Տխրունի. Վարուժան Էլմասեան

0
1636

Ուր­բաթ՝ 10 ­Յու­լի­սին, հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պա­տո­ւա­կան հայ­րե­նա­կից մը, ­Վա­րու­ժան Էլ­մա­սեան։ ­Ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, յատ­կա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թեամբ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Գո­քի­նիոյ հայ հա­մայն­քի կեան­քին ։
­Վա­րու­ժան Էլ­մա­սեան ծնած էր 1928ին, Ա­թէն­քի մէջ։ ­Մեծ պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը իր ըն­տա­նի­քը ստի­պեց փո­խադ­րո­ւիլ Ա­թէն­քէն հե­ռու, ուր պա­տա­նի ­Վա­րու­ժան, իր աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ, ան­վերջ կը կար­դար, գրե­թէ մին­չեւ լոյս, ընդ­լայ­նե­լու հա­մար իր գի­տե­լիք­նե­րու հո­րի­զո­նը։ Այդ տա­րի­նե­րէն էր, որ ան դար­ձաւ մո­լի ըն­թեր­ցող ու մին­չեւ վերջ՝ իր կեան­քը հարս­տա­ցուց գիր­քե­րով եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ։ ­Նոյն հա­ւատ­քով, ­Վա­րու­ժան Էլ­մա­սեան ե­ղաւ «Ա­զատ Օր»ի ըն­թեր­ցող եւ բա­րե­կամ, իսկ կեան­քէն մեկ­նե­ցաւ՝ «Ա­զատ Օր»ը իր կող­քին։
­Պա­տե­րազ­մէն ետք Ա­թէնք վե­րա­դար­ձով, ­Վա­րու­ժան ստանձ­նեց հա­շո­ւա­պահ տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մէջ եւ մին­չեւ իր հանգս­տեան կո­չո­ւի­լը ե­ղաւ փոր­ձա­ռու հա­շո­ւա­պահ, որ իր լայն գի­տա­կան հմտու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հան­րա­յին կեան­քին։
Ա­մուս­նա­ցաւ գա­ղու­թիս վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի­նե­րէն՝ ­Շա­քէ Էլ­մա­սեա­նին հետ եւ բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եր­կու զա­ւակ­նե­րով՝ ­Թա­նիան եւ Ա­րա­մը, թոռ­նե­րով, ո­րոնք եւս մաս­նա­կից են գա­ղու­թի կեան­քին։
­Բա­ցի իր մտա­յին գի­տե­լիք­նե­րու անս­պառ հո­րի­զո­նէն, ­Վա­րու­ժան ե­ղաւ նաեւ բնու­թե­նա­սէր, լեռ­նագ­նաց եւ ձմեռ­նա­յին լու­ղորդ։
­Սի­րո­ւե­ցաւ բո­լո­րէն իր մա­քուր ու ազ­նո­ւա­կան վա­րո­ւե­լա­կեր­պին հա­մար։ ­Դիւ­րա­հա­ղորդ եւ մար­դա­սէր, պատ­րաս­տա­բան եւ սրա­միտ, միա­ժա­մա­նակ ե­ղաւ գուր­գու­րա­լից իր ըն­տա­նի­քին ու հա­րա­զատ­նե­րուն հան­դէպ։
Եր­կար տա­րի­ներ, իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը բե­րաւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ու ա­նոր յա­րա­կից խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ եւ բծախնդ­րու­թեամբ պա­հեց ազ­գա­յին հա­շիւ­նե­րը, դպրոց­նե­րու ման­րազ­նին հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը եւ հա­շո­ւա­պա­հա­կան բո­լոր ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­ներն ու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը։ ­Նաեւ, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բին մէջ ան­դա­մակ­ցու­թեամբ, իր ամ­բողջ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ հա­շիւ­նե­րու կա­նո­նա­ւոր եւ բծախնդիր կար­գա­ւոր­ման հա­մար։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ա­ռող­ջա­կան պայ­ման­նե­րը ­Վա­րու­ժա­նը պա­հե­ցին տան մէջ, ուր եւ սա­կայն, ան միշտ հե­տե­ւե­ցաւ ազ­գա­յին կեան­քին եւ ան­մասն չմնաց ա­նոր զար­գա­ցում­նե­րէն։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հօր քա­րո­զէն ետք, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­նու­նով դամ­բա­նա­խօ­սեց ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ո­րուն խօս­քը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ՝ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի
դամ­բա­նա­կան խօս­քը

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր եւ Ազգ. վար­չու­թեան կող­մէ մե­զի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ սի­րե­լի ան­ձի մը՝ ­Վա­րու­ժան Էլ­մա­սեա­նի ան­շունչ մարմ­նին առ­ջեւ վեր­ջին հրա­ժեշ­տի խօսք ար­տա­սա­նե­լը:
­Նախ­քան զինք ճանչ­նա­լը, իր մա­սին կը տե­ղե­կա­նա­յինք գա­ղու­թի հին սե­րուն­դի պա­տաս­խա­նա­տու ան­դամ­նե­րէն՝ ­Յա­րու­թիւն ­Մեք­թուպ­ճեա­նէն:
­Լա­ւա­գոյն խօս­քե­րով կ­՚անդ­րա­դառ­նար ­Վա­րու­ժա­նի անձ­նա­ւո­րու­թեան եւ բա­ցա­ռիկ հմտու­թեան՝ իր գոր­ծի նկատ­մամբ:
­Զինք ճանչ­ցանք երբ ըն­տա­նիք կազ­մեց մեր ու­սուց­չու­հի օ­րիորդ ­Շա­քէին հետ եւ այ­նու­հե­տեւ գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ մեր ազ­գա­յին կեան­քէն ներս: Իր հա­շո­ւա­պա­հի ձեռն­հա­սու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ մեր ազ­գա­յին կեան­քին, ստանձ­նե­լով Ազգ. վար­չու­թեան հա­շո­ւա­պա­հու­թիւ­նը:
­Միա­ժա­մա­նակ, եր­կար տա­րի­ներ ե­ղաւ Ազգ. վար­չու­թեան ան­դամ:
Հս­կա­յա­կան գոր­ծի կը կա­րօ­տի Ազգ. ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ վար­ժա­րան­նե­րու հա­շո­ւա­պա­հու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յիս մեծ չա­փով դիւ­րա­ցած է՝ շնոր­հիւ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ ար­դիա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու:
­Տա­րի­քով քիչ մը ա­ւե­լի մե­ծե­րը, ինչ­պէս խօ­սո­ղը, ապ­րե­ցանք ժա­մա­նակ­նե­րու, որ ոչ միայն հա­մա­կար­գիչ, այ­լեւ հա­շո­ւիչ մե­քե­նա­ներ չկա­յին:
Ե­րե­ւա­կա­յենք վայր­կեա­նի մը հա­մար, ժա­մա­նա­կին որ­քան դժո­ւար էր հա­շո­ւա­պահ­նե­րու գոր­ծը, երբ բո­լոր հա­շիւ­նե­րը ձեռ­քով կը պա­հո­ւէին: ­Գու­մա­րում, հա­նում, բազ­մա­պատ­կու­թիւն, բա­ժա­նում ա­ռանց հա­շո­ւիչ մե­քե­նա­յի:
­Քա­նի մը հո­գի պէտք էր աշ­խա­տէին հա­շո­ւա­պա­հա­կան գրա­սե­նեա­կի մը մէջ, ը­նե­լու հա­մար այն, որ այ­սօր մէկ հո­գի կի­սա­ժամ կրնայ ը­նել:
­Գոր­ծա­րար մար­դիկ լաւ գի­տեն, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած ըն­կե­րու­թեան մը թիւ մէկ պաշ­տօ­նեան հա­շո­ւա­պահն է եւ ա­ռանց յանձ­նա­ռու հա­շո­ւա­պա­հի՝ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը անհ­նա­րին է: ­Հա­շուա­պա­հը գոր­ծա­րա­րին աջ բա­զուկն է: ­Հա­շիւ­նե­րու ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը ժա­մա­նա­կին եր­կար ժա­մա­նակ կրնան խլել, որ անհ­րա­ժեշտ ստու­գում­նե­րը ըլ­լա­յին:
«­Վա­րու­ժան ինչ­պէ՞ս ես»:
«Ձ­գէ՛ տղայ, ե­րէկ մին­չեւ ուշ գի­շեր նստայ, որ Ազգ. վար­չու­թեան հա­շիւ­նե­րը պատ­րաս­տեմ», կ­՚ը­սէր իր իւ­րա­յա­տուկ հա­յե­րէ­նով:
Ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ տա­րի­նե­րով պա­հեց Ազգ. ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­շո­ւա­պա­հու­թիւ­նը, ման­րա­մասն՝ ե՛ւ դպրոց­նե­րու նա­խա­հա­շիւ­ներ, վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ, լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ գրա­ւոր տա­լով:
­Վա­րու­ժան պատ­րաստ էր ա­մէն ձե­ւով օգ­տա­կար ըլ­լալ գա­ղու­թին: Եր­բեք չմեր­ժեց ո­րե­ւէ գոր­ծի իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու: Ու­սում­նա­կան եւ տնտե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն իր կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ:
«­Զա­ւա­րեան»ի վե­րա­շի­նու­թեան յանձ­նա­խում­բին բե­րաւ իր ան­փո­խա­րի­նե­լի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ներդ­րու­մը:
­Բա­ցի թի­ւե­րէ եւ հա­շիւ­նե­րէ, ­Վա­րու­ժան մաս­նա­ւոր սէր ու­նէր մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տին հան­դէպ: Օ­տար լե­զու­նե­րու կը տի­րա­պե­տէր: ­Յա­ճախ ա­ճուրդ­նե­րու կը մաս­նակ­ցէր իր կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րէն ան­դին անց­նե­լով, որ­պէս­զի ա­րո­ւես­տի գործ մը ա­պա­հո­վէ, մա­նա­ւանդ ե­թէ հայ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի մը կը պատ­կա­նէր այն: Իր ու­նե­ցած հա­ւա­քա­ծոն ա­մէ­նէն հա­րա­զատ վկան է իր այս սէ­րին:
­Սի­րե­լի ­Վա­րու­ժան, հի­մա, որ այ­լեւս կը գտնուիս յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ճա­նա­պար­հին, քե­զի պի­տի ըն­կե­րակ­ցին մեր գնա­հա­տա­կան եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թին բե­րած կա­րե­ւոր եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­միդ հա­մար: ­Վարձքդ կա­տար:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ Ազգ. վար­չու­թեան կող­մէ մեր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ տի­կին ­Շա­քէին, ­Թա­նիա­յին ու իր ըն­տա­նի­քին, Ա­րա­մին, քոյ­րին եւ բո­լոր ազ­գա­կան­նե­րուն: