Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ Չո­րեք­շաբ­թի՝ 10 Յու­լիս 2019ին, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Պօ­ղոս Չո­լա­քեան եւ ան­դամ տոքթ. Ար­թին Վար­դա­նեան այ­ցե­լե­ցին Ա­թէն­քի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տուն, Ար­ման Կի­րա­կո­սեա­նի մա­հո­ւան սու­գին առ­թիւ, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ա­նու­նով յայտ­նե­լու համար ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ֆա­դէյ Չար­չօղ­լեա­նին։
Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը դես­պա­նա­տան մէջ բա­ցո­ւած տո­մա­րին մէջ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րեց, ինչ­պէս նաեւ ցա­ւակ­ցա­կան գիր յանձ­նեց՝ որ­պէս­զի փո­խան­ցո­ւի Ար­ման Կի­րա­կո­սեա­նի հա­րա­զատ­նե­րու­ն։