Երանաշնորհ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Հայ կաթողիկէ Պատրիարքի վախճանման տխուր պատճառով, Երկուշաբթի՝ 7 Յունիս 2021-ին, Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ. Մանուկեան» կոմիտէի անդամները ցաւակցական այցելութիւն մը կատարեցին Յունաստանի հայ կաթողիկէ Առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեանին՝ կաթողիկէ Առաջնորդարանէն ներս։
Կոմիտէի անդամները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին Գերապայծառին, Պատրիարքի վախճանումին համար, փոխանցելով նաեւ շրջանի կուսակցական միաւորին եւ ընկերներու ցաւակցութիւնները ։
Գերապայծառը անդրադարձաւ վախճանեալ Պատրիարքի կատարած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ զրոյցը ծաւալեցաւ Յունաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեան շուրջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ