Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինումով, Երեքշաբթի՝ 25 Դեկտեմբեր 2018ին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ կերպով տօնակատարուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի ու առաջին մարտիրոսին յիշատակը, նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի։
Առաւօտեան ժամը 10ին սկսաւ Ս. պատարագը, զոր մատուցեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան։ Ներկայ էին Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, եկեղեցիներու սարկաւագներ, Թաղային Խորհուրդներու եւ Տիկնանց Մարմիններու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ս. Պատարագի աւարտին, խորան բարձրացան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Քահանայ Հայրերն ու սարկաւագները։ Անոնք նախ երգեցին Ս. Ստեփանոսի նուիրուած շարականները, ընթերցեցին աղօթքներ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը տուաւ իր քարոզը։ Ան անդրադարձաւ նախ մեծ Սուրբի առաքելութեան ու վկայութեան խորհուրդին։ Ան յայտնեց, որ Հռոմէական Կայսրութեան ժամանակ ծառան անարգուած մարդ մըն էր, իսկ ծառայութիւնը ոչ մէկ արժէք ներկայացնող արարք։ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը եկաւ ու ծառային յատուկ կարեւորութիւն եւ արժէք տուաւ, իսկ ծառայութիւնը վերածեց մարդկային արժանիքի։ Ապա՝ ան շեշտեց սարկաւագի կարեւոր դերը հայ եկեղեցիէն ներս։ Սարկաւագը մեր եկեղեցւոյ հիմնական սպասարկուներէն մին կը հանդիսանայ։ Ան եկեղեցւոյ խորանին վրայ ծառայելով, միաժամանակ իր ծառայութիւնը կը բերէ մեր ժողովուրդի հոգեւոր պատմութեան։ Այլ խօսքով, ան մասնակից կը դառնայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ուստի սարկաւագը կարեւոր դեր ու մեծ արժէք կը ներկայացնէ 1700ամեայ հայ եկեղեցիէն ներս։
Ապա՝ Սրբազան Հայրը առանձնաբար շնորհաւորեց սարկաւագները ու յանձնեց անոնց սարկաւագական յատուկ հաստատագրեր։
Ս. Պատարագի աւարտին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Մարմնոյ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։
Սոյն տօնի ծիրէն ներս, Կիրակի՝ 23 Դեկտեմբեր 2018ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի աւարտին նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը, որուն նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան իր հայրական պատգամը փոխանցեց եւ ապա սարկաւագական հաստատագրեր յանձնեց եկեղեցւոյ սարկաւագներուն։
Թղթակից