Ուրբաթ, 19 Ապրիլ, 2024-ի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի մէջ ընթացք առաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 51-րդ ժողովը (արտահերթ նիստ), Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահէն ներս։
Արտահերթ ժողովի օրակարգի նիւթն էր նոր Առաջնորդի ընտրութիւն։ Նիստի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ առաջադրուած եռանուն ցանկէն, շրջանի նախկին Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տոնոյեան իր թեկնածութիւնը յետս կոչելէ ետք, մասնակից հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխաններ փակ քուէարկութեամբ կատարեցին նոր Առաջնորդի ընտրութիւն, որուն աւարտին, ձայներու մեծամասնութեամբ Առաջնորդ ընտրուեցաւ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան։
Այս առիթով, Թորգոմ սրբազան յանուն Արեւմտեան Թեմին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ իր բոլորանուէր զօրակցութիւնը յայտնեց նորընտիր Առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր ազգանուէր առաքելութեան մէջ։
Նշենք, որ Գեղամ սրբազանը եղած է Լիբանանի Առաջնորդ, ապա Յունաստանի թեմի Առաջնորդ։ Յաջորդող շրջանին, նորընտիր Առաջնորդը պիտի մեկնի դէպի Լոս Անճելըս, ստանձնելու համար իր թեմական նոր պաշտօնը։
«Ազատ Օր» սրտագին մաղթանքներ կը յայտնէ Յունահայոց թեմի նախկին Առաջնորդին, իր ընտրութեան առիթով որպէս Առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան ընտրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի Առաջնորդ