ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
50 տարի առաջ, յառաջացած տարիքի մէջ, իր աչքերը փակեց Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սիրուած եւ յարգուած հոգեւոր հովիւ Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան։
Աւազանի անունով Արտաշէս, ծնած էր 1893-ին Պարտիզակի մէջ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ իր ծննդավայրի «Շուշանեան» վարժարանին մէջ։
1915-ի Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն ետք, Արտաշէս Բարաղամեան կը զինուորագրուի ֆրանսական բանակին կից գործող հայկական քաջարի լէգէոնին մէջ։ Հերոսական բաւական ճակատումներէ ետք, ան դարձեալ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։
1922-ի փոքրասիական ահաւոր աղէտէն ետք, ան կը գաղթէ Յունաստան եւ կ’ապաստանի Միթիլինի կղզին։ Այդ թուականներուն, կղզիին մէջ կ’ապրէին մօտ 4.000 հայեր։ Քիչ ժամանակ անց, ան կը լծուի տեղւոյն ազգային, եկեղեցական, բարեսիրական ու կուսակցական ծառայական առաքելութեան։
Ան մաս կը կազմէ տեղւոյն «Դպրաց Դաս» միութեան եւ «Հայ Խնայողական Միութիւն»ի վարչական մարմիններուն։ Միեւնոյն ատեն գործակիցը կը դառնայ նաեւ «Նոր Օր» թերթի։ Իր նուիրումի ոգիով ու բեղուն գործունէութեամբ, ան կը դառնայ շրջանի հայութեան սիւներէն մին։ Այդ ժամանակաշրջանին կը պսակուի եւ կը բախտաւորուի մանչ ու աղջիկ զաւակներով։
1935-ին, Արտաշէս Բարաղամեան ընտանիքով կը փոխադրուի Թեսաղոնիկէ, ուր կը շարունակէ դարձեալ իր ծառայական առաքելութիւնը։ Բաւական տարիներ ետք, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան կը ձեռնադրուի քահանայ, ձեռամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեանի եւ կնքահայրութեամբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Ռուբէն Գալֆայեանին։ Օծեալը կը կոչուի Տ. Մատթէոս քահանայ։
Ձեռնադրութենէն ետք, Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան կը դառնայ շրջուն հոգեւոր հովիւ։ Ի վերջոյ 1959-ի ամրան, ան կը ստանձնէ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ 14 տարիներ կը ծառայէ շրջանի հայութեան, եւ իր հոգեւոր շունչով, նուիրումով, հեզութեամբ, խաղաղասիրութեամբ ու բեղուն ծառայութեամբ, կ՚արժանանայ իր եկեղեցւոյ զաւակներու մեծ յարգանքին, սիրոյն ու գնահատանքին։ Յարգեց ու յարգուեցաւ, սիրեց ու սիրուեցաւ։
1973-ի Յունուարին, Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան առողջապահական լուրջ պատճառներով կը փոխադրուի հիւանդանոց եւ 15 օր ետք կը վերադառնայ տուն։ Այդ ժամանակէն սկսեալ իր առողջութիւնը, ուժն ու կարողութիւնը կը սկսին տկարանալ ու վատթարանալ։ Ան վերջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւագ Հինգշաբթի օրուան երեկոյեան Խաւարման գիշերի արարողութեան։
Մայիս ամսուան ընթացքին, ան դարձեալ կը փոխադրուի հիւանդանոց։ Եւ այսպէս, օր ըստ օրէ հիւծելով, Կիրակի, 29 Յուլիս 1973-ին, Բիրէայի հիւանդանոցին մէջ ան իր աչքերը վերջնականապէս կը փակէ եւ կը մեկնի այս աշխարհէն դէպի յաւիտենական կեանք ու երանական խաղաղութիւն։
Երեքշաբթի, 31 Յուլիս 1973-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Ս. պատարագ եւ վերջին օծում, նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Սահակ Արք. Այվազեանի եւ մասնակցութեամբ քահանայ հայրերուն։ Ս. պատարագը կը մատուցէ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Տ. Կոմիտաս վրդ. Օհանեան։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետերը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, Ատտիկէի ու Թեսաղոնիկէի բոլոր Թաղային խորհուրդներու ատենապետերը, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները եւ շատ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Ներկաները, մասնաւորաբար Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխականները, մեծ յուզումով եկած էին յարգանքի իրենց վերջին տուրքը մատուցելու իրենց շատ սիրած ու յարգած հոգեւոր հօր։ Ծխականներու թաց աչքերն ու խոր սուգը, մեծագոյն վկայութիւնն էր իրենց սիրեցեալ հոգեւոր հօր գնահատելի արժանիքներուն ու թողած դրոշմին։ Վերջին օծումէն ետք թաղումը կը կատարուի Գոքինիոյ գերեզմանատան մէջ։
Իր վախճանման տխուր առիթով, իր մանկութեան բարեկամ եւ ապա հոգեւոր եղբայր Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան, «Ազատ Օր»ի 8 Օգոստոս 1973-ի թիւին մէջ կը հրատարակէ յիշատակի յատուկ գրութիւն մը, որուն մէջ կը գրէ ան.-
«Եղած են եւ մեր օրերուն ալ կան մարդիկ, որոնք զոհած են ու կը զոհեն իրենց անձը, նիւթականն ու բարոյականը իրենց պատկանած ազգին, հայրենիքին, եկեղեցիին եւ ազգային զանազան կառոյցներուն։ Եւ ազգէ մինչեւ ազգ յաւիտեան կը մնայ անոնց բարի յիշատակը ապրողներու սրտերուն մէջ, որպէս արժանաւոր ազգայիններ։ Եւ անոնցմէ մին է Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեանը»։
Խունկ ու աղօթք Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեանի հոգւոյն։