ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք Յակոբեան, 1835-1888)

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք Յակոբեան, 1835-1888). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տեն­չու­թեան եւ մար­տու­նա­կու­թեան հան­ճա­րեղ վի­պա­սա­նը Ն.

0
2591

Ապ­րիլ 25ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 130ա­մեա­կը ան­մահն ­Րաֆ­ֆիի, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ միշտ վառ պի­տի մնայ իբ­րեւ հան­ճա­րեղ վի­պա­սա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տեն­չու­թեան, ծա­ռա­ցու­մի եւ ըմ­բոս­տաց­ման ար­դա­րա­դատ ո­գիին՝ ­Հա­յուն ­Մար­տու­նա­կու­թեան։
­Րաֆ­ֆի ե­ղաւ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի վի­պագ­րա­կան ճա­ռա­գայ­թու­մին ար­ժա­նա­ւոր ա­ռա­քեա­լը, որ իր ա­րո­ւես­տով ու շուն­չով հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան դիւ­ցազ­նա­մար­տին ան­շէջ կայ­ծե­րը դա­րա­ւոր ստրկու­թեան մո­խիր­նե­րէն մաք­րեց եւ իբ­րեւ գա­ղա­փա­րա­կան անզս­պե­լի խա­րոյկ բո­ցա­վա­ռեց՝ դառ­նա­լով ան­զու­գա­կան պատ­գա­մա­բե­րը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու խի­զախ, խրոխտ եւ ան­պար­տե­լի ­Հա­յուն։
19րդ ­դա­րա­վեր­ջի ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ֆե­տա­յա­կան մեծ պոռթ­կու­մը ներշնչ­ման իր վա­րար աղ­բիւ­րը գտաւ ­Րաֆ­ֆիի կեր­տած «­Խենթ» հե­րոս­նե­րուն ու «­Կայ­ծեր» շնչա­ւո­րող գա­ղա­փար­նե­րուն մէջ։
Օ­տա­րի լու­ծին տակ ճնշո­ւած, հարս­տա­հա­րո­ւած եւ զգետ­նո­ւած հա­յու­թեան առ­ջեւ ­Րաֆ­ֆի բա­ցաւ «­Խա­չա­գո­ղի յի­շա­տա­կա­րա­նը», որ­պէս­զի գե­րա­գոյն սրբու­թեան՝ ա­զա­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան բա­գի­նին մար­դու գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րե­լու գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան դա­սե­րը սոր­վեց­նէ հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն։
­Րաֆ­ֆի երկր­պա­գեց մէկ ու միակ այն դա­ւա­նան­քին, ո­րուն ուս­մուք­նով՝ «­Հայ ժո­ղո­վուրդն այն բազ­մագլ­խեան ա­ռաս­պե­լա­կան վի­շապն է, որ կոչ­ւում է հիդ­րա, ո­րի իւ­րա­քան­չիւր ջախ­ջա­խո­ւած եւ կտրուած գլխի տեղ բուս­նում է նո­րը եւ ա­ւե­լի զօ­րա­ւո­րը»։
­Հա­յոց բնաշ­խար­հին, շի­նա­կան հա­յու բա­րո­յա­կան վե­հու­թեան եւ հա­յոց պատ­մու­թեան դիւ­ցազ­նա­կան խո­յանք­նե­րուն ան­խոնջ ունկն­դիրն ու ան­յագ ու­սա­նո­ղը ե­ղաւ ­Րաֆ­ֆի, որ իր ամ­բա­րած գի­տու­թիւնն ու ի­մաս­տու­թիւ­նը, երկ­նա­տուր իր ստեղ­ծա­գործ տա­ղան­դին ու­ժով, ան­սա­կարկ ու անմ­նա­ցորդ բաշ­խեց հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։
Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ հայ մար­դը յատ­կա­պէս իր պա­տա­նե­կու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նին կը կար­դայ ­Րաֆ­ֆին, կը կա­պո­ւի ա­նոր պատ­գա­մին եւ ­Րաֆ­ֆիի շուն­չով կը լեց­նէ ­Հա­յու իր նե­րաշ­խար­հը։
­Հա­յոց Աշ­խար­հի իր խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ՝ ­Րաֆ­ֆի տէր կանգ­նե­ցաւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կի իր մեծ ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Սոր­վե­ցուց, որ՝
«Ստր­կու­թիւ­նը սկսո­ւել է եւ շա­րու­նա­կո­ւել տա­փակ երկր­նե­րի վրայ եւ ա­ւե­լի տաք կլի­մա­յի մէջ: ­Տա­փակ եր­կի­րը տա­լիս է մար­դուն տա­փակ բնա­ւո­րու­թիւն, զար­գաց­նում է նրա մէջ թե­քո­ւե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւն: ­Բայց լեռ­նա­յին երկ­րի բնա­կի­չը նոյն­պէս ուղ­ղա­ձիգ, նոյն­պէս բարձ­րա­դի­տակ է, որ­պէս իր շրջա­պա­տող սե­պա­ձեւ ժայ­ռե­րը»:
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Յա­կոբ ­Մե­լիք-­Յա­կո­բեան՝ ­Րաֆ­ֆի ծնած էր 1835ին, ­Սալ­մաստ գա­ւա­ռի ­Փա­յա­ջուկ գիւ­ղը (ներ­կա­յիս ­Պարս­կաս­տան), հա­րուստ եւ ազ­նո­ւա­կան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ ­Հայ­րը՝ ­Մե­լիք ­Միր­զան 13 զա­ւակ­ներ ու­նէր։ ­Րաֆ­ֆի իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ գիւ­ղի ծխա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ, ուր տի­րող կրօ­նա­կան խստու­թեան եւ խա­ւա­րամ­տու­թեան տէր-թո­դի­կեան մթնո­լոր­տին դէմ մա­նուկ տա­րի­քէն ծա­ռա­ցաւ ­Րաֆ­ֆի՝ իր կեան­քի ի­տէա­լը դարձ­նե­լով հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր լու­սա­ւո­րու­թեան մեծ գոր­ծը։
1847ին ղրկո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս՝ ­Կա­րա­պետ ­Բե­լա­խեան­ցի դպրո­ցին մէջ ու­սում ստա­նա­լու հա­մար։ 1852ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ռու­սա­կան պե­տա­կան գիմ­նա­զիա­յի չոր­րորդ դա­սա­րա­նը։ Այս­տեղ է, որ չորս տա­րո­ւան իր ու­սում­նա­ռու­թեան շրջա­նին, կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան ­Րաֆ­ֆիի գրա­կան նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը՝ ­Շիլ­լե­րի եւ ­Հիւ­կո­յի օ­րի­նա­կով եւ­րո­պա­կան մեծ գրող­նե­րու ա­րո­ւես­տին, ինչ­պէս եւ ռու­սա­կան այդ ժա­մա­նա­կի գրա­կա­նու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեանց վրայ։
1856ին, գիմ­նա­զիա­յի դա­սըն­թա­ցը չա­ւար­տած, ­Րաֆ­ֆի վե­րա­դար­ձաւ ­Փա­յա­ջուկ՝ տնօ­րի­նեու հա­մար իր գեր­դաս­տա­նի կա­ռա­վար­ման գոր­ծը։ ­Սա­կայն ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան բուռն գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ­Րաֆ­ֆին այլ աս­պա­րէ­զի հա­մար էր նա­խա­կո­չո­ւած։ Իր ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն տա­լով «կեան­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան»՝ 1857-58ին ­Րաֆ­ֆի ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ձեռ­նար­կեց ­Պարս­կաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ գրաւ­ման տակ ին­կած հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ՝ գրի առ­նե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի նիստ ու կա­ցին, բնաշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց, պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեանց վե­րա­բե­րեալ իր հա­րուստ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­գա­յին լայն չա­փով ու ման­րա­մաս­նօ­րէն տեղ գտան իր վէ­պե­րուն եւ ակ­նարկ­նե­րուն մէջ։
1860ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ­Մե­լիք-­Յա­կո­բեան­նե­րու ըն­տա­նե­կան տնտե­սու­թիւ­նը լուրջ դժո­ւա­րու­թեանց մատ­նո­ւե­ցաւ եւ ­Րաֆ­ֆի ո­րո­շեց, 1872էն սկսեալ, մշտա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել ­Թիֆ­լի­սի մէջ եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւիլ գրա­կան աշ­խա­տան­քի։ Այդ օ­րե­րուն Գ­րի­գոր Արծ­րու­նի նոր սկսած էր հրա­տա­րա­կել «Մ­շակ» օ­րա­թեր­թը, ո­րուն մշտա­կան աշ­խա­տա­կի­ցը ըլ­լա­լու հրա­ւէր ստա­ցաւ ­Րաֆ­ֆի՝ նոյ­նինքն Արծ­րու­նիի կող­մէ։ Այդ­պէս սկսաւ եւ ա­ւե­լի քան 15 տա­րի շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քի եր­կու այս մեծ ռահ­վի­րա­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Րաֆ­ֆի ստեղ­ծեց իր գրա­կան-բա­նա­սի­րա­կան եւ ակ­նար­կագ­րա­կան պատ­կա­ռե­լի հարս­տու­թիւ­նը, որ իր մնա­յուն եւ հպար­տու­թիւն ներշն­չող տե­ղը գտած է հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ան­կորն­չե­լի ժա­ռան­գու­թեան մէջ։
­Րաֆ­ֆիի վախ­ճա­նե­ցաւ 1888ի Ապ­րիլ 25ին եւ ա­ճիւ­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի ­Խո­ջի­վան­քի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։
­Րաֆ­ֆի պատ­կա­ռազ­դու ժա­ռան­գու­թիւ­նը կազ­մող գոր­ծե­րուն սոսկ թւու­մը կրնայ էջ լեց­նել։ Այս սիւ­նա­կով, հայ­կա­կան վի­պագ­րու­թեան ան­վի­ճե­լի վար­պե­տի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած յար­գան­քի վկա­յու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ մնա­լով՝ կ­’ար­ժէ Ապ­րիլ 24ի խոր­հուր­դին առն­չո­ւած ­Րաֆ­ֆիի մէկ բո­ցա­շունչ պատ­գա­մով շնչա­ւո­րել մեր այս օ­րը։
­Պատ­գա­մը առ­նո­ւած է ­Րաֆ­ֆիի «­Ջա­լա­լէդ­դին» վէ­պէն, ո­րուն հե­րոս­նե­րէն ­Դա­լի-­Բա­բա գա­ւաթ կը բարձ­րաց­նէ ան­ցեա­լի մեր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին եւ ցա­սու­մով կը դա­տա­պար­տէ ստրկու­թեան հա­մա­կեր­պե­լու ազ­գա­յին մեր տկա­րու­թիւ­նը։ ­Կը դա­տա­պար­տէ մա­նա­ւանդ այ­լա­սե­րու­մը ­Հա­յու աս­տո­ւա­ծա­վա­խու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին։ Այ­լա­սե­րում՝ ո­րուն հե­տե­ւան­քով հա­յոց ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր սպա­սար­կու­նե­րը դար­ձան ծա­ռա­յա­միտ պաշ­տօ­նեա­նե­րը կայ­սեր, սուլ­թա­նի, խա­նի կամ ցա­րի բռնա­կա­լու­թեանց։ Այ­լա­սե­րում՝ ո­րուն հե­տե­ւան­քով ե­կե­ղե­ցի­նե­րով ու վան­քե­րով ծած­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց Աշ­խար­հը եւ ա­ւե­րո­ւե­ցան մեր բեր­դերն ու ամ­րոց­նե­րը, ո­րոնք միակ ա­պա­ւէնն ու ե­րաշ­խի­քը պի­տի ըլ­լա­յին ազ­գա­յին մեր մար­տու­նա­կու­թեան պահ­պա­նու­մին ու ջրդե­ղու­մին։
Ա­հա՛ ­Րաֆ­ֆիի պատ­գա­մը.
«Ո՜վ հայ­րեր, ո՜վ պա­պեր, այս գա­ւա­թը խմում եմ, բայց ա­ռանց նո­ւի­րե­լու ձեր ոս­կոր­նե­րին։ Ե­թէ դուք այս վան­քե­րի տե­ղը, ո­րոնց­մով լիքն է մեր եր­կի­րը, բեր­դեր շի­նէիք,- ե­թէ դուք սուրբ խա­չե­րի եւ ա­նօթ­նե­րի փո­խա­րէն, որ սպա­ռեց­րին ձեր հարստու­թիւ­նը, զէն­քեր գնէիք,- ե­թէ դուք այն ա­նու­շա­հո­տու­թեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տա­ճար­նե­րում, վա­ռօդ ծխէիք,- այժմ մեր եր­կի­րը բախ­տա­ւոր կը լի­նէր։ Այ­լեւս քուր­դե­րը մեր եր­կի­րը չէին քան­դի, մեր որ­դի­քը չէին կո­տո­րի եւ մեր կա­նայ­քը չէին յափշ­տա­կի…։ Այս վան­քե­րից ծա­գեց մեր երկ­րի կոր­ծա­նու­մը, նրանք խլե­ցին մեր սիր­տը ու քա­ջու­թիւ­նը, նրանք ձգե­ցին մեզ ստրկու­թեան մէջ, սկսած այն օ­րից, երբ Տր­դա­տը թո­ղեց իր սու­րը եւ թա­գը, ա­ռեց խա­չը եւ մտաւ ­Մա­նիա այ­րում ճգնե­լու հա­մար…
«- Ո՜վ հա­յոց հին աս­տո­ւած­ներ, ո՜վ Ա­նա­հիտ, ո՜վ ­Վա­հագն, ո՜վ ­Հայկ, նո­ւի­րում եմ այս բա­ժա­կը ձեր սուրբ յի­շա­տա­կին, դուք փրկե­ցէք մեզ…»։
­Հա­յոց Աշ­խար­հի իր խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ ­Րաֆ­ֆի հու­նա­ւո­րեց ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կի իր սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ լու­սա­ւո­րե­լով գե­րու­թեան ան­տա­նե­լի խա­ւա­րին մէջ հա­յոց ան­վե­հեր պայ­քարն ու ան­շեղ եր­թը դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին՝ դէ­պի ազ­գի ա­զա­տու­թիւն եւ հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թիւն։
­Յատ­կա­պէս ­Րաֆ­ֆի ի՛նք սոր­վե­ցուց, որ՝
«Ով չի ճա­նա­չում իր հայ­րե­նի­քը, նա չի կա­րող ճշմա­րիտ սի­րել այն։
«Ինչ մարդ, որ չէ ճա­նա­չում եւ չէ սի­րում իւր ազ­գու­թիւ­նը, նա վեր­ջա­նում է մարդ լի­նե­լուց։
«­Կայ մի բան, որ աշ­խար­հի զա­նա­զան ծայ­րե­րից կա­րող է միա­ւո­րել հա­յե­րը հո­գո­ւով, մտքով եւ ա­րիւ­նով. այն է՝ ազ­գա­յին սէ­րը։
«Օ­տա­րի օգ­նու­թիւ­նից մեզ շահ չկայ։ Դժ­բախտ է այն ազ­գը եւ դժբախտ կը մնայ, որ օ­տա­րի օգ­նու­թեան կա­րօտ կը լի­նի։ Ոչ ոք իր հո­գու հա­մար մեզ չի օգ­նի։ ­Նա պէտք է տա­սը բան առ­նէ մե­զա­նից, որ մի բան տայ»։
Իսկ «­Սալ­բի» վէ­պին մէջ, հա­յոց կե­րու­խու­մի ա­ւան­դա­կան սե­ղա­նի մը շուրջ ար­տա­սա­նո­ւած հայ­կա­կան կե­նաց­ներ բա­նա­ձե­ւե­լով՝ ­Րաֆ­ֆի իր կեր­պար­նե­րու բեր­նով կը պատ­գա­մէ.
— «­Տէր Աս­տո­ւած, պահ­պա­նիր հա­յոց ազ­գը քո ա­մե­նախ­նամ ա­ջովդ. ուր ու­րեք որ կան նրանք աշ­խար­հի ե­րե­սին՝ ու­ղար­կիր նրանց քո սուրբ հոգ­ւոյդ շնոր­հը, թող ծա­գէ նրանց հո­գու մեջ Ա­ւե­տա­րա­նի լոյ­սը: ­Տէր աս­տո­ւած, հա­լա­ծիր տգի­տու­թեան խա­ւա­րը այդ թշո­ւառ ազ­գից. փայ­լեց­րու նրանց մէջ մտա­ւոր եւ բա­րո­յա­կան լու­սա­ւո­րու­թեան ա­րե­գա­կը: ­Տէր, դու օրհ­նէ մեր ազ­գը, մեր սուրբ հայ­րե­նի­քը, եւ մեր ազ­գայ­նու­թիւ­նը անջն­ջե­լի պահ­պա­նիր՝ քա­նի ա­րե­ւը լոյս է տա­լիս երկ­նա­կա­մա­րի վրայ:
— «­Տէր Աս­տո­ւած, դու վե՜ր կանգ­նեց­րու մե­զա­նից մի ծի­րա­նազ­գեստ հզօր իշ­խան. տո՜ւր նրան ուժ և ­յաղ­թող գա­ւա­զան. ­Թող նա ա­զա­տէ մեր ազ­գը գե­րու­թեան շղթա­նե­րից. թող նա վե­րա­կանգ­նէ ­Հա­յաս­տա­նը իւր ա­ւե­րո­ւած փո­շի­նե­րից եւ ժո­ղո­վի մեզ, որ­պէս թխսա­մայր, իւր հան­գիստ եւ ա­պա­հով թեւ­քե­րի տակ: ­Տէ՜ր, դու ա­զա­տիր մեր հայ ազ­գը իւր պանդխտու­թեան գե­րու­թիւ­նից, տո ՜ւր մեզ ­Մով­սէս­ներ եւ ­Նո­յեան որ­դի ­Յե­սու­ներ, որ ա­ռաջ­նոր­դեն դէպ նոր ­Քա­նա­նը՝ դէ­պի ­Հա­յաս­տան»։
— «­Տէր Աս­տո­ւած, պահ­պա­նիր հա­յը իւր ազ­գա­յին հի­ման վրայ. տո՜ւր նրան հան­ճար, լու­սա­ւո­րու­թիւն եւ կրթու­թիւն, որ­պէս­զի հա­յը, ա­ռանց ու­րի­շի կա­րօ­տու­թեան, ինք­նու­րոյն շի­նէ՜ եւ նո­րո­գէ իւր դրու­թիւ­նը, իւր կեան­քը, եւ հե­տե­ւե­լով լու­սա­ւոր ազ­գե­րի օ­րի­նա­կին՝ աշ­խար­հի տան մէջ իւր հա­մար ձեռք բե­րէ մի ան­կիւն, մի կտոր հող՝ իւր որ­դոց ար­մա­տը նրա վրայ ձգե­լու հա­մար:
— «­Տէր Աս­տո­ւած, մեր սուրբ հայ­րե­րի բա­րե­խօ­սու­թեամբ պահ­պա­նիր հա­յոց ազ­գը, ա­ռաջ­նոր­դէ նրան քո սուրբ հո­գու շնոր­հիւ, որ ան­մո­լոր ըն­թա­նան ի­րանց հա­յրե­նա­կան կրօն­քի, Գ­րի­գո­րեան սուրբ ե­կե­ղե­ցու ըն­թաց­քով: ­Տո՜ւր եր­կար կեանք եւ անփշրե­լի գա­ւա­զան ազ­գի հո­վո­ւա­պե­տին, վե­հա­փառ կա­թո­ղի­կո­սին, նրա ա­թո­ռը միշտ հաս­տատ պահ­պա­նիր սուրբ Էջ­միած­նում, ո­րով մեր սուրբ ազ­գը եւ մեր սուրբ լե­զուն մնայ ան­խա­փան»…