Գա­լա­մա­թա­յի նո­րաս­տեծ հա­մայն­քին մէջ, ­Շա­բաթ՝ 14 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան նշո­ւե­ցաւ «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։ ­Պա­տա­րա­գեց, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց ու մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան:
­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ եւ դպրաց դա­սի վեց ան­դա­մու­հի­ներ, խմբա­վա­րու­թեամբ Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Աւ. քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի եւ խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կե­ցին «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Լե­ւոն Սրկ. Ու­նա­նեան։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղան Ազգ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ ան­դամ՝ պրն. Էտ­կար ­Գալս­տեան, ­Գա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ -ան­դա­մու­հի­նե­րը եւ գա­լա­մա­թաբ­նակ հայ­րե­նա­կից­ներ:
Ա­ւար­տին՝ ե­կե­ղեց­ւոյ դի­մա­ցի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին խօսք ա­ռին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայրն ու Ազգ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, ո­րոնք կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տե­ցին ­Գա­լա­մա­թա­յի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մա­խումբ ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քին կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան հա­մար:
­Տօ­նախմ­բու­թեան մա­տաղ­նե­րը պատ­րաս­տո­ւած էին ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ: