Չորեքշաբթի` 14 Մարտ 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններ (հսկում), ինչպէս նաեւ Նախատօնակի արարողութիւն՝ Ս. Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, նախագահութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ՝ թեսաղոնիկահայ հոծ բազմութեան։
Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, յատկապէս Նախատօնակին, պատրաստուած էր շա՜տ գեղեցիկ կերպով քառասուն մոմիկներով խաչ մը՝ ձիթաիւղով, ի նշան Ս. Քառասուն Մանուկներուն, որոնք Սեբաստիոյ մէջ մարտիրոսացան յանուն քրիստոնէութեան ու հաւատքի ամրակուռ նուիրումին, ինչպէս նաեւ Ս. Քառասուն Մանուկներուն պատկերին առջեւ մոմ ու խունկ ծխուեցան։ Նախքան Նախատօնակին սկսիլը, նաեւ յուզիչ կերպով երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա…»ն, ուր եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը անջատուեցան՝ առաւել խորհրդալից պահ մը ստեղծելով։
Նշենք, որ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ հաւատացեալներ իրենց ուխտը կատարելով Ս. Քառասուն Մանուկներու տօնին առիթով, եկեղեցւոյ կը նուիրեն ձիթաիւղեր։
Աւարտին, հաւատացեալներ, նուիրուած այդ ձիթաիւղերէն բամպակի վրայ փոքր կաթիլով իրենց հետ տուն կը տանին, ի նշան՝ օրհնութեան եւ սուրբերու բարեխօսութիւնը խնդրելով։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, կազմակերպութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Միջինքի աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ՝ շրջանի միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնաց Միութեան ատենապետուհի տիկ. Վերգին Աւետիսեան՝ բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսք ուղղելով ներկաներուն, որոնք մշտական կերպով կ’աջակցին միութեանս բոլոր ձեռնարկներուն։
Հրամցուեցաւ պատշաճ ու կոկիկ ճաշ-հիւրասիրութիւն եւ անուշեղէն, ինչպէս նաեւ ունկնդրուեցաւ հայկական ճոխ երաժշտութիւն, որոնք բոլորն ալ պատրաստուած էին միութեանս անդամուհիներուն կողմէ։
Ապա՝ խօսք առաւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւը եւ առաջին հերթին փոխանցեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Հայրական բարեմաղթութիւնները Միջինքի տօնակատարութեան վերաբերեալ։ Ապա, ան բացատրեց Միջինքի աւանդական ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ Ս. Քառասնից Մանկանց տօներուն կարեւորութիւնն ու արժեւորեց անոր անհրաժեշտութիւնն ու նշանակութիւնը՝ առաւել քով-քովի գալու, սիրոյ սեղանի շուրջ գտնուելու, մեր աւանդութիւնները պահել-պահպանելու եւ մանաւանդ տարածելու ո՛չ միայն մեր երիտասարդ սերունդին, այլ նաեւ՝ օտարներուն մօտ։
Իր խօսքին մէջ,Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան ըսաւ.- «Աւանդութիւնները պէտք է պահպանուին, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները առաւել եւս մօտ զգան եկեղեցւոյ եւ, եկեղեցւոյ մօտ զգալով, ստանան սուրբերուն բարեխօսութիւնն ու անոնց կեանքի մարտիրոսութիւններուն թողած կտակին անմար ճրագը եւս»։ Ան իր խօսքի աւարտին, գնահատելով Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն անխոնջ աշխատանքը, անոնց մաղթեց յաջողութիւն, առողջութիւն եւ յարատեւ բեղուն գործունէութիւն։
Թղթակից