Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ՝ Հայաստան տեղափոխուած է եւ թանգարանին նուիրաբերուած Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի մը ընտանեկան արխիւը:- Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:
Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին մեծ պատմութիւնը՝ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնուած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակն է՝ սերունդներուն փոխանցել ամենակարեւորը՝ յիշողութիւնը:
Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ)՝ Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը — իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատելը — հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:
Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու՝ մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու՝ թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ՝ գաղթականներու դրութեան մասին:
Նիւթերը մանրամասն պիտի ուսումնասիրուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին հանրութեան:
Ցեղասպանութեան թանգարանին եզակի արխիւ նուիրաբերուած է
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկին եզակի արխիւ նուիրաբերուած է