«Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով` Տիտիմոթիքոյի շրջանին մէջ, 28-29-30 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ շրջանի համանուն եկեղեցւոյ փառաշուք տօնախմբութիւնը: Այսպէս. Ուրբաթ՝ 28 Սեպտեմբերին առաւօտեան կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը, ապա՝ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն՝ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհանէէս Վրդ. Սաղտըճեանի կողմէ:
Շաբաթ՝ 29 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Օրէսթիատայի մէջ, նախագահութեամբ՝ թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, որու ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսեցաւ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միասնակամութեան եւ գործակցութեան մասին։ Ան շեշտեց, թէ մեր ժողովուրդը եկեղեցոյ պէտք է մօտենայ որպէս իրեն հարազատ տունը, մեր երիտասարդութինը պէտք է ամէնօրեայ ներկայութիւն դառնայ մեր եկեղեցոյ կեանքին մէջ, եւ ապա շարունակեց ըսելով` «եկեղեցին պատերը չեն, այլ` դո՛ւք էք եկեղեցին»։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ շրջանի հոգաբարձութեանց եւ ուսուցիչներուն հետ, լսեց անոնց ծրագիրներն ու ապագայ գործունէութեան շրջագիծը եւ, իր յորդորներով, խրախուսեց բոլորը՝ շարունակելու կարեւոր գործը։ Հանդիպումէն ետք, Սրբազան Հայրը, շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ շրջանի կառոյցներու պատասխանատուները այցելեցին հայկական վարժարանը, մօտէն տեսնելու համար աշակերտներու դասընթացներու հաւաքավայրը։
Կիրակի՝ 30 Սեպտեմբերին, աննախընթաց ժամեր ապրեցաւ շրջանի հայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը, որուն ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ազգային Վարչութեան կողմէ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ շրջանի յոյն մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ հոգեւորական մը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինի եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկ. Նէլլի Անդրէասեանի: Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը ըրաւ Ս. Գէորգի կեանքին մասին: Ան նշեց թէ Ս. Գէորգ ո՛չ միայն իբրեւ զինուորական կ՛ապրէր իր կեանքը, այլեւ` իր ամբողջ կարողականութեամբ լծուած էր Աւետարանի ուսուցումները գործադրելու նուիրական աշխատանքին: Ան շարունակեց իր քարոզը՝ ըսելով, թէ «Սուրբերը երկինքէն երկիր եկած էակներ չեն, այլ` մեր օրինակով մարդկային ընկերութենէն յառաջ եկած անձնաւորութիւններ են, որոնք Քրիստոսի սուրբ սիրով ոգեւորուած, ո՛չ միայն սրբութեամբ վարած են իրենց սեփական կեանքը, այլ նաեւ` սրբութեան օրինակ հանդիսացած են ամբողջ մարդկութեան համար»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ Ս. Գէորգ եւս մարդկային ընկերութենէն եկած անձնաւորութիւն մըն էր, սակայն իր կեանքը կապած էր Աստուծոյ հետ եւ, զինուորական ըլլալով հանդերձ, փորձած էր իր կեանքը լուսաւորել քրիստոնէական սուրբ սիրով: Ան յորդորեց ներկաները հաւատարիմ ըլլալու սուրբերու օրինակին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ, Տիտիմոթիքոյի շրջանի սրահի մը մէջ, մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայութեամբ՝ Կոմիտաս Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, ազգայիններու եւ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն:
Սիրոյ սեղանին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ թաղականութիւնը այս տարի եւս իր նախապատրաստական աշխատանքներով վերաթարմացուց հայկական եւ նուիրական աւանդութիւն դարձած Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնը, որուն տօնակատարութիւնը կ՚ըլլայ ո՛չ միայն եկեղեցաան ծէսով, աղօթքով, այլ նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններով։ Իր խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ շրջանի պատկան մարմիններուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան:
Ապա՝ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսք արտասանեց պրն. Յովհաննէս Վանի Գասապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին տօնախմբութեան յաջողութեան: Այնուհետեւ՝ երգերով ելոյթ ունեցան Կոմիտաս Սրբազան, Նէլլի Անդրէասեան, Սուսան Պօղոսեան, Պետրոս Մելքոնեան, Հրիփսիմէ Դանիէլեան եւ Հասմիկ Պէկլարեան: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Գոմոթինի» պատանիներու պարախումբը գեղեցիկ պարով մը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակիչ խօսքով մը յայտնեց, որ ասիկա յատկանշական օր մըն էր, եւ մենք զմեզ նորոգուած ու զօրացած կը զգանք` աւելցնելով, որ առանձնութեան մէջ բոլորս տկար ենք, բայց միասնաբար աւելի զօրաւոր ենք, նոյնիսկ եթէ կեանքի դժուարութիւնները ծանրանան մեր ուսերուն վրայ: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ իրարու մօտ գալու առիթները նուազած են մեր կեանքին մէջ եւ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել այս կացութիւնը: «Մենք ազգային ու եկեղեցական հսկայ աւանդ ունինք եւ այս բոլորը մեզ կը ջերմացնեն եւ մեր կեանքը կը նորոգեն»,- հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց, որ մեր ունեցածին հետ պէտք է փորձենք վարուիլ գիտակցօրէն եւ զգուշութեամբ` տեսնելու համար, որ մեզ կանխող սերունդները ինչպիսի՛ գեղեցիկ աւանդ եւ հարստութիւն ձգած են մեզի: Ապա՝ «Պահպանիչ»ով փակեց յիշատակելի օրը, մօտ ապագային դարձեալ իրար մօտ հաւաքուելու սպասումով։
ԹՂԹԱԿԻՑ