11 ­­Նո­յեմ­բեր 2019ի կէ­սօ­րին Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րան այ­ցե­լեց ­­Կիպ­րո­սի ե­րես­փո­խան, եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նախ­կին ան­դամ վի­րա­բոյժ Է­լէ­նի ­­Թէո­խա­րուս, որ ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով կ­­՚այ­ցե­լէր ­­Յու­նա­հայ գա­ղու­թին: ­­Յար­գե­լի հիւ­րին ըն­դու­նեց ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ. ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Պօ­ղոս ­­Չո­լա­քեան: ­­Ներ­կայ էին ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Լի­զէթ ­­Շան­կա­յեան-­­Քի­րա­զեան եւ վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­ներ: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը մեծ ու­րա­խու­թեամբ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց տի­կին ­­Թէո­խա­րու­սին, եւ իբ­րեւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի նախ­կին հո­գե­ւոր հո­վիւ, ան­գամ մը եւս հան­դի­պե­լու գո­հու­նա­կու­թեամբ վկա­յա­կո­չեց թան­կա­գին յու­շեր քսա­նութ տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ 1991ին տի­կին ­­Թէո­խա­րուս «Բ­ժիշկ­ներ ա­ռանց ս­ահ­մա­ն»ի կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դա­մի հան­գա­ման­քով ­­Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մի թէժ օ­րե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի օ­ժան­դա­կու­թեամբ բժշկա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով ­­Ղա­րա­բաղ մեկ­նե­լու եւ պա­տե­րազ­մի բազ­մա­թիւ վի­րա­ւոր­նե­րու վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով կեան­քեր փրկե­լու:
­­Ղա­րա­բա­ղի պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն բազ­միցս պար­գե­ւատ­րո­ւած ­­Տի­կին ­­Թէոս­խա­րու­սին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հայ­րը ե­րախ­տա­գի­տա­կան շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած թան­կա­գին ա­ջակ­ցու­թեան եւ նե­ցու­կին հա­մար: Իր կար­գին ­­տիկ. ­­Թէո­խա­րուս ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ան­գամ մը եւս հան­դի­պե­լուն հա­մար եւ ­­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին իր կա­տա­րած բազ­մա­թիւ եւ կա­րե­ւոր օ­ժան­դա­կու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րուն շատ հա­կիրճ ձե­ւով պա­տաս­խա­նեց ը­սե­լով, «Ինչ որ ը­րած եմ ես ա­ւե­լի ստա­ցած եմ քան տո­ւած»: Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Պօ­ղոս ­­Չո­լա­քեան լայն գի­ծե­րու մէջ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յար­գե­լի հիւ­րին ­­Յու­նաս­տա­նի ­­հա­յու­թեան եւ այ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան կա­ռոյ­ցին մա­սին: