Ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 8:30ին, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն Մերոց եւ 1036 Վկայիցն ազգային եւ եկեղեցական տօնին առիթով, պիտի մատուցուի Ս. պատարագ Գոքինիոյ ու Նէոս Գոզմոսի եկեղեցիներէն ներս:
«Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Արժ. Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան:
Ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը:
«Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։
Ներկայ պիտի գտնուին Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի, ինչպէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը:
Եկէ՛ք մասնակից դառնանք Ս. Վարդանանց տօնի սրբազան արարողութեան եւ գօտեպնդուինք օրուան խորհուրդով ու պատգամով:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ