Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի հայոց թեմի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ« առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ, յատկապէս Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր, 2022-ին, կ.ա. ժամը 10։00ին, պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին առաջին վկային մասին։
Ուստի, այս եւ յառաջիկայ տօնական ցնծալից օրեր առթած ուրախ մթնոլորտին մէջ, եկեղեցւոյս հոգաբարձութիւնը կը սպասէ ձեզ տեսնել աստուածապարգեւ շնորհներով լի եկեղեցւոյս մէջ, հետեւելու եւ մասնակից դառնալու համար առաջնորդական հոգեպարար Ս. եւ Անմահ Պատարագին ամրագրելու քրիստոսաւանդ սիրոյ մեր դարաւոր հաւատքը։
Հոգաբարձութիւն Ս. եկեղեցւոյս