Սողոմոն Իմաստունի «Գիրք առակաց»էն աստուածաշնչական այս գրութիւնը առաջին նախադասութիւնը կը կազմէ, որ գրուած է հայերէն տառերով, քանի անկէ առաջ մինչեւ 5րդ դար հայ եկեղեցին ու լեզուն հայացած չէին եւ չկար հայերէն սեփական գիր ու գրականութիւն, հակառակ որ հարիւր տարի անցած էր այն թուականէն՝ երբ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ իբրեւ պաշտօնական պետական կրօնք ընդունուած էր:
Վարդանանց պատերազմի մասին հրապարակային տօնակատարութիւնները, եկեղեցական արարողութիւններն ու դպրոցական հանդէսները տեսակ մը ազգային ու հոգեւոր աւանդութեան ու 1036 նահատակներու յիշատակի յարգանքի կարգ անցած են կանխատեսող շղթայի տասնամեակներու ընթացքին, կազմակերպուած հանդիսութիւններու ընթացքին՝ ազգային թէ քաղաքական ժամանակակից փորձառութեանց լոյսին տակ ռազմավարական համապատասխան խորհուրդներու զուգահեռներ հանդիսադրելով ու վերլուծելով, ծանրանալով ընդհանրապէս՝ հայ ժողովուրդի շարունակականութիւնը ապահովող ու արժեւորող գոյութենական ազդակներու առնչուած իրադարձութիւններու, մտածողութեան, խոստումներու ու ակնկալութեանց վրայ:
Վարդանանց պատերազմը գերմարդկային մահու կենաց կռուի, քաջութեան, ուրացումի, դասալքութեան ընդհանրական մթնոլորտի մը արտատպուած արտայայտութիւնն է, որ այնքան հարազատ ու բոցավառ ներբողութեամբ նկարագրուեցաւ Եղիշէ պատմիչի կողմէ, անմահացնելով քաջերը, անմահացնելով Մամիկոնեան տոհմը, Ղեւոնդ Երէցը, Յովսէփ Կաթողիկոսը եւ անսանձօրէն այժմէականութեան գլուխը պահպանելով «Ազատութիւն կամ մահ» ռազմագոչ խորհուրդի նշանակութեան միշտ այժմէական մնացող ու չմաշող ժողովրդականացած կամքի փաստին ստեղծման արտայայտութեան գովքը:
Վարդանանցը պատմագրականօրէն համաժողովրդականացած պատմագրութիւն է, որ դիմացած ու արժեւորուած է դարերու մէջ, դարերու ընթացքին, հայ մարդու մտքին ու հոգիին մէջ ուռճացնելով ազատութեան ու ըմբոստութեան գաղափարի անխախտ պահպանուող իրեն վիճակուած տարողութիւնը:
Աւարայրեան իմանալի խորհուրդի ոգիով է, որ տեղի ունեցաւ «Վարդանանց» նուիրուած տօնակատարութիւնը եւ դասախօսութիւնը՝ կազմակերպուած Յունաստանի հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանի կողմէ եւ կը վայելէր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեանի հովանաւորութիւնը:
***
Սոյն տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի՝ 28 Փետրուար 2019ի երեկոյեան ժամը 9ին, հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանին կից գտնուող յունական թատրոնի սրահին մէջ, կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան:
Տօնակատարութեան յանձնառու խորհուրդը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն ու Ռ.Ա.Կ.ի Շրջանային Վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի եւ «Համազգային» Հայ Մշակութային ու Կրթական Միութեան Շրջանային Վարչութիւնները, «Ազատ Օր» օրաթերթը եւ «Հայ Կեանք» երկշաբաթեայ թերթին խմբագրութիւնը:
Ներկայ էին նաեւ յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գերապայծառը, հայ կաթողիկէ Խորհրդատու Մարմինը, հոգեւոր դասը եւ զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ:
Օրուան բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Նազիկ Սահակեան՝ ամփոփ կերպով անդրադառնալով օրուան հանդիսութեան ու խորհուրդին:
Ապա գործադրութեան դրուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժինը, ուր Վարդանանց մարտական աւանդն ու ուժականութիւնը հանդիսադրուեցան՝ «Լռեց ամպերը» լինել չլինելու ճակատամարտի մը պատգամի հետեւողականութեամբ, երաշխաւորուած պարի արհեստավարժ մեկնաբանութեամբ, յաջորդաբար ալ 8 արհեստավարժ յոյն երիտասարդ պարողներու կողմէ երկու բաժնով, համաչափ եռանդով ու կորովով մեկնաբանուած տարբեր տարազներով 2 պարեր՝ «Սուրբ-սուրբ» հոգեւոր փնտռուած երգի երաժշտական ներշնչող հնչիւններու հովանիին ներքոյ:
Յաջորդեց վիտէօ երիզի մը սքանչելի պատրաստութիւնը, որ կը ներկայացնէր քրիստոնեայ աշխարհի Առաջին Պատերազմը՝ «Վարդանանց»ը, որ ոգի ի բռին խորապէս կ’ընդդիմանար հայերը պարսկական զրադաշտական կրօնքին հպատակեցնելու գերազանցապէս հերոսական դիմադրութեան օրինաչափութեան, 1036 նահատակները, Հայաստանը պարսկական ու բիւզանդական աքցանի տակ առած հայրենի հողի բռնագրաւումը, եւ այդ պատերազմի ազդեցութեան բովէն ժայթքող պատգամները հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան պահպանման կառչած մնալու եւ մեր ազգային գոյութիւնը պահպանելու պատրաստակամութեան հայող՝ Տղմուտ գետի կտրիճներու ազատութեան ու հաւատքի կամքը դրսեւորող բարոյական յաղթանակի ոգին:
Այս սքանչելի վիտէոյի պատրաստութեան ներշնչեալ հաղորդական խօսքը կը պատկանի ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեանին, իսկ վիտէոյի ճաշակաւոր պատրաստութիւնը՝ պարուսոյց, երգչուհի, պարող, արուեստագէտ Ալիս Ֆրունճեանին: Պարտք կը զգանք աւելցնելու, թէ վերեւ նշուած արհեստավարժ պարողներու 3 պարերն ալ ամբողջութեամբ հոգացած ու վաւերականօրէն հովանաւորած է տիկին Ալիս Ֆրունճեանը:
Օրուան հանդիսութեան վերջին, բայց կարեւորագոյն բաժնով հանդէս եկաւ տոքթ. Մկրտիչ Մանուկեան, որ մօտ մէկ ժամ տեւող Վենետիկի «Մուրատ Ռափայէլեանական» բացառիկ հայերէնով, նիւթի վերլուծական խորքի մասնագիտական ու պատմագիտական մեկնաբանութիւններով ու խօսքի իմաստալից խտութեամբ ու արժանաւորութեամբ վերլուծեց Եղիշէ պատմիչի, Վարդանանցի, Վասակի, Յազկերտի, Տիզպոնի, պարսկական ու բիւզանդական տիրապետութեան համեմատական տարբերութիւններու վաւերական զուգահեռներով:
Օրուան բանախօսը՝ հաւատարիմ մնալով պատմական առարկայականութեան սկզբունքներու ու սահմանումներու վրայ, բազմակողմանիօրէն մեկնաբանեց հանճարեղ «Վարդանանց խորհուրդի» համադրուած կամ վերջնական համադրումի կարօտ վաւերական, շեղած թէ մեկնաբանուած պատմական հերթական ազդակներ, փորձելով առանց որեւէ կանխարգելիչ նախատրամադրութեան՝ միջին եւ ուղիղ ճակատամարտի մը ռազմաքաղաքական դրդապատճառները մօտաւոր ու ընկալուած եզրակացութիւններու յանգելու առաջադրանքով:
«Տեսաբանական» խմբաւորուած վերլուծումները վստահաբար որ պատմագրական ձեւականութենէ մը անդին անցնելով ու անոնց դիմագըրաւելի տարազ ու տարազաւորում զգեցնելու անկեղծ, այլեւ խրոխտ գաղափարներ դրսեւորելու անկեղծ ճիգի որոնումը՝ պատմական պարկեշտութեան, համարձակութեան ու հայ կեանքի բազում հարցականներուն համոզիչ պատասխաններ բիւրեղացնելու լուրջ ու պատասխանատու կեցուածք կ‘ակնկալէ, ինչ որ փիլիսոփայական վեհանձնութեամբ ըստ ամենայնի բժիշկ Մկրտիչ Մանուկեանը կատարեց պատմական խիղճի մտահոգութեամբ, որոնող ճշդութեամբ, ոգեկոչական խանդավառութեամբ, այլեւ գիտական խուզարկու հրատապութեամբ:
Համագումարեալ ներկաները առանց նուազագոյն յոգնածութեան ունկնդրեցին իրենց առաջին անգամ հրամցուող դասընթացքային այսպիտի որակաւոր վերլուծում մը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Գերապայծառ Յովսէփ Պէզազեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով նախկին յունահայ, Իտալիա ուսանած ու Ֆրանսա բնակող բանախօսին ու գեղարուեստական յայտագրին իրենց սիրայօժար ու բնատուր մասնակցութիւնը բերած տիկին Ալիս Ֆրունճեանին ու բոլոր մասնակիցներուն:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ պատրաստուած հիւրասիրութեամբ:
Թղթակցութիւնը կը փակենք ենթավերնագիրի արեւմտահայերէնի բացատրութեամբ՝
«Ճանչնալ իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը»:
Յ. Պ.