Ե­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Յու­նիս 2021-ին, կ­.ա. ժա­մը 11:00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն՝ ա­տե­նա­պետ Տ. Հ­րայր Ա­ւագ քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի, ա­տե­նադ­պիր Տ. ­Պա­րետ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Տ. ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի ցա­ւակ­ցա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ ­Գե­րա­պայ­ծառ Տ. ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեա­նի կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զանն ու ըն­կե­րա­ցող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լէ ետք, Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­հանգս­տեան ա­ղօթք կա­տա­րո­ւե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ ե­րա­նաշ­նորհ Տ. Գ­րի­գոր ­Պետ­րոս Ի. ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ­Պատ­րիար­քի հոգ­ւոյն հա­մար։
Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին ա­նու­նով եւ մաղ­թեց ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Սիւն­հո­դա­կան հայ­րե­րուն Ս. ­Հոգ­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ յա­ջո­ղո­ւի վաս­տա­կա­ւոր ե­րա­նաշ­նորհ ­Հոգ­ւոր ­Տի­րոջ ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը ընտ­րել։ ­Գե­րա­պայ­ծառ ­Տէ­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց սոյն այ­ցե­լու­թեան եւ եղ­բայ­րա­կան ջերմ խօս­քե­րուն եւ զգա­ցում­նե­րուն հա­մար, եւ իր փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յա­տուկ ար­ձա­նա­րու­թիւն կա­տա­րեց այս ա­ռի­թով բա­ցո­ւած ցա­ւակ­ցա­կան յու­շա­մա­տեա­նին մէջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ