Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Հինգշաբթի՝ 24 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան դնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը։
Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր յայտեց, թէ թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի 28 Հոկտեմբերի շաբթուան ընթացքին։
Օրեր առաջ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւներու յանձնախումբի ատենապետ Էլիըթ Էնկըլ յայտնեց, որ ժամանակն է քուէարկութեան դնելու այս բանաձեւը՝ աւելցնելով. «Վստահաբար Թուրքիա գոհ չէ այս քննարկումներէն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ ներկայիս մենք ալ գոհ չենք Թուրքիոյ արարքներէն»։
Թիւ 296 բանաձեւին գլխաւոր հեղինակներ՝ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս եւս նամակով մը դիմեցին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ անյապաղ վաւերացնեն բանաձեւը՝ շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամաբ Քոնկրեսին շարունակուող լռութիւնը առիթ պիտի տայ նման ոճիրներու կրկնութեան։
Ցարդ Ներկայացուցիչներու տան առաւել քան 110 անդամներ եւ 18 ծերակուտականներ կը հովանաւորեն այս բանաձեւերը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան այն որոշումը, որուն շնորհիւ 30 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը քուէարկութեան պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։
Յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի քոնկրեսականներուն հետ, ապահովելու համար թիւ 296, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւերը։
Յայտնենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբը հեռաձայնանին նոր արշաւի մը սկսած է՝ «ANCA.org/call» հասցէով՝ մղելու համար քոնկրեսականները քուէարկելու ի նպաստ բանաձեւին։
«Մինչ նախագահը տեղի կու տայ Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, Քոնկրեսին պարտականութիւնն է պաշտպանել Ամերիկայի շահերը՝ ցոյց տալով, թէ կարելի չէ արտօնել բռնատէրերու, որ առեւանգեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հաստատելով, որ ամերիկան արժէքները ծախու չեն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Միւս կողմէ, վերջին քանի մը օրերուն, 11 քոնկրեսականներ միացան բանաձեւը հովանաւորողներու փաղանգին։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի քոնկրեսականներուն հետ, ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւներ:
Թուրքիա բուռն կերպով կը հազազդէ.
«Մեռցուցէ՛ք բանաձեւը»
Յունական «HellasJournal» կայքէջը, Ուաշինկթընէն կը հաղորդէ, թէ բանաձեւի քուէարկումին հակազդելով, Անգարան հրամայած է թրքական դեսպանատան՝ քարոզարշաւ սկսելու համար։ Հրամանը յստակ է՝ «Մեռցուցէ՛ք հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը»։
Ամերիկայի թրքական կազմակերպութիւնները նամակներ կ՚ուղարկեն իրենց համայնքի անդամներուն, անոնցմէ պահանջելով անմիջապէս շարժման անցնիլ՝ բանաձեւը անուանելով որպէս «Ատելութեան օրէնք»։
Յունական կայքէջը կը ներկայացնէ թրքական դեսպանատան գրաւոր հրամանը, որուն մէջ նշուած են հետեւեալները.- «Ճնշում բանեցուցէք, որպէսզի Գոնկրէսը դէմ կանգնի Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին։ Նամակ գրեցէք ձեր ներկայացուցիչին։ 8 Ապրիլ 2019ին Ատամ Շիֆ օգնեց Ամերիկայի հայկական ազգայնական տարրերուն, ներկայացնելով բանաձեւ մը, որ օրէնքի ուժին մէջ կ՚առնէ Թուրքիոյ եւ թուրք-ամերիկացի քաղաքացիներուն դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, դէպքերու մասին, որոնք պատահեցան Ա. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, 100 տարի առաջ։ Թիւ 296 բանաձեւը առաջին քայլն է, որուն միջոցաւ հայերը կը փորձեն յաջողցնել հնամեայ պահանջներ եւ հողերու տիրացում՝ ոչ միայն Թուրքիայէն, այլեւ թուրք քաղաքացիներէն եւս։ Հայկական լոպին կը փորձէ պարտադրել պատմութեան «ուղղափառ» տեսակէտ մը։ Մինչ կիրքերը հասած են իրենց գագաթնակէտին, Շիֆը եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նանսի Փելոսին կը փորձեն իրենց ձեռքին տակ առնել կացութիւնը՝ բանաձեւը բերելով քուէարկութեան։ Ձեզի տրուած նամակները անմիջապէս ղրկեցէք բոլոր այն ներկայացուցիչներուն, որոնք ստորագրած են բանաձեւը։
Պէտք չէ ուշանալ։ Դէմ կանգնեցէք ատելութեան օրէնքին»։
Գոնկրէսի Օրէնսդրական յանձնախումբի նախագահ Ճիմ Մըք Կավըրն (Մասաչուսեթս նահանգէն) յայտնեց.- «Շատ հպարտ եմ, որ մեր յանձնախումբը բանաձեւը պիտի քննէ յաջորդ շաբթուան ընթացքին։ Պոսթընի մէջ գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հին համայնքը։
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ժխտումը մինչեւ այսօր բիծ մըն է մարդկային իրաւունքներուն համար։ Այս ուրացումը սխալ ուղղութիւն կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն մարդկային իրաւունքները բռնաբարել ամբողջ աշխարհին վրայ»։