Կիրակի՝ 14 Յունիս 2020ին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն հանդիսապետեց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ: Անդրադառնալով Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն յիշատակուող Հայ Եկեղեցւոյ նշանակալից երկու տօներուն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն դուրս գալուն եւ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի մայր տաճարի շինութեան տօներուն, ըսաւ.- «Հայոց պատմութեան մէջ երկու նշակալից դէպքեր են, որոնք իրենց յստակ դրոշմը դրին հայ ժողովուրդի յետագայ դարերու ընթացքին: Առաջինը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն դուրս գալով, սկսաւ եւ իրագործուեցաւ Հայաստանի պետականօրէն քրիստոնէացումը Տրդատ Գ. Թագաւորի պատմակերտ հրովարտակով եւ երկրորդ՝ Ս. Գրիգորի ջանքերով Հայաստանի լուսաւորութեան երկրորդ շրջանը, որ եղաւ քրիստոսաւանդ առաքելահիմն հաւատքի հիմերուն վրայ հաստատել եւ պաշտօնապէս կազմակերպել Հայ Եկեղեցին: Թագաւորի եւ Կաթողիկոսի միասնութեամբ՝ քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութեանց միանպատակ աշխարահայեացքով, Հայաստանը շրջակայ երկիրներու կրօնական ազդեցութիւններու շրջագիծէն դուրս բերելու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու, ազգի բոլոր հատուածներու համախմբումը ամրապնդելու կողքին, կերտեցին ինքնագլուխ, ինքնորոյն Հայոց Ազգային Եկեղեցին: Միածին Որդիին երկնաէջ տեսիլքով սրբագործուած Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի շինութիւնը, համաքրիստոնէական պատմութեան մէջ, քրիստոնեայ առաջին պետութիւնը ըլլալու կողքին, հայ ժողովուրդին տուաւ նախապատուութիւնը առաջին ազգը ըլլալու, որ 303 թիւին երկրի մակերեսին վրայ համարձակօրէն բարձրացուց գմթեթաւոր կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնք: Աստուծոյ նախախնամութեամբ Խոր Վիրապի մահացու պայմաններուն մէջ 13 տարիներ անվնաս մնացած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի լոյս հաւատքն է, որ՝ Հայ Եկեղեցւոյ աւագ խորանին առջեւ պլպլացող անմառ կանթեղին լոյսի շողերով մարմնաւորուած, դարերն ի վեր կտրելով հասնելով իւրաքանչիւր սերունդի, հասաւ մեզի: Պատմական, դարաւոր, Քրիստոսի Առաքեալներէն աւնդուած եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչով հաստատուած հաւատքին ժառանգորդներ ենք, կոչուած շարունակելու անմառ պահել մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կանթեղը»։
Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, նաեւ յատուկ կերպով յիշեց եւ աղօթալի բարեմաղթութիւններ ըրաւ Յունաստանի բոլոր աւարտական դասարանի այն հայ աաշակերտներուն, որոնք պիտի սկսին համալսարանական մուտքի համայունական քննութիւններ տալ: Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան եկեղեցւոյ ներքեւի սրահին մէջ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ եկեղեցասէր Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն հիւրասիրութեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հանդիպումներ ունեցան:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Տօն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ելն ի Վիրապէն եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածնի