Շաբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2019ին,
մեծ շուքով պիտի կատարուի
Քալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի քարոզէ
ու մատաղօրհնութիւնը կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Սկիզբ ս. պատարագի երեկոյեան ժամը 5։00ին։
Այսու կը հրաւիրենք Քալամաթայի հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Աթէնքէն մեր ուխտաւորները, մեծ թիւով մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ բաժնելու հոգեպարար տօնի խորհուրդն ու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը։
Ձեր բոլորի ներկայութիւնը իր օգտաշատ ներդրումը պիտի բերէ նորաստեղծ մեր գաղութի առաւել եւս կազմակերպման ու հզօրացման նուիրական գործընթացին։
Թաղային Խորհուրդ