Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի իրականութեան մէջ հանրածանօթ եւ գործունեայ անուն հանդիսացած, «Հայ սեւ գօտիներու միութեան» (ΑΒΒΑ) հիմնադիր եւ նախագահ, հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի պատուաւոր հիւպատոս Մասթըր Կարօ Քեպապճեան ոչ եւս է։
Հանգուցեալի առողջական վիճակը վերջին օրերուն կտրուկ կերպով վատթարացած էր թագավարակին հետեւանքով։
Տասնեակ տարիներ նուիրումին եւ ազգային առաքելութեան հաւատացող ընկ. Կարօ Քեպապճեան եղած էր դաստիարակը հազարաւոր երիտասարդներու։ Մանաւանդ, Հ.Յ.Դ Երիտասարդական միութիւններու իրերայաջորդ սերունդներուն համար «առողջ մարմին, ազնիւ հոգի, արթուն միտք» նշանաբանին հաւատարիմ մնացած Մասթըր Կարոն պիտի յիշատակուի սերունդներուն կողմէ։ Ան կարեւոր աւանդ թողած էր Շուշի բերդաքաղաքի պայծառութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Կարօ Քեպապճեան զօրաւոր կապեր ստեղծեց նաեւ յունահայ գաղութին հետ, իր գործունէութեան հետքերը ձգելով Յունաստանի մէջ եւս։ Դաստիարակը դառնալով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան անդամներուն, մանաւանդ Հայ դատի նորանոր շրթայազերծումի ժամանակներուն, ներշնչում տուաւ եւ հայրենասիրական ոգին ամրապնդեց կազմակերպ երիտասարդ զանգուածներուն մօտ։ Անոնք Կարոյի խանդավառ եւ ոգեշունչ ապրումներուն մէջ տեսան մարմնացումը յեղափոխական ոգիի պայծառ երեւման, որ սերունդները համակեց հայրենասիրութեան, Հայաստանն ու Արցախը ամէն բանէ վեր դասելու մաքրամաքուր սկզբունքով։
Հակառակ իր ոգեշնչող եւ զօրաւոր անհատականութեան, մինչեւ իր կեանքին վերջը մնաց անշահախնդիր, հայրենասիրութեան գաղափարը դասելով վեր ամէն տեսակի մանրուքներէ։ Եղաւ պահապանը այն սկզբունքներուն, որոնց հաւատարմութեամբ ծառայեց ամբողջ կեանքի ընթացքին, իսկ վերջին տասնամեակներուն ազատ Արցախն ու Շուշին դարձան իր ծառայութեան կիզակէտը։
Յարգանքով կը խոնարհինք Կարօ Քեպապճեանի յիշատակին ու թողած աւանդին։