Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հովանաւորութիւնը վայելող նկարներու ցուցադրութիւն մը տեղի կ’ունենայ Թեսաղոնիկէի մէջ, Ապրիլ 27էն մինչեւ Մայիս 27՝ «Պոնտոս. Յիշողութեան իրաւունքն ու պարտականութիւնը» գլխաւոր խորագրով։ Ցուցահանդէսի նիւթերու կազմակերպումը ստանձնած է Յոյներու ցեղասպանութեան նիւթը լայնօրէն հետազօտած եւ աւելի քան 40 պատմական գիրքեր հրատարակած փրոֆ. Գոնսթանտինոս Ֆոթիատիս եւ նկարները նուիրուած են Պոնտոսի Յոյներու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերուն։
Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի եւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի համակազմակերպութեամբ պատրաստուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բաժնի բացումը տեղի ունեցաւ 17 Մայիս 2018ին։ Ներկայ եղան Յունաստանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Աբրահամեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ ընկ. Պետրոս Հալաճեան եւ բազմաթիւ ժողովուրդ։
Յաջորդաբար, 22 Մայիս 2018ին, ցուցադրութեան յատկապէս պատրաստուած վայրին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ՝ «Հայաստան-Պոնտոս-Կիպրոս» նիւթով, ուր զեկուցումներով հանդէս եկան Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի դասախօս Փեթրոս Փափափոլիվիու, Կիպրոսի համալսարանի փրոֆէսէօր եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսի թեկնածու Սոնա Մելգոնեան եւ պատմաբան Քիրիաքի Ֆոթիատու։ Փրոֆ. Մելգոնեանի նիւթը յատկապէս կեդրոնացաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ Հրէական Ողջակիզում. Նոյնութիւններ եւ շեղումներ» թեմային շուրջ, գրաւելով ներկաներու հետաքրքրութիւնը եւ լաւագոյն տպաւորութիւնները ձգելով հանդիսատեսներուն։ Զեկուցումներու աւարտին հարցումներու պատասխաններ տրուեցան ներկաներուն։
Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան
համալսարանի համագործակցութեան հարցերու քննարկում
Հինգշաբթի՝ 25 Մայիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամբիոնի թեկնածու Սոնա Մելքոնեանի եւ Թեսաղոնիկեի Արիստոտելեան համալսարանի Պոնտական պատմութեան ամպիոնի վարիչ Քիրիաքոս Խաճիքիրիաքիտիսի հետ։ Հանդիպման ներկայ եին Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Պետրոս Հալաճեան եւ տեղական կոմիտէի անդամ ընկ. Յովիկ Գասապեան։ Հանդիպման ընթացքին քննուեցան հնարաւորութիւնները՝ ստեղծելու աւելի լայն եւ աւելի անմիջական յարաբերութիւններ յոյն եւ հայ գիտնականներու միջեւ։ Նշուեցաւ որ անհրաժեշտ կը նկատուի արխիւագիտական եւ աղբիւրագիտական փոխ յարաբերութեան եւ համագործակցութեան հարթակի ստեղծումը։ Ուսանողներու եւ դասախօսներու միջեւ փոխ-այցելութիւններու աւելի ընդարձակ մօտեցում մը շատ արդիւնաւէտ կրնար ըլլալ երկուստեք գիտական զարգացման համար, յատկապէս պատմամշակութային ոլորտին մէջ։ Նշուեցաւ նաեւ յունագիտութեան ամպիոնի ստեղծման պարագան Ե.Պ.Հ.ի մէջ։
Տիկին Սոնա Մելքոնեան նախապէս ներկայ գտնուած ու մասնակցած էր Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցած «Պոնտոս յիշատակի իրաւունք եւ պարտականութիւն» ձեռնարկներու շարքին, յատուկ ելոյթով մը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հրէական Հոլոքոստը, առնչութիւններ եւ տարբերութիւններ» վերնագրով դասախօսութեամբ մը։ Յոյն դասախօս պատմաբաններ Քիրիաքոս Խաճիքիրիաքիտիս եւ Թեոտոսիս Քիրիաքիտիս գնահատեցին թեսաղոնիկահայ համայնքի դերակատարութիւնը որպէս կապի միջոց մը Յունաստանի եւ Հայաստանի կրթական եւ այլ համագործակցութիւններու ամրապնդման նպատակին։