ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Այսօր կը խոնարհինք անձնաւորութեան մը յիշատակին առջեւ, որ իր չափաւոր տրամաբանութեամբ, ազգային անկեղծ ու իրական հայրենասիրութեամբ, գաղութային վերելքի գործնական մղումներով, ամէն տեսակի հաշտութեան կողմնակից մաքուր նկարագրով, այլեւ ու մանաւանդ կրքոտ դաշնակցականութեամբ՝ կուգայ մեծ բաց մը ստեղծելու յունահայ գաղութի անցեալի, ներկայի ու ապագայի մեր կեանքին մէջ:
Ընկ. Օննիկ Շանկայեան մեր համայնքային կեանքին մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ իր վարած պաշտօններուն ընդմէջէն, շատ լաւ կ’ըմբռնէր՝ հայ կեանքի, տեղի, վայրի ու ժամանակի պարտադրած հին թէ նոր տարբերութիւնները եւ զանոնք իր կեանքի անհուն փորձառութեամբ ու տասնամեակներու իմաստութեամբ կը փորձէր արդար լուծումներ առաջադրել՝ խոհուն, հաւասարակշռուած ու գործնապաշտ թելադրանքներով, առաջարկներով, գործօն մասնակցութեամբ ու նիւթական անսակարկ ներդրումով:
Ազգային ամենապարզ հարցին շուրջ ալ կը մօտենար արտակարգ նախանձախնդրութեամբ, բծախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ:
Երբեք չէր վարաներ՝ ազգային թէ կուսակցական մեծ թէ փոքր հարցի մը շուրջ որեւէ ղեկավարութեան հետ սկզբունքային խնդիրներու շուրջ իր կարգապահ, յարգալից ու սրտցաւ տարակարծութիւնը եւ այլընտրանքը հանդիսադրելու:
Իր անհատական տարակարծութիւնները վարագուրուած բնոյթ չունէին, ընդհակառակը՝ շեշտակի խօսքով, առանց բառերը ծամծմելու կ’ըսէր իր ըսելիքը, ճշմարտութեան ու իր անձնական համոզումներուն մէջ խտրութիւն չդնելով:
Խորապէս համոզուած էր, որ իր ազգային ու կուսակցական կառոյցներուն առաջնակարգ ու միակ դերը՝ ազգին, ու ազգին նոյնացած կուսակցութեան ճամբով ալ, ազգին ու միայն ազգին ու մեր ժողովուրդին ծառայելն ու ամբողջանուէր կերպով մատուցուիլն էր:
Այն ինչ որ առանձնաբար իր սիրոյն ու անվերապահ գնահատանքին անմիջականօրէն կ’արժանանային, այն բաներն էին, որ ուղղակիօրէն կապ ունէին հայրենիքին, հայրենասիրութեան ու հայրենական կարօտին հետ: Այն բաները մանաւանդ, որ ազգային, անհատական, հաւաքական, ընտանեկան, ընկերային, վարչական թէ կազմակերպական զգացումներուն, հեռանկարներուն ու ապրումներուն առնչուած էին, բոլորովին անկէ կը ներշնչուէին եւ փոխադարձաբար անոնցմէ իրենց ներշնչումը կը ստանային:
Այս բոլորը շատ լաւ գիտէր ընկ. Օննիկը, քանի օրը-օրին եւ վայրկեանը-վայրկեանին կը հետեւէր մեր ազգային-հասարակական կեանքին, որոնց ներքին թէ արտաքին տագնապները գոյն, խորք ու չափանիշ ունէին, եւ որոնք անպակաս կ’ըլլային մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ընկերոջ դատողութեամբ ու գնահատումով՝ տուեալ տագնապները նուազեցնելու կամ բոլորովին չէզոքացնելու հետեւողական ընթացքը, նախ գաղութային նուաճում, ապա նաեւ յաղթանակ կը համարուէր: Յաղթանակ՝ որ ինչպէս յաճախ կ’ըսէր, պէտք է փարած մնանք մինչեւ մեր վերջնական յաղթանակը, ի հարկին՝ մինչեւ մեր վերջին շունչը:
Ընկ. Օննիկը՝ իր աւելի քան 60 տարիներու ազգային ծառայութեան դաշտէն ներս բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնելու եւ պաշտօններու ընդմէջէն՝ յատուկ կարեւորութիւն ստանալու փուճ խաբկանքը չունեցաւ, փառասիրութեան արտառոց ու սնոտիապաշտ զգացումներ չնուցանեց, պաշտօններ ստանալու ճամբով փառաւորուելու աճապարանք ցոյց չտուաւ, իսկ երբ հարկը ստիպեց պաշտօններ ստանձնելու համար, կուսակցական պարտաճանաչութեան, կամ ալ ստեղծուած անել կացութեան մը դիմաց լուծումներ գտնելու՝ ինքնաթելադրութեան արդարադատ զգացումէն մղուած դրդումով կատարուեցաւ: Եւ ո՛ւր որ աշխատեցաւ ան, ի՛նչ պարտականութիւն ալ որ ստանձնեց, այդ բոլորը կատարեց մէկ ու միակ համոզումով՝ ազգին ծառայելու գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն պատասխանատուութեան զգացումով: Ահա՛, այս զգացումներով պաշտօններ վարեց պատանեկան ու երիտասարդական, Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» Կոմիտէի, «Զաւարեան» վարժարանի շինութեան յանձնախումբի, «Համազգային»ի երգչախումբի ու թատերախումբի, հայկական ծերանոցի, յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեանց, որու շքանշանակիրներէն ալ է ան, եւայլն:
Ընկ. Օննիկ Շանկայեան շատ մօտ էր պատմութեան ու պատմագիտութեան: Մոլի ընթերցասէր մըն էր. անկուշտօրէն կը լափէր պատմական ու այլ բնոյթի գրութիւններ, իր այնքան սիրելի ու հաւատարիմ հոգեզաւկին՝ «Ազատ Օր»ին ու հայ գրականութեան հարուստ էջերուն ընդմէջէն:
Բացառիկ յարգանք ու ակնածանք ունէր ընդհանրապէս մտաւորականութեան եւ յատկապէս հայ մտաւորականութեան հանդէպ: Մեծ յարգանք ունէր ազգային ու կուսակցական գործիչներուն, բանախօսներուն, դաստիարակներուն եւ կուսակցական երդման արարողութիւններու կնքահայրներուն հանդէպ: Այդ կարգին, իրեն ալ վիճակուեցաւ երիտասարդ կուսակցական նորագիրներու կնքահայրութեան պարտականութեան պատիւը, բան մը որ արտակարգ խիղճի, պատուի ու պատասխանատուութեան հարց մըն էր: Իրեն համար խիղճի հարց էր ինչ որ հայ դրօշի, զէնքի, զինանշանի, քայլերգի, տարազի, սկաուտութեան եւ հայոց բանակի ազգային գերագոյն խորհրդանիշը կը կազմէր եւ խորհըրդանշական իմաստ մը կը պարփակէր հայկական արժէքներու, հայապահպանման, ազատութեան ու անկախութեան հետ: Ինք իր կարգին, խորհրդանիշի մարդն էր, ազգային խորհրդանիշներուն մէջ փնտռելով ու գտնելով մեր տառապած ազգի յայտնի թէ անյայտ պատմութիւնը, ճակատամարտները, յաղթանակները, նոյնիսկ պարտութիւնները:
Այս բոլորին կը մօտենար խոհուն իմաստութեամբ, երաշխաւորուած փիլիսոփայութեամբ, ոգեկոչական խոկումով ու պատմական հոլովոյթի անգերազանցելի հիացումով ու յարգանքով, եւ յաճախ ալ զօրակոչի ենթարկելով իր անսպառ հիւմուրն ու սրամտութիւնը, երգը, բանաստեղծութիւնն ու ասմունքը, որ կ’արտայայտէր ամէն առիթով միութենական պտոյտներու ընթացքին իր հայաբոյր քերթուածներու ասմունքով ու հայրենասիրական անհատական թէ հաւաքական երգերու զտարիւն ու անկեղծ մեկնաբանութիւններով՝ հաւատալով որ մշակութային գիտութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր ու անփոխարինելի հարստութեան ժառանգութիւնը կը կազմէ: Եւ թէ առանց որակի մշակոյթ չ’ըլլար, քանի որակը ինքնին մշակոյթ է:
Հիմա, ընկեր, քու երգդ չի կրնար մխիթարել մեզ, որպէսզի մեր վիշտը բուժէ, բայց երգդ պիտի մնայ մեր քով որպէս քու կողմէ մեր կեանքի անփոխարինելի բուժիչ ընկեր մը:
Ազգային խիղճի հարցերուն կը մօտենար հարազատ ընտանիքի պէս եւ այդ ընտանիքին Նոյ Նահապետն էր ան, իր շուրջ համախմբելով ազգին գերազանցօրէն նուիրուած իր հաւատաւոր գաղափարակից ընկերուհիին Լուսիին, Թագւորին, Լիզէթին, հանգուցեալ եղբայրներուն՝ Համբարձումին, Սերգոյին եւ իրենց ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Այդ հաւաքներուն ազգային հարազատութեան մթնոլորտը կը շէնցնէր, կ’ապրէր ու կ’ապրեցնէր հայութեան ցաւն ու ուրախութիւնը, գաղափարապաշտութեան անփոխարինելի սկզբունքները որոնց անսակարկ պաշտպանն ու պահապանն էր, բոլոր հայերուն մէջ անխտիր միայն հայրենասէր հայեր գտնելով ու արժեւորելով անոնց հայրենասիրութեան համեմատութիւններն ու չափորոշիչները, հարազատ թարգմանը ըլլալով մեր ժամանակներէն ծնունդ առնող հայութեան ազգային մարտահրաւէրներուն ու հեռանկարներուն, հաւատալով՝ որ միայն իրական հայրենասիրութիւնը մեր գոյատեւման հաստատ ենթահողը կը կազմէ, որ մեզ կրնայ վերադարձնել հայութեան ու Հայաստանին:
Ընկ. Օննիկը Հայաստան ալ այցելեց, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Թուրքիա, ուր իր եւ իր կնոջ Լուսիի ընտանիքներուն ծննդավայրը ճանչնալ ուզեց: Այս այցելութիւնները յուշի եւ ապրումներու մէջ թաղուած առասպելականացած վկայութիւններ կը կազմէին, որոնց ներշնչումով ապրած ու գոյատեւած էր պատանեկան տարիներէն, երբ այդ հայրենիքներով ապրեցաւ եւ ապրեցուց իր զգայուն ներաշխարհին խորքը, իր կեանքի շարունակականութիւնը երաշխաւորելով:
Սիրելի ընկեր Օննիկ. քու անվերադարձ ճամբորդութիւնդ մեզի համար շատ բան պիտի արժէ, քանի մեզի սորվեցուցած էիր, թէ այսպիսի ճամբորդութիւններ աժանէն աւելի սուղ կ’արժեն, քանի անոնք կեանքի բացուած փակագիծը կը փակեն ընդմիշտ, կորսնցուցած ըլլալով կեանքի բաղդատական առաւելութիւններու մարդու սեփական արժանաւորութեան չափանիշը:
Ժամանակը՝ դժբախտաբար տարիք ունի. կը հաշուէ իր տարիքը, մեր ծնած օրէն, անխնայօրէն մինչեւ վերջ, իր առանձնայատուկ դրոշմը կնքելով:
Ընկե՛ր, մեր ազգի վէրքերը ծնան մեր պատմութենէն. մեր կեանքէն: Պիտի ապրինք պատմութեան ցաւով:
Քու հեռացումովդ, արժանահաւատութեան կորուստ մը կ’ապրինք:
Քու կարօտդ հինին ու բացակային հետ կապ չունի անպայման. աւելին՝ կապ ունի մանաւանդ մեր ներկային հետ:
Կարօտը տարիք չունի. անկէ աւելին է. այն, որ այսօր կը բացակայի մեզմէ: