Ցեղասպանութեան վկաներ

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108ա­մեայ վե­րապ­րող Ք­նար Ե­մէ­նի­ճեան վախ­ճա­նե­ցաւ ­Մոնթ­րէա­լի մէջ

0
1678

ՆԱԶԻԿ ԱՐԹԻՆԵԱՆ «Հորիզոն»

Յու­նո­ւար 19ին ­Մոնթ­րէա­լի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող­նե­րէն Ք­նար ­Պոհ­չէ­լեան Ե­մէ­նի­ճեան։ Ս­տո­րեւ՝ իր Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թիւ­նը, որ գրի առ­նո­ւած է եր­կու տա­րի ա­ռաջ.-

«­Մեր մեծ մայ­րի­կին ցուց­մուն­քով եւ կա­ռա­վա­րա­կան օ­րէն­քով մենք ստի­պո­ւած ե­ղած ենք թրքա­նալ, որ­պէս­զի չջար­դո­ւինք։ ­Հայրս գնաց ոս­տի­կա­նա­տուն եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը փո­խել տո­ւաւ, բո­լորս մէյ մէկ թրքա­կան ա­նու­նով ճանչ­ցո­ւե­ցանք։
Ծ­նած եմ 14 ­Փետ­րո­ւար 1909ին, ­Կե­սա­րիա, մին­չեւ 17,5 տա­րե­կան ապ­րած եմ ­Կե­սա­րիա, ա­պա 1,5 տա­րի՝ ­Պո­լիս։
Երբ ջար­դերն ու հե­տապն­դում­նե­րը սկսան ­Կե­սա­րիոյ մէջ, քա­նի մը ա­միս փախս­տա­կան ապ­րե­ցանք ա­գա­րա­կի մը մէջ, յար­դե­րուն եւ ա­գա­րա­կի աղ­տո­տու­թիւն­նե­րուն մէջ պա­հո­ւը­տած, նոյ­նիսկ հոն ոջ­լո­տե­ցանք ու հի­ւան­դա­ցանք։
Իւ­րէլ ը­սո­ւած գիւ­ղը աք­սո­րո­ւե­ցանք, ոչ-շատ հե­ռու մեր ապ­րած տե­ղէն, ո­րով­հե­տեւ հայրս այդ շրջա­նին թրքա­կան բա­նա­կին մէջ զի­նո­ւոր էր, ինչ որ ի­րենց վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէր։ ­Մայրս այդ օ­րե­րուն եղ­բօրս՝ ­Կա­րա­պե­տին գլխուն լա­չակ կա­պած էր, որ մանչ ըլ­լա­լը չգիտ­նա­յին, ար­դէն այր մար­դի­կը հա­ւա­քած տա­րած էին։
­Թէ ինչ­պէ՞ս մենք ա­զա­տե­ցանք կո­տո­րած­նե­րէն։ ­Հայրս զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած էր այդ շրջա­նին, բայց ո՛չ բա­նա­կին մէջ, ո­րով­հե­տեւ իբր հայ զէնք կրե­լու ի­րա­ւունք չու­նէր։ ­Թուրք սպա­յի մը քով նա­մա­կա­տար էր։ Իր մարմ­նի յաղ­թան­դամ կազ­մին եւ ոտ­քե­րուն ու­ժին բեր­մամբ՝ կրնար վեց ժամ քա­լել, նա­մա­կը տա­նիլ եւ սպա­սո­ւած պա­տաս­խա­նը բե­րել նոյն օ­րը։ ­Հայ­րիկս այս պատ­ճա­ռաւ տու­նէն շատ չհե­ռա­ցաւ, յա­ճախ կու գար մայ­րի­կիս այ­ցե­լու­թեան։ ­Մենք շատ հե­ռու տե­ղեր չենք աք­սո­րո­ւած։
­Հայրս հայ ըլ­լա­լուն այ­լեւս չէր կրնար գոր­ծա­տէր դառ­նալ, հե­տե­ւա­բար՝ թուրք ըն­կե­րոջ մը հետ ձմրան ա­պուխ­տի գոր­ծին ձեռ­նար­կեց։ Իր բուն գոր­ծը տպագ­րու­թիւնն էր, լա­չակ­նե­րու վրայ։ ­Մեծ վա­ճա­ռա­կա­նու­թիւն սկսան ը­նել, մին­չեւ ­Պո­լիս ա­պուխտ կը ղրկէին։ ­Մայ­րիկս սկսաւ ի­րենց շատ օգ­նել։ ­Պէտք է ը­սել, որ այդ թուր­քը շատ ազ­նիւ վա­րուած էր մեր հետ, նոյ­նիսկ գոր­ծին դրա­մը մօրս կը վստա­հէին, մին­չեւ որ օր մը մայ­րի­կիս գող հա­նե­ցին…։ ­Սա­կայն այդ մար­դուն մեծ դժբախ­տու­թիւն մը պա­տա­հե­ցաւ եւ զա­ւա­կը մե­ռաւ եւ խօս­քը ետ քա­շեց՝ ը­սե­լով, որ Աս­տո­ւած զինք պատ­ժեց։
­Հայ­րիկս ե­րեք-չորս տա­րի շատ աշ­խա­տե­ցաւ, որ քիչ մը դրամ հա­ւա­քէ, պա­տեհ ա­ռի­թին գոր­ծա­ծէ մեր փա­խուս­տին հա­մար։
Երբ ­Կա­րա­պետ եղ­բայրս տաս­նեօթ տա­րե­կան ե­ղաւ, ի­րեն հա­մար ­Կե­սա­րիոյ մէջ խա­նութ բա­ցաւ հայրս։ Օր մը թուրք այր եւ կին մը կ­՚անց­նին ե­ղեր խա­նու­թին առ­ջե­ւէն եւ ­Կա­րա­պե­տը դուրս կը դի­տէ։ ­Թուր­քը այ­պա­նած է եղ­բօրս, որ կնո­ջը խօսք նե­տած է, շա­պի­կէն քաշք­շե­լով եւ հա­րո­ւած­նե­րով զինք ա­ռած ոս­տի­կա­նա­տուն տա­րած է՝ « Կ­նոջս խօսք նե­տեց կեա­ւու­րը» ը­սե­լով։ ­Հոն հայ­րի­կիս ծա­նօթ մարդ մը կայ ե­ղեր, որ եղ­բօրս կը ճանչ­նայ, ան­մի­ջա­պէս լուր կու տայ, որ հա­սիր տղադ կը ծե­ծո­ւի ոս­տի­կա­նա­տու­նը։ ­Հայ­րիկս կ­՚եր­թայ ու կ­՚ա­զա­տէ զինք։ ­Սա­կայն ­Կա­րա­պե­տը շատ վախ­ցած է եւ ատ­կէ ետք բնաւ չու­զեց ­Կե­սա­րիա մնալ։
­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք ծնողքս կը մտա­ծեն ա­ռա­ջին հեր­թին փա­խուստ տալ ­Թուր­քիա­յէն, նախ եւ ա­ռաջ՝ ըն­տա­նի­քին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­նե­լով դուրս։ Ա­նոնք ո­դի­սա­կան ապ­րած են մին­չեւ հա­սած են Ա­ղեք­սանդ­րիա, Ե­գիպ­տոս։
­Մեր մեծ մայ­րի­կին ցուց­մուն­քով եւ կա­ռա­վա­րա­կան օ­րէն­քով մենք ստի­պո­ւած ե­ղած ենք թրքա­նա­լու, որ­պէս­զի չջար­դո­ւինք։ ­Հայրս գնաց ոս­տի­կա­նա­տուն եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը փո­խել տո­ւաւ, բո­լորս մէյ մէկ թրքա­կան ա­նու­նով ճանչ­ցո­ւե­ցանք։
­Մայրս շատ քա­ջա­րի կին մըն էր, մեր թրքա­նա­լէն ետք, ­Ղա­զան­ճեան ըն­տա­նի­քի վեց ան­դամ­նե­րը վեց ա­միս փախս­տա­կան պա­հեց մեր տան մէջ, ո­րով­հե­տեւ մեր վրայ նո­ւազ կը կաս­կա­ծէին։ Իսկ ինք մեր վի­զէն եւ իր վի­զէն պի­տակ կա­խած էր մեր թրքա­կան ա­նուն­նե­րով, որ­պէս­զի ա­ւե­լորդ հար­ցում­նե­րով չհար­ցա­փոր­ձեն զինք։
Ես 6 կամ 7 տա­րե­կա­նիս սկսած էի դպրոց եր­թալ, կը յա­ճա­խէի հայ­կա­կան Ա­րա­մեան վար­ժա­րան։­Պա­տե­րազ­մէն ետք հա­յե­րը Ա­րա­մեան վար­ժա­րա­նը որ­բա­նո­ցի վե­րա­ծած էին, գիւ­ղե­րէն, որ­բա­նոց­նե­րէն ծնո­ղա­զուրկ որբ զա­ւակ­նե­րը կը բե­րէին հոն։ Այն ա­տեն ­Մալ­խա­սեան ­Համ­բար­ձում է­ֆէն­տին այդ որ­բե­րը հա­ւա­քած եւ ա­նոնց կրթու­թեամբ զբա­ղած էր։ ­Թուր­քե­րը այդ տես­նե­լով ու­սու­ցիչ մար­դը մեռ­ցու­ցին եւ դպրոցն ալ փա­կե­ցին։ ­Բայց այդ վար­ժա­րա­նի որ­բե­րը ետ­քը մեր տան քո­վի ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին բե­րին, ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղե­ցին դպրո­ցի վե­րա­ծած էին։ ­Գե­տին­նե­րը բար­ձե­րու վրայ նստած՝ բո­լորս միա­սին դաս կը սոր­վէինք։ ­Բո­ղո­քա­կան­նե­րուն դպրոցն ալ յա­ճա­խած եմ։ ­Պա­տո­ւե­լին Ա.Բ.Գ. կը գրէր պզտիկ գրա­տախ­տա­կին վրայ, բայց թուր­քե­րէն կը խօ­սէր, «­Հայր ­Մեր»ը կը սոր­վեց­նէին, սա­կայն թրքե­րէ­նով կ­՚ա­ղօ­թէինք։ Էյ. ­Պի. ­Սի.ն­ ալ սոր­վե­ցանք, եւ պզտիկ քե­րա­կան մը տո­ւին ձեռ­քեր­նիս։
­Մօ­րաք­րոջս տղուն հետ ես սկսայ ժո­ղո­վա­րա­նին դպրո­ցը եր­թալ, ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղե­ցիին մէջ թուր­քե­րը կօ­շիկ սկսան կա­րել տալ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար, այ­սինքն՝ գրա­ւե­ցին ե­կե­ղե­ցին, դա­սա­րան­նե­րուն ա­պա­կի­նե­րը գե­տին­նե­րը ամ­բողջ կոտր­տե­ցին, իսկ ե­կե­ղե­ցիին մա­ռան­նե­րը, ուր ա­ծուխ ու փայտ կը պա­հէին, ամ­բողջ կա­շիի կտոր­նե­րով լե­ցու­ցին։
­Ծա­նօթ հա­յե­րը մե­զի սկսան հա­յե­րէ­նի դաս տալ, բայց մէ­կը հա­յե­րէն չէր խօ­սեր, ար­դէն մեր ծնող­նե­րը թրքա­խօս էին։ Ա­գա­պի մեծ մայ­րի­կիս քրո­ջը աղ­ջի­կը՝ օր. Ես­թէր Ա­տու­րեան մեր ու­սուց­չու­հին էր։ ­Դա­սա­րա­նին մէջ ան­դա­դար աղ­ջիկ­նե­րուն ձեռ­քե­րուն եւ ա­փե­րուն կը նա­յէր, վեր­ջը գիտ­ցանք, որ այդ աղ­ջիկ­նե­րը բո­րոտ ե­ղեր են, ա­նոնց մատ­նե­րուն մի­ջեւ թա­րա­խո­տած էր։ Օր մըն ալ օր. Ես­թէ­րը ին­ծի ը­սաւ,- «գնա՛ տուն, մայ­րիկդ թող քեզ տաք պա­հէ, որ ջրծա­ղի­կը դուրս ել­լէ»։ ­Միւս օ­րը ամ­բողջ մար­մինս դուրս տո­ւաւ, ես ալ բո­րո­տու­թեամբ վա­րա­կո­ւած էի։ Ծ­նողքս զիս տա­րին բժիշ­կին՝ Ա­րա­մեան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կալ­նե­րուն, որ զիս խնա­մեն։
Բ­ժիշ­կը լի­բա­նան­ցի ա­րաբ քրիս­տո­նեայ մարդ մըն էր։ ­Գա­ցինք տե­սանք, որ այն­տեղ մեծ տաշ­տին մէջ պատ­րաս­տած են վէր­քե­րը այ­րող դեղ մը, այն­քան կ­՚այ­րէր երբ դե­ղը դնէին։ ­Մին­չեւ բու­ժո­ւիլս՝ պէտք չէր եր­թա­յի դպրոց։ Ե­րեք ա­միս տու­նը մնա­ցի, յե­տոյ ա­մառ ե­կաւ, նո­րէն դպրոց չգա­ցի։ ­Հի­ւան­դու­թիւ­նը ինձ­մէ ան­ցաւ եղ­բայր­նե­րուս ու քրոջս։ Ե­րեք տա­րի այս բո­րո­տու­թիւ­նը վրա­յէս չգնաց։ Եր­կու տա­րի հա­զիւ գա­ցինք դպրոց, յե­տոյ նո­րէն դպրո­ցը փա­կո­ւե­ցաւ։
Ա­րա­մեան դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը Ֆ­րան­սան ­Մար­սէյլ տա­րաւ։ ­Մար­սէյ­լի հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ հա­յե­րու որբ զա­ւակ­նե­րով կազ­մո­ւած է, ա­նոնք գա­ցին, իսկ դպրո­ցը հա­յե­րէ բո­լո­րո­վին պար­պո­ւե­ցաւ։ Ե­թէ հա­յե­րը մնա­յին նոյ­նիսկ հայ պի­տի չըլ­լա­յին։ ­Տէր հայր մը ե­կաւ ­Պար­տի­զա­կէն՝ ­Սե­րով­բէ ­Պուր­նա­յեան, վե­հա­շուք մարդ մըն էր, այն ա­տեն ­Քե­մա­լին օ­րէնք­նե­րը ե­լան, շա­տե­րը փա­խան ­Թուր­քիա­յէն, ո­րով­հե­տեւ աք­սո­րէն ետ­քը գրո­ւե­ցաւ, որ հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն վե­րա­դար­ձը ըն­դու­նե­լի չէ, շա­տե­րը ար­դէն թրքա­ցած էին, ե­թէ գոր­ծի մը պի­տի ձեռ­նար­կէիր, ան­պայ­ման թուրք գոր­ծա­կից պի­տի ու­նե­նա­յիր, ա­նոր ալ բա­րե­կամ կամ թշնա­մի ըլ­լա­լը չէիր գի­տեր ար­դէն։ ­Տէր ­Հայ­րը՝ ­Սե­րով­բէ Ալ­թու­նեան մե­զի կու գար։ ­Մե­զի «սի­նեալ» դրին։ Ե­թէ թրքե­րէն խօ­սիք, վա­ղը իբր պա­տիժ դրամ պի­տի բե­րէք,- ը­սին։ Ե­թէ այդ «սի­նեալ»ը ի­րի­կու­նը մէ­կուն քով մնար, ա­նի­կա յա­ջորդ օ­րը դրա­մը պի­տի բե­րէր։ Կ­՚աշ­խա­տէինք, որ «սի­նեալ»ը մեր քո­վը չմնայ։ Այդ ձե­ւով մենք հա­յե­րէ­նը լաւ խօ­սիլ սոր­վե­ցանք, ­Տէր ­Հայ­րը կ­՚ու­զէր, որ հա­յե­րէն խօ­սէինք ի­րա­րու հետ եւ մե­զի հա­մար յար­մար խա­ղեր ստեղ­ծեց։ ­Յե­տոյ ան գիրք մը հրա­տա­րա­կեց՝ «­Կե­սա­րիոյ վի­ճա­կը»՝ տա­րե­գիր­քի պէս բան մը։ ­Մեծ ջանք կ­՚ը­նէի, որ հա­յե­րէն խօ­սիմ։ ­Հայրս ու­սու­ցիչ բե­րաւ մեր տու­նը, որ մե­զի լաւ հա­յե­րէն սոր­վեց­նէր, այդ ալ մեր բախ­տէն, մար­դը զի­նո­ւոր տա­րին, մէյ մըն ալ չվե­րա­դար­ձաւ, ան­պայ­ման մեռ­ցու­ցին։
­Հայրս լուր ղրկեց ­Պո­լիս, որ ­Հայ­կա­զը մե­զի հա­մար տուն մը գտնէ։ ­Լու­րը ե­կաւ մեր ազ­գա­կան­նե­րէն ­Թանտրճան ­Հայ­կա­զենց­մէ, որ հրա­մե­ցէք ե­կէք, տու­նը պատ­րաստ է։ Երբ հա­սանք՝ մե­զի ը­սին, որ մեր տու­նը ձեր տունն ալ է։ ­Պո­լիս, ­Գում ­Գա­բու­յի մէջ ­Հայ­կա­զենք տուն մը ու­նէին, ­Պատ­րիար­քա­րա­նին քո­վը, շատ մօտ, հոն ե­կանք ու մնա­ցինք գրե­թէ ե­րեք ա­միս։ Ի­րենք ե­րեք հո­գի էին, Գ­րի­գոր ա­նու­նով մանչ զա­ւակ մը ու­նէին, իսկ մենք բազ­ման­դամ, ու­թը հո­գի էինք։ ­Կա­րե­լի չէր հոն եր­կար մնալ։
­Պոլ­սոյ մէջ ­հայրս աս­դին-ան­դին շրջե­ցաւ, որ տուն մը գտնէ։
Ա­մա­րա­նոց մը գտաւ վեր­ջի վեր­ջոյ, որ ձմեռ ըլ­լա­լուն չէր վար­ձո­ւած, գե­ղե­ցիկ տուն մը՝ պար­տէ­զով, պտղա­տու ծա­ռե­րով, ու մենք հա­ւա­քո­ւե­ցանք ու այդ­տեղ գա­ցինք, մե­զի հա­մար ալ մեծ փո­փո­խու­թիւն ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ շրջա­պա­տը գե­ղե­ցիկ էր եւ թէ շատ յար­մա­րու­թիւն­ներ ու­նէր։
­Թանտր­ճեան­նե­րը ը­սին, որ այս­տեղ քա­ղաք է, գո­նէ այս մեծ աղ­ջի­կը հոս ձգե­ցէք, քիչ մըն ալ կը զբա­ղինք իր հետ։ Ի­րենք աղ­ջիկ զա­ւակ չու­նէին, ի­րենց աղ­ջի­կը ար­կա­ծի մը հե­տե­ւան­քով կորսն­ցու­ցած էին։ Իսկ ա­տե­նին մայրս այդ նոյն աղջ­կան կաթ տո­ւած էր, երբ նո­րա­ծին էր, նկա­տի առ­նե­լով որ քոյրս՝ ­Յաս­միկն ալ նոր ծնած էր։ Իբ­րեւ ե­րախ­տա­պար­տու­թիւն՝ ի­րենք ալ մե­զի շատ օգ­նե­ցին մեր դժո­ւար տա­րի­նե­րուն։ Ես հոն մնա­ցի քիչ մը եւս։ Այն­տեղ հա­ճե­լի էր, ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րը եւ ծա­նօթ­նե­րը միշտ կ­՚այ­ցե­լէին, հայրս ալ ա­նոնց ծա­նօթ էր քա­ղա­քէն, շա­բա­թը մէյ մը կու­գար զիս կը տես­նար, ես ալ եր­բեմն ա­մա­րա­նոց հօրս հետ թրամ­վէ­յով կ­՚եր­թա­յի։ Ա­մառ ե­կաւ, սկսան ա­մա­րա­նոց­նե­րուն սե­նեակ­նե­րը վար­ձել զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն, ու­րեմն՝ տան­տէ­րը հասկ­ցուց հօրս, որ կա­րե­լի չէ այդ­քան շատ սե­նեակ­ներ գրա­ւել, ու­րեմն պէտք էինք մէկ սե­նեա­կի մէջ բո­լորս ամ­փո­փո­ւիլ։ ­Սա­կայն առ­ջե­ւը վե­րան­տա (պատշ­գամ) ու­նէինք, նաեւ՝ խո­հա­նոց, բաղ­նիք, շատ նե­ղը չէինք, դի­մա­ցանք մին­չեւ մեր մեկ­նու­մը։
­Կը սպա­սէինք Ե­գիպ­տո­սէն լու­րի, որ ար­դեօ՞ք մեզ պի­տի ըն­դու­նէին։ Ու­րեմն՝ ըն­դու­նո­ւած էին միայն ­Պոհ­ճէ­լեան­նե­րը, մանչ զա­ւակ ու­նե­նա­լուն պատ­ճա­ռաւ, իսկ մե­զի հետ ե­ղող­նե­րէն՝ մօ­րա­քոյրս, մեծ մայրս տար­բեր մա­կա­նուն­ներ ու­նե­նա­լուն պատ­ճա­ռաւ չէին ըն­դու­նո­ւած, ստի­պո­ւե­ցանք զի­րենք պոլ­սոյ մեր ազ­գա­կան­նե­րուն ու ծա­նօթ­նե­րուն քով տե­ղա­ւո­րել։
­Պո­լիս, ­Նա­զե­լի մօ­րա­քոյ­րին եղ­բայ­րը կար՝ ­Տիգ­րան ա­նու­նով, ու­զեց որ քոյ­րը իր մօտ եր­թայ, ու­րեմն մօ­րա­քոյ­րը հոն ղրկե­ցինք։ ­Տա­կա­ւին մեծ մայ­րիկ մը ու­նէինք մե­զի հետ, մօրս մայ­րը՝ Ա­պա­լեան մա­կա­նու­նով, ան ալ ստի­պուե­ցանք հոն ազ­գա­կա­նի մը խնամ­քին յանձ­նել։ ­Մեծ մայ­րիկս շատ նե­ղո­ւե­ցաւ, եւ ը­սաւ՝ «Ե­րա­նի թէ ես ­Կե­սա­րիա մնա­ցած ըլ­լա­յի»։ ­Հայրս եր­կու սու­րի մէջ­տեղ մնաց, վեր­ջը ո­րո­շե­ցին, որ ­Սա­մա­թիա ­Գար­թա­լեան ա­նու­նով ըն­տա­նիք մը կար (­Բար­սե­ղին հօ­րեղ­բայ­րը), որ մե­զի շատ ծա­նօթ էին, ու­զե­ցին, որ մեծ մայ­րի­կը ի­րենց մօտ եր­թայ, «­Վեր­ժի­նը ին­ծի կը հո­գայ, ե­թէ բա­նի մը կա­րիք ու­նե­նամ»,- ը­սաւ մեծ մայ­րիկս, իսկ ծախ­սե­րը հայ­րիկս պի­տի հո­գար։ Ու­րեմն ա­նոնց մօտ սե­նեակ մը վար­ձե­ցինք, տու­նը քիչ մը կա­հա­ւո­րե­ցինք, մեծ մայ­րի­կը հոն տե­ղա­ւո­րե­ցինք։ Մկր­տիչն ալ՝ ­Նա­զէն մօ­րաք­րոջ տղան ­Լի­բա­նան ղրկե­ցինք։ Այդ մեծ մայ­րի­կը ե­ղած էր պատ­ճա­ռը, որ մենք փրկո­ւինք՝ «խել­քեր­նիս գոր­ծա­ծենք, մեր ա­նուն­նե­րը փո­խե­լով թուր­քե­րը չեն կրնար մեր ինք­նու­թիւնն ու ա­րիւ­նը փո­խել» խրա­տած էր ծնող­քիս։ Ի­րեն կը պար­տինք մեր ըն­տա­նի­քին գո­յա­տե­ւու­մը։
Օ­րը հա­սաւ մեր ճամ­բոր­դու­թեան, ­Պո­լի­սէն նա­ւը ա­ռինք ե­կանք ­Յու­նաս­տան ­Փի­րէա։ ­Մէկ օր նա­ւը հոն գի­շե­րեց, հոն քնա­ցանք, հե­տե­ւեալ օ­րը ճամ­բայ ե­լաւ, եւ չորս օ­րէն հա­սանք Ա­ղեք­սանդ­րիա՝ Օ­գոս­տոս 1928ին։ ­Չորս սե­նեակ­նոց տուն մը վար­ձած էին մե­զի հա­մար եղ­բայրս ու հօ­րեղ­բայրս, եւ տան մէջ ար­դէն մօ­րեղ­բօրս մէկ սե­նեակ տո­ւեր էին։ ­Չա­փա­զանց յոգ­նած հա­սանք Ա­ղեք­սանդ­րիա։ ­Տու­նը շատ հանգս­տա­ւէտ էր։ ­Նոր եր­կիր մըն էր եւ սա­կայն մեծ հարց մը ու­նէինք. այս երկ­րին լե­զուն՝ ա­րա­բե­րէն չէինք գի­տեր։ Ա­ռա­ջին պա­հէն հայրս սկսաւ գոր­ծի մա­սին մտա­ծել, թարգ­ման մը գտաւ եւ խա­նութ մը բա­ցաւ նպա­րե­ղէ­նի, եւ թարգ­մա­նին հետ աշ­խա­տե­ցաւ, մին­չեւ որ ա­րա­բե­րէ­նը քիչ թէ շատ սոր­վե­ցաւ. ես ալ ու­զե­ցի աշ­խա­տիլ, եւ սկսայ դրա­ցի­նե­րուն կա­րե­րը կա­րել։ 19 տա­րե­կան էի։
­Մեր Ե­գիպ­տոս հաս­տա­տո­ւե­լէն ետք միայն մենք հա­յա­խօս դար­ձանք։ ­Հօ­րաք­րոջս ա­մու­սի­նը՝ մտա­ւո­րա­կան ընկ.­Գաբ­րիէլ ­Թագ­ւո­րեա­նը եւ ու­րիշ հա­յա­խօս ազ­գա­կան­ներ օգ­նե­ցին, որ մենք հա­յե­րէն ա­ւե­լի լաւ խօ­սինք, կար­դանք ու գրենք։
Ա­ղեք­սանդ­րիոյ մէջ 1942ին ա­մուս­նա­ցայ ­Յով­հան­նէս Ե­մէ­նի­ճեա­նին հետ, ու­նե­ցանք եր­կու զա­ւակ­ներ՝ ­Յով­սէփ եւ ­Նու­պար։ 1972ին, քա­ռա­սուն­չորս տա­րի Ե­գիպ­տոս ապ­րե­լէ ետք, ա­մու­սի­նիս հետ փո­խադ­րո­ւե­ցանք ­Մոնթ­րէալ, մեր նա­խա­պէս այս­տեղ հաս­տա­տո­ւած զա­ւակ­նե­րուն վե­րա­միա­նա­լու հա­մար։

(Ար­ձա­նագ­րած եւ գրի ա­ռած եմ ըստ Ք­նար մօ­րաք­րոջս ին­ծի պատ­մած­նե­րուն)։