Ապ­րիլ 24ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Պոլ­սոյ ­Սուլ­թան Ահ­մէտ հրա­պա­րա­կին վրայ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցած է: Ըստ թրքա­կան «­Տո­ղան» լրա­տո­ւա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան՝ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած էր ­Թուր­քիոյ «­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու միու­թիւն»ը:
Ըստ «Էր­մե­նի­հա­պեր»ի՝ ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցած են Եւ­րո­պա­յէն եւ աշ­խար­հի տար­բեր վայ­րե­րէ ե­կած հա­յեր: ­Մաս­նա­կից­նե­րը պար­զած են պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ գրո­ւած էր՝ «­Ճանչ­ցի՛ր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ՛, հա­տու­ցէ՛»:
Այդ ըն­թաց­քին խումբ մը թուրք ու­սա­նող­ներ վան­կար­կած են՝ «­Մենք ­Մուս­տա­ֆա ­Քե­մա­լի եւ Էն­վեր փա­շա­յի զի­նո­ւոր­ներն ենք»: ­Վեր­ջին­նե­րուս ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­րագ կեր­պով հե­ռա­ցու­ցած է տա­րած­քէն:
­Ձեռ­նար­կին մաս­նա­կից Եւ­րո­պա­յի հա­կա­ցե­ղա­յին շարժ­ման (EGAM) նա­խա­գահ ­Պեն­ճա­մին Ապ­թան լրագ­րող­նե­րուն ը­սած է.- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քա­րը միայն հոս չի մղո­ւիր, այդ պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ: ­Մենք՝ որ­պէս Եւ­րո­պա­յէն եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն ե­կած հա­յեր եւ այ­լազ­գի­ներ, այդ պայ­քա­րին հա­մար հոս ենք»:
­Նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան ­Պոլ­սոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մե­րալ ­Չըլ­քըն քննա­դա­տած է այն, որ ­Թուր­քիոյ մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­ներ ­Թա­լէաթ եւ Էն­վեր փա­շա­նե­րու ա­նուն­նե­րով հրա­պա­րակ­ներ, դպրոց­ներ, փո­ղոց­ներ եւ պո­ղո­տա­ներ կո­չո­ւած են:
Իսկ ինչ­պէս «­Սի.Էն.Էն.»ի (CNN) թրքա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը յայտ­նէ՝ ­Պոլ­սոյ Էլ­մա­տաղ շրջա­նին մէջ կա­յա­ցած յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը պար­զած են 235 մտա­ւո­րա­կան­նե­րու լու­սան­կար­նե­րով ու ա­նուն­նե­րով պաս­տառ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ 2007ին սպան­նո­ւած Հ­րանդ ­Տին­քի նկա­րով պաս­տառ մը: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն ջան­քե­րով՝ Էլ­մա­տա­ղի մէջ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն ի պա­տիւ եր­կու յու­շա­քար բա­ցո­ւած է: