Ուր­բաթ, 9 ­Փետ­րո­ւար 2024-ի, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։30-ին, Սր­բոց ­Վար­դա­նանց ­Զօ­րա­վա­րացն ­Մե­րոց եւ 1036 Վ­կա­յիցն ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նին ա­ռի­թով, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. պա­տա­րագ ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։
Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, Ս. պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը:
Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան: Ս. խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին ­Կա­րա­պետ սրկ. ­Քէօ­սէեան ու հինգ ա­շա­կերտ­ներ։ Իսկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին վար­ժա­րա­նի Ե. եւ Զ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տիկ. ­Շա­քէ ­Քէօ­սէեա­նի։
Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ա­շա­կեր­տու­թեան։
Ան նախ մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Ս. խո­րա­նին վրայ ծա­ռա­յող եւ Ս. պա­տա­րա­գի լրիւ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րող ա­շա­կերտ­նե­րը։ Ա­պա քա­ջա­լե­րեց ա­նոնց, հե­տե­ւե­լու ­Կա­րա­պետ սրկ. ­Քէօ­սէեա­նի ու տիկ­նոջ օ­րի­նա­կին, դառ­նա­լով ա­պա­գա­յին ա­նոնց տե­ղը փո­խա­րի­նող­նե­րը։ Սրբա­զան ­Հայ­րը ետ­քը անդ­րա­դար­ձաւ Ս. ­Վար­դա­նանց զօ­րա­վա­րաց տօ­նի պատ­մու­թեան, կա­րե­ւո­րու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն թո­ղած ժա­ռան­գին մա­սին։ Ան շեշ­տեց, թէ այդ տօ­նը բո­լո­րի տօնն է։ Ինչ­պէս նաեւ ինք­զինք հպարտ հայ զգա­լու, հա­յօ­րէն ապ­րե­լու, հայ­րե­նի­քին ու հա­ւատ­քին ծա­ռա­յե­լու ու նո­ւի­րա­բե­րե­լու մղիչ ուժն է։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօս­քի ա­ւար­տին ա­շա­կերտ­նե­րուն թե­լադ­րեց ըլ­լալ հա­յա­սէր, ազ­գա­սէր ու ե­կե­ղե­ցա­սէր պա­տա­նիներ ու տէր կանգ­նիլ մեր ժո­ղո­վուր­դի լե­զո­ւին, պատ­մու­թեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թին։
Ետ­քը վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը նո­ւի­րո­ւած Ս. ­Վար­դա­նանց տօ­նին։ Ա­նոնք եր­գե­ցին ազ­գա­յին եր­գեր, ար­տա­սա­նե­ցին ո­տա­նա­ւոր­ներ, ներ­կա­յա­ցու­ցին թա­տե­րա­կան կտոր, ինչ­պէս նաեւ պա­րեր։
­Յայ­տագ­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան գնա­հա­տեց ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, գե­ղե­ցիկ ու տպա­ւո­րիչ ներ­կա­յա­ցու­մին հա­մար:

ԹՂԹԱԿԻՑ