Թուրքիոյ ընդդիմադիր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, իր կուսակիցներուն հետ, Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ կը մասնակցի Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ անցեալ շաբաթ ընդունուած ներքին կանոնակարգի ծրարին դէմ իրականացուող նստացոյցին: Ըստ Փայլանի՝ ոստիկանները կը գործեն ըստ իրենց տրամադրութեան: Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունեց խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու ծրար մը, որով այսուհետեւ պիտի արգիլուի խորհրդարանի ամպիոնէն գործածել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Օրէնքներու ծրարին կողմ քուէարկած են իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը եւ անոր հետ համագործակցող Ազգային Շարժում կուսակցութիւնը: Ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական-Ժողովրդական Կուսակցութիւնը եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը դէմ քուէարկած են փոփոխութիւններուն: Ընդունուած օրէնքներու ծրարը կ՛ենթադրէ պատիժ սահմանել այն պատգամաւորներուն համար, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Իբրեւ «վիրաւորանք» պիտի ընկալուի «1915 թուականի դէպքերու մասին» խօսելու ատեն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի կիրարկումը: Արգելքը պիտի վերաբերի նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եզրերը արտասանելուն: Լրատուամիջոցներու հետ զրոյցներու ընթացքին, Կարօ Փայլան կը պատմէ, որ բացօթեայ նստացոյցին ինքզինք շատ աւելի լաւ կը զգայ, քան խորհրդարանին մէջ: «Բաց երկինքի տակ քնանալը հրաշալի բան է»,- կ՛ըսէ հայ պատգամաւորը: Ան նաեւ կը յայտնէ, որ ոստիկանները պարբերաբար կը խոչընդոտեն իրենց այցելել ուզող քաղաքացիներու մուտքը նստացոյցի համար յատկացուած տարածք:
«Երբեմն մեր ծածկոցներն ու ուտելիքը մեզի հասցնելու համար մեր ընկերները հարցեր կ՛ունենան: Որեւէ ձեւաչափ չկայ, ոստիկանները կը գործեն իրենց տրամադրութեան համաձայն»,- կը պատմէ Փայլան:
Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան ամիսներ առաջ խորհրդարանին մէջ, սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ատեն, «ցեղասպանութիւն» եզրի արտասանման պատճառաւ զրկուած էր 3 նիստերու մասնակցելու իրաւունքէն:
Ցեղասպանութեան օրէնքին դէմ նստացոյց
Տիարպեքիրի մէջ Ցեղասպանութեան օրէնքին դէմ նստացոյցին կը միանայ Փայլան