Տե­րեւ մը եւս ին­կաւ յու­նա­հա­յու­թեան ծա­ռէն, ձմռան այս տա­րօ­րի­նակ օ­րե­րուն։ Ք­սան­թիի հա­մայն­քի վաս­տա­կա­ւոր ան­դամ, ազ­նո­ւա­կան, բո­լո­րէն սի­րո­ւած ընկ. ­Վար­դան ­Պա­լատ­լեա­նը, 99 տա­րե­կան հա­սա­կին մէջ, իր աչ­քե­րը փա­կեց ապ­րած ըլ­լա­լով լե­ցուն եւ հա­յա­շունչ կեանք մը։
­Հան­գու­ցեա­լը ծնած էր ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ ­Մալ­ղա­րա շրջա­նէն ներս, 1922-ին։ ­Կը պատ­կա­նէր այն սե­րուն­դին, որ ճա­շա­կեց ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի եւ տար­հա­նու­մի հե­տե­ւանք­նե­րը։ ­Հա­զիւ վեց ամ­սու էր, երբ ըն­տա­նեօք փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս։ ­Ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին, նա­ւուն մէջ կը մա­հա­նայ իր մայ­րը եւ այ­նու­հե­տեւ կը զրկո­ւի մայ­րա­կան գուր­գու­րոտ գիր­կէն ու շուն­չէն։
­Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րը թա­փա­ռե­լէ ետք, իր ըն­տա­նի­քի մնա­ցոր­դա­ցը՝ հայ­րը, մեծ հայրն ու մեծ մայ­րը կայք կը հաս­տա­տեն Կ­րե­տէի Ի­րաք­լիօ քա­ղա­քը, ուր ­Վար­դան կ­՚անց­նէ իր ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րը։ ­Հոն ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Ի­րաք­լիո­նի հա­յու­թեան հան­րա­յին կեան­քին։ Բ. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ, ըն­տա­նի­քը կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ք­սան­թի եւ մնա­յուն կայք կը հաս­տա­տէ։
­Վար­դան ­Պա­լատ­լեան իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան հա­ւատ­քը բարձր կը պա­հէ ու ան­մի­ջա­պէս կը փու­թայ մաս­նակ­ցե­լու շրջա­նի հա­յու­թեան ինք­նու­թեան գո­յա­պայ­քա­րի հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րուն։ ­Կա­նուխ տա­րի­քէն մուտք կը գոր­ծէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը եւ մին­չեւ վերջ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն, իր ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քին եւ շուր­ջին­նե­րուն մօտ ներշն­չե­լով հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ ազ­գին ծա­ռա­յե­լու գե­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Ըն­տա­նիք կը կազ­մէ իր կեան­քի ըն­կե­րոջ՝ ­Մատ­լէն ­Խա­չա­տու­րեա­նին հետ, որ ան եւս կը դառ­նայ Հ.Գ.­Խա­չի ան­խոնջ սպա­սար­կու։ ­Կը բախ­տա­ւո­րո­ւին ե­րեք զա­ւակ­նե­րով, բո­լո­րին տա­լով հա­յա­շունչ դաս­տիա­րա­կու­թիւն, ազ­նիւ ո­գի, մարդ­կա­յին վսեմ ու ազ­նո­ւա­կան կրթու­թիւն, հա­յօ­րէն ապ­րե­լու ձգտում­ներ։
­Վար­դան ու իր կո­ղա­կի­ցը ժրա­ջա­նօ­րէն կը մաս­նակ­ցին քա­ղա­քի հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին։ ­Վար­դան կը դառ­նայ Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ ու իր կա­րե­լին կու տայ ազ­գա­յին կեան­քի ծաղ­կաց­ման հա­մար։
­Խոր ծե­րու­թեան հաս­նե­լով, իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց 26 ­Յու­նո­ւա­րին, իսկ եր­կու օր ետք՝ 28 ­Յու­նո­ւա­րին, տե­ղի ու­նե­ցաւ իր թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Ք­սան­թիի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Թա­գա­վա­րա­կի հի­ւան­դու­թեան տա­րած­ման պատ­ճա­ռով, թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­ղաւ միայն ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քի ու մօ­տիկ հա­րա­զատ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, զրկե­լով շրջա­նի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն հրա­ժեշ­տի վեր­ջին տուր­քը տա­լու զգացումը սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած ծե­րու­նա­զարդ հայ­րե­նա­կի­ցին։ Շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան իր քա­րո­զին մէ­ջէն վեր ա­ռաւ ­Վար­դան ­Պա­լատ­լեա­նի ար­ժա­նիք­ներն ու ա­նոր թո­ղած վաս­տա­կը Ք­սան­թիի հայ հա­մայն­քին մէջ։ «­Վէր­քե­րով լի» եր­գի ծանր կշռոյ­թին տակ, իր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։
­Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ ազ­նո­ւա­կան ընկ. ­Վար­դա­նին վրայ։