«­Քո­րո­նա» հա­մա­ճա­րա­կին ստեղ­ծած սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն պատ­ճա­ռով ե­րեք տա­րի­նե­րու ընդ­հա­տու­մէ ետք, ­Ֆիք­սի Հ.Կ.­Խա­չի  Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու՝ ­Յա­րու­թիւն ­Գա­լուս­տեան ման­կա­պար­տե­զի, ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան նա­խակր­թա­րա­նի եւ ­Ճե­նա­զեան միջ­նա­կար­գի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ի­րենց տնօ­րէն­նե­րով եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րով, Ուր­բաթ, 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8:30-ին, ներ­կա­յա­ցան շրջա­նիս Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին, պա­հե­լով հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար:
Շր­ջա­նիս եւ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը «բա­րի լոյս»-ով դի­մա­ւո­րե­լէ ետք, հարց-պա­տաս­խա­նի ճամ­բով վե­րա­թար­մա­ցուց ա­շա­կերտ­նե­րուն գի­տե­լիք­նե­րը, յատ­կա­պէս օ­րո­ւան եւ ի­րենց ե­կե­ղե­ցի ներ­կա­յա­նա­լուն ա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Զղջ­ման եւ Ս. ­Հա­ղո­րու­թեան ի­մաս­տին եւ կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին:
Ա­շա­կերտ­նե­րը «­Հայր ­Մեր»-ն­ ու «Զ­գործս ձե­ռաց մե­րոց…» ա­ղօթք­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին, որ­մէ ետք ­Տէր ­Հա­րը ըն­թեր­ցեց «Զղ­ջում»-ին աշ­խար­հա­բար տար­բե­րա­կը, ո­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին «­Մե­ղայ Աս­տու­ծոյ»-ով, եւ ստա­ցան Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւնն ու օ­րո­ւան օրհ­նու­թիւ­նը: