Peace of Art կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր ամենամեայ գործը` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ, Ա.Մ.Ն.ի Մասաչուսէթս նահանգի 7 բանուկ մայրուղիի վրայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն բարձրացնելով ելեկտրոնային վահանակներ, իսկ Ապրիլ 1էն Պոսթընի հարաւ-արեւելեան ճեպընթաց մայրուղիի վրայ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
«2017ի Ապրիլը կը համարուի աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու եւ Հոլոքոսթի յիշատակման ամիս, եւ այդ առիթով մեր վահանակներով կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` յարգելով յիշատակը նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ նահատակներուն:
«2016ին Հռոմի Պապը այցելելով Հայաստան` եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ, անձնապէս յարգելով 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Վահանակը կ՛արտացոլէ պատմական այն պահը, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ միասին Պապ Ֆրանչիսկոս կաթոլիկ աշխարհի անունով խաղաղութեան պատգամ կը յղէ Թուրքիոյ դէպի Մասիսը թռցուցած աղաւնիներով` յորդորելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- ըստ «Փանարմինըն»ի՝ ըսած է Peace of Art կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:
Peace of Art կազմակերպութիւնը 2015ին տեղադրած էր հարիւր վահանակ` նուիրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան վահանակներ Գերմանիոյ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին՝ անոր 2015ի Ապրիլ 12ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Սուրբ Պատարագի մատուցման եւ զայն 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը անուանելուն համար: 2003ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան հիմնած է Peace of Art անշահոյթ կրթական մարդասիրական կազմակերպութիւնը:
Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչով վահանակներ
Մասաչուսէթսի 7 մայրուղիի վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչով վահանակներ պիտի տեղադրուին