Ե­րեք­շաբ­թի, 20 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­Սուրբ Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով, մենք` միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­ներս, ներ­կա­յա­ցու­ցինք ձեռ­նարկ մը մեր ­վար­ժա­րա­նի լեփ լե­ցուն սրա­հին մէջ:
­Յայ­տա­գի­րը կը բո­վան­դա­կէր թա­տե­րա­կան մը, հայ­կա­կան պա­րեր ու եր­գեր: ­Թա­տե­րա­կա­նը գրո­ւած էր Գ. ­Միջ­նա­կար­գի ա­շա­կեր­տու­հիի մը կող­մէ: ­Մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ խմբա­յին աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, հիա­նա­լի ե­լոյթ մը ու­նե­ցան: Իսկ պա­րող­նե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը, գրա­ւե­լով ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը:
Ե­րե­կոն ա­ւար­տե­ցաւ յու­զիչ եր­գե­րով ու նոր տա­րո­ւան հա­մար մաղ­թանք­նե­րով: Ս­րա­հի մուտ­քին, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեանբ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ տօ­նա­վա­ճառ մը, փոք­րիկ ի­րե­րով ու ա­նու­շե­ղէն­նե­րով:
Այս փոր­ձա­ռու­թիւ­նը շատ տպա­ւո­րիչ էր մե­զի հա­մար: ­Բո­լորս միա­սին ­գոր­ծակ­ցե­ցանք ու հրա­շա­լի ար­դիւնք մը ցու­ցա­բե­րե­ցինք:

Հ.Կ.Խ.-ի Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան ազ­գա­յին միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի
Բ. կար­գի ա­շա­կեր­տու­հի ­Նա­թա­լի ­Գու­յում­ճեան