Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն ուրախ առիթով՝ Շաբաթ, 14 Յունուար 2023-ի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեան մեկնեցաւ Սերրես, ընկերակցութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն եւ Թեսաղոնիկէի նախկին հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանին։
Հայր սուրբը տեղւոյն համայնքի կեդրոնէն ներս կատարեց գաթայի հատում՝ բոլորին մաղթելով յաջողութիւն, առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ուրախ օրեր։ Հոգեւոր հովիւը Սերրեսի հայորդիներուն փոխանցեց նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ.Գեղամ արք. Խաչերեանին հայրական օրհնութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ Սերրեսի հայութիւնը փոքրաթիւ համայնք մըն է, հայր սուրբը հայ կեդրոնէն ներս կատարեց տնօրհնէք, ապա հակիրճ կերպով բացատրեց տնօրհնէքի իմաստն ու խորհուրդը, որ մեր նախահայրերէն մնացած գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է։ Խօսք առաւ նաեւ Սերրեսի թաղական խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Յարութիւնեան, բարի գալուստ մաղթելով հայր սուրբին եւ իր կարգին բարեմաղթութիւններ կատարեց Նոր Տարուան եւ Ս.Ծննդեան տօներուն առիթով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Ուշ երեկոյեան երկու հոգեւորականները վերադարձան Թեսաղոնիկէ։
ԹՂԹԱԿԻՑ