսանթիի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ՝ եկեղեցական եւ ժողովրդական երգերով, Քսանթիի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկը պատուեցին Քսանթիի Մետրոպոլիտ Փանտէլէիմոն, պրն. քաղաքապետը եւ քաղաքապետական եւ այլ խորհրդականներ:
Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկ. Զապէլ Այվազեան, Միջ-Թաղային Խորհուրդի կողմէ տիկ. Մարի Գալայճեան, կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայ եւ յոյն ժողովուրդ:
Բացման խօսքը կատարեց տիկ. Մելին Գարաօղլանեան: Կարճ անդրադարձ մը կատարեց ցեղասպանութեան դէպքերուն մասին եւ իր ապրումներն ու զգացումները յայտնեց Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութեան վերաբերեալ:
Ապա՝ ներկայացուց յօրինող-երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի կենսագրականը՝ նկատի առնելով, որ համերգի երգերուն մեծ մասը կը պարունակէր Կոմիտասի: Շարունակելով ընթերցեց սոփրանօ տիկ. Հռիփսիմէ Դանիէլեանի կենսագրականը ու հրաւիրեց զայն, ինչպէս նաեւ տիկ. Նէլի Սթախօսիտուին, որ ընկերակցեցաւ դաշնակի վրայ բոլոր երգերուն:
Տիկին Դանիէլեան մեներգեց հրաշալի ձայնով 14 երգեր՝ սկսելով եկեղեցական «Սուրբ Սուրբ», «Ամէն, Հայր Սուրբ» ու շարունակեց Կոմիտասի եւ այլ յօրինողներու երգերով: Իսկապէս ձեռնարկը մեծ երկիւղածութիւն պատճառեց բոլոր ներկաներուն, բան մը, որ իրենց յիշողութեան մէջ պիտի մնայ բաւական երկար ժամանակ:
Արիւնատուութիւն
Հայ Գթութեան Խաչի Քսանթիի «Արաքս» մասնաճիւղը նոյն առաւօտ կազմակերպեց արիւնատուութիւն մեծ յաջողութեամբ: Ապահովուեցաւ 20 շիշ արիւն:
Զ.Ա.