Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս Ս­քան­չե­լա­գործ ­Հայ­րա­պե­տի տօ­նին առ­թիւ, ­Շա­բաթ՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին, ­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս տօ­նա­կա­տա­րեց տեղ­ւոյն «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։
­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մոս Ար­քե­պիս­կո­պոս՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան խնդրան­քին, իր բա­րե­հաճ տնօ­րի­նու­մով՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղե­ցին Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի տրա­մադ­րու­թեան տակ դրո­ւե­ցաւ` ­Քա­լա­մա­թա­յի հայ հա­մայն­քին հո­գե­ւոր մա­տա­կա­րար­ման հա­մար։
­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րով՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին առ­թիւ, հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գին սպա­սար­կե­ցին ­Նէոս ­Քոզ­մո­սի (­Ֆիք­սի) «Ս. ­Յով­հան­նու-­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Լե­ւոն Սրկ. Ու­նա­նեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Նէոս ­Քոզ­մո­սի (­Ֆիք­սի) «Ս. ­Յով­հան­նու-­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ եւ Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեա­նի:
­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան կող­քին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նախմ­բու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Ա­թէն­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծխա­կան­ներ՝ ի­րենց հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։
Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ վար­չա­կան ան­դամ­ներ։ ­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի բա­նա­ւոր բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ներ­կայ ե­ղան ­Մե­սի­նիա­սի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նա­պե­տը եւ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ւա­գե­րէ­ցը եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Փա­նա­յո­թիս ­Նի­քաս։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց հայ ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռա­քե­լա­կան հիմ­նադ­րու­թեան եւ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի ջան­քե­րով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կազ­մա­կերպ­ման եւ, առ­հա­սա­րակ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թեան։ Այս ա­ռու­մով՝ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­ն ­Հայ­րը դի­տել տո­ւաւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­մու­թեան մէջ ո՛չ միայն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւ­նը ըլ­լա­լու ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը ու­նի, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան մէջ, երկ­րի մա­կե­րե­սին վրայ, ա­ռանց վա­խի եւ հա­մար­ձա­կօ­րէն ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին` ի­մա` Ս. Էջ­միած­նի տա­ճա­րը շի­նած ըլ­լա­լու ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը, մինչ քրիս­տո­նէա­կան այլ ժո­ղո­վուրդ­ներ, այդ թո­ւա­կա­նին տա­կա­ւին գետ­նա­փոր կամ թաք­նո­ւած վայ­րե­րու մէջ ու­նէին ի­րենց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ, որ բիւ­զան­դա­կան ե­կե­ղե­ցի է եւ չէ շի­նո­ւած հա­յե­րու կող­մէ, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­կե­ղե­ցա­բա­նա­կան ի­մաս­տին՝ ը­սե­լով, որ ե­կե­ղե­ցին, մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի հաս­տա­տու­մով, նոյ­նինքն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թիւնն է։ Այս ի­մաս­տով՝ ան թե­լադ­րեց ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան, որ կա­նո­նա­ւոր եւ յա­րա­տեւ կեր­պով հա­ւա­քո­ւին «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մաս­նակ­ցե­լով Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեանց: ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­զատ եւ պատ­մա­կան հո­ղե­րէն հե­ռու՝ սփիւռ­քի զա­նա­զան ա­փե­րուն կայք հաս­տա­տած հա­յու­թիւ­նը, պէտք է հա­մախմ­բո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ, քա­նի որ հայ ե­կե­ղե­ցին աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար ե­ղած է հա­յու քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ա­պա­հով մի­ջա­վայր, ինչ­պէս որ ­Նո­յեան ­Տա­պա­նը փրկու­թեան ա­պաս­տա­նա­րան ե­ղաւ ջրհե­ղե­ղէն ա­զա­տո­ւող­նե­րուն հա­մար։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք։ ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւե­լու սկզբնա­կան հանգ­րո­ւա­նին մէջ գտնո­ւե­լուն պատ­ճա­ռով՝ մա­տաղ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը յանձն ա­ռած էին ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուրդն ու ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նաց ­Մար­մի­նը։
­Նոյն օ­րը զու­գա­դի­պե­լով ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րուն 30րդ ­տա­րե­լի­ցին՝ հա­մա­ձայն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի շրջա­բե­րա­կա­նին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան սկիզ­բը, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նշեց, որ երկ­րա­շար­ժին հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ հա­յոր­դի­ներ մե­ռան, սա­կայն հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց մէջ չմե­ռա՛ւ. ա­նոնց տեղ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը նո­րե­րը ծնաւ։ Այ­սօր, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կամ այ­լուր, ա­ռանց երկ­րա­շար­ժի կամ ա­ղէտ­նե­րու, կա՛ն հա­յեր` հան­գիստ կեան­քի պայ­ման­նե­րուն յանձ­նո­ւած, ողջ-ա­ռողջ մնա­լով հան­դերձ՝ ի­րենց մէջ կը մեռ­նի հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը։
Ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին հրա­ւէ­րով՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան սրա­հի մը մէջ։ Ազգ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան գնա­հա­տան­քի եւ քա­ջա­լե­րան­քի խօսք ուղ­ղեց ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, յատ­կա­պէս ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Սո­ֆիա ­Մար­գա­րեա­նին, ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­մայն­քին հայ­կա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պե­լու նո­ւի­րեալ աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Իր կար­գին, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր ­Հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­լով ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան՝ շեշ­տեց, որ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րով ի­րա­գոր­ծեց շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար ե­կե­ղե­ցի ա­պա­հո­վե­լու ծրա­գի­րը եւ քայլ առ քայլ հե­տա­մուտ է ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման՝ ի խնդիր շրջա­նի հա­յու­թեան հա­յա­պահ­պան­ման։
Ա­ւար­տին, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին հետ վար­չա­կան-կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը ու­նե­ցան, ինչ­պէս նաեւ քննար­կե­ցին շրջա­նի հա­յու­թեան առն­չո­ւած զա­նա­զան հար­ցեր։