Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան զոյգ տօներուն ուրախ առիթներով, Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեան այցելեց Սերրեսի համայնքը։
Հայր սուրբը համայնքի կեդրոնէն ներս կատարեց գաթայի հատում՝ բոլորին մաղթելով յաջողութիւն, առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ուրախ օրեր։
Ան Սերրեսի հայորդիներուն փոխանցեց նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հայրական օրհնութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ սերրեսահայութիւնը փոքրաթիւ համայնք մըն է, հայր սուրբը հայ կեդրոնէն ներս կատարեց տնօրհնէք, ապա հակիրճ կերպով բացատրեց Ս. Ծննդեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ տնօրհնէքի իմաստն ու կարեւորութիւնը, որ մեր նախահայրերէն մնացած գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է։ Խօսք առաւ նաեւ Սերրեսի թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Վազգէն Յարութիւնեան, բարի գալուստ մաղթելով հայր սուրբին եւ իր կարգին բարեմաղթութիւններ կատարեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Ուշ երեկոյեան հայր սուրբը վերադարձաւ Թեսաղոնիկէ։