Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, 11-12 Օ­գոս­տոս 2018ին, Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ վե­րա­փո­խումն Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի։
­Շա­բաթ՝ 11 Օ­գոս­տո­սին, ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում. եւ ա­ւե­լի ուշ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը սկսան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան։
­Կի­րա­կի՝ 12 Օ­գոս­տոս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ ուխ­տի օ­րո­ւան ա­ռի­թով. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ըն­թեր­ցեց Աս­տո­ւա­ծա­մօր ուղ­ղո­ւած գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քը եւ կա­տա­րեց խա­ղո­ղի ու մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւ­նը։
­Մա­տա­ղի օրհ­նու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը։ Ան ներ­կա­յա­ցուց Ս. ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծած­նի ա­ռանց­քա­յին դե­րը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան մէջ: Ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ, թէ՝ հայ մօր տի­պա­րը կը ձգտինք տես­նել Ս. ­Մա­րիա­մի մէջ, մա­նա­ւանդ՝ ներ­կայ դա­րուն։
­Թող Աս­տո­ւած ան­սա­սան պա­հէ մեր ե­կե­ղե­ցին եւ իր ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի բա­րին եւ ճշմա­րի­տը։