Որ­քան դժո­ւար է թեր­թի է­ջե­րէն անդ­րա­դառ­նալ ան­դարձ մեկ­նող­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի բե­ղուն շրջա­նը տա­կա­ւին չա­ւար­տած, կեան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ չվա­յե­լած, յան­կար­ծա­կիօ­րէն եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խան­շա­նի կ­՚անց­նին ան­դե­նա­կա­նին, ի­րենց ե­տին թո­ղե­լով հսկայ վիհ մը՝ ըն­տա­նե­կան, ըն­կե­րա­յին եւ հա­մայ­նա­կան կեան­քէն ներս։
Այդ­պի­սին ե­ղաւ պա­րա­գան բո­լո­րին հա­մար սի­րե­լի ու­սու­ցիչ, հա­մազ­գայ­նա­կան, ­Հայ դա­տի նուի­րեալ Ս­թաւ­րոս-­Խա­չիկ Ա­պա­րեա­նի կո­րուս­տով, որ 13 ­Յու­նի­սի այն մռայլ օ­րը, հա­զիւ երբ դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը հա­սած էր իր ա­ւար­տին, ան իր աչ­քե­րը փա­կեց վա­ղա­ժամ ու անս­պա­սե­լի մա­հով։ ­Կո­րուստ մը, որ ցնցիչ ե­ղաւ, գրե­թէ ան­հա­ւա­տա­լի, կար­ծես մար­դու ու­ղե­ղը չէր ու­զեր ըն­դու­նիլ, որ Ս­թաւ­րո­յին նման կեն­սու­նակ անձ մը այս աշ­խար­հը կը թո­ղէր ընդ­միշտ։
Ս­թաւ­րո­յի ե­րե­ւու­մը գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս գի­սա­ւո­րի մը ե­րե­ւոյ­թը ու­նե­ցաւ։ ­Յան­կարծ ե­րեւ­ցաւ, սա­կայն ա­րագ չան­ցաւ. մնաց, ար­մատ նե­տեց, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, ծաղ­կե­ցաւ ու ծաղ­կե­ցուց. թո­ղեց, որ իր ծաղ­կուն ծա­ռի շու­քին տակ բազ­մա­թիւ մար­դիկ զո­վա­նան, մա­նա­ւանդ իր դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք 36 տա­րի շա­րու­նակ ապ­րե­ցան Ս­թաւ­րո­յով, ինքն ալ ապ­րե­ցաւ ու բա­րե­կամ դար­ձաւ բո­լո­րին հետ։
­Հե­ռա­ւոր ­Լա­րի­սա­յէն էր Ս­թաւ­րօ Ա­պա­րեա­նը, որ երբ մեր մօտ ե­կաւ, Ս­թաւ­րոն ինք­նա­բե­րա­բար դար­ձաւ ­Խա­չիկ՝ հա­րա­զա­տօ­րէն, հա­յօ­րէն, կոր­սուած ար­մատ­նե­րու ո­րո­նու­մին մէջ գտած ըլ­լա­լով իր ու­րոյն աշ­խար­հը, հա­յու աշ­խար­հը։
Ա­պա­րեան ա­նու­նը հայ­կա­կան ար­մա­տով ու ո­ճով ա­նուն մը չէր։ Իր նախ­նի­նե­րը կը կո­չո­ւէին ­Համ­բա­րեան, սա­կայն ­Լա­րի­սա քա­ղա­քին մէջ, ուր հա­յու­թեան թի­ւը մա­տի վրայ համ­րո­ւած էր, Ս­թաւ­րո­յի պա­տո­ւա­կան ըն­տա­նի­քը կը ստի­պո­ւէր իր ա­նու­նը պատ­շա­ճեց­նել յու­նա­կան տա­ռե­րու եւ հնչիւն­նե­րու կա­ղա­պա­րին։ ­Հե­տաքրք­րա­կան էր իր զար­ման­քը, երբ հա­զիւ մէկ կամ եր­կու տա­րի ա­ռաջ «Ա­զատ Օր»-ի ան­ցեա­լի է­ջե­րուն մէջ գտնո­ւե­ցաւ իր մեծ հօր՝ ­Խա­չիկ ­Համ­բա­րեա­նի կա­տա­րած մէկ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը գա­ղու­թի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։ Այդ­պէս էր հին սե­րունդ­նե­րու հո­գե­կան ու գործ­նա­կան կա­պը գա­ղու­թի մայր կա­ռոյ­ցին հետ, ո­րուն ձայնն ու ար­ձա­գան­գը կը տա­րա­ծո­ւէր «Ա­զատ Օր»-ի ներ­կա­յու­թեամբ այդ հե­ռա­ւոր օ­ճախ­նե­րուն մէջ։
1980-ա­կան տա­րի­նե­րու կէ­սե­րուն, գա­ղու­թի մար­մին­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րով կա­րե­լի դար­ձաւ պե­տա­կան կրթա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րուն հետ լու­ծել յոյն ու­սու­ցիչ­նե­րու ա­պա­հով­ման խնդի­րը մեր դպրոց­նե­րուն հա­մար, ա­ռանց ծան­րա­բեռ­նե­լու դպրո­ցա­կան պիւտ­ճէն, որ լրջօ­րէն վտան­գուած էր օ­րո­ւան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ամ­սա­թո­շակ­նե­րու ան­հա­մե­մատ բարձ­րա­ցու­մին պատ­ճա­ռով։ Այ­լեւս կա­րե­լի կ­՚ըլ­լար ա­պա­հո­վել պե­տա­կան հա­մա­կար­գին պատ­կա­նող յոյն ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնց պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը Հ.Կ.­Խա­չի դպրոց­նե­րէն ներս հա­մա­զօր կը դառ­նար պե­տա­կան վար­ժա­րա­նի մը մէջ ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան։
Այն­պէս ե­ղաւ, որ Ս­թաւ­րո­յի ա­նու­նը ե­րեւ­ցաւ թեկ­նա­ծու ու­սու­ցիչ­նե­րու ցան­կե­րուն մէջ ու ե­րի­տա­սարդ հայ­րե­նա­կի­ցը դար­ձաւ Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ, այ­նու­հե­տեւ եր­բեք ան­կէ դուրս չգա­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ, որ ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ միայն իր վա­ղա­ժամ մա­հով։
Իր նկա­րա­գի­րով, բաց ու ան­կեղծ վա­րո­ւե­լա­կեր­պով, ազ­նիւ ու կիրթ վե­րա­բե­րու­մով, ե­րի­տա­սար­դա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ, ըն­կե­րա­յին կա­պե­րուն նշա­նա­կու­թիւն տա­լու զգայ­նու­թեամբ, այ­լեւս ­Խա­չիկ դար­ձած Ս­թաւ­րոն իր հա­րա­զատ տե­ղը գտաւ ա­շա­կեր­տու­թեան, ծնող­նե­րուն եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն մօտ՝ միշտ պատ­րաս­տա­կամ, միշտ տրա­մա­դիր՝ իր ամ­բողջ ու­ժե­րը լա­րե­լու ի նպաստ հայ դպրո­ցին։ Ո­րոշ տա­րի­նե­րու հա­մար ստանձ­նեց նաեւ պե­տու­թեան դի­մաց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը, զոր ա­մե­նայն խղճմտու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գե­րա­գոյն զգա­ցու­մով տա­րաւ այն­քան որ­քան պա­հան­ջո­ւե­ցաւ։
Իր կոր­սո­ւած հայ­կա­կա­նու­թիւնն էր, որ ան գտաւ ու մշա­կեց յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ, ա­ռանց եր­բեք մա­նուկ տա­րի­քէն ըն­տե­լա­ցած ըլ­լա­լու գա­ղու­թա­յին կեան­քին հետ, ա­ռանց եր­բեք ա­շա­կեր­տա­կան, սկաու­տա­կան, պա­տա­նե­կան կամ ե­րի­տա­սար­դա­կան ան­դաս­տան­նե­րէն ան­ցած ու կա­նու­խէն կազ­մա­ւո­րուած ըլ­լա­լու որ­պէս հայ ան­հատ եւ գի­տա­կից ազ­գա­յին։ ­Սա­կայն, Ս­թաւ­րոն շու­տով ցու­ցա­բե­րեց խոր գի­տակ­ցու­թիւն եւ ան­սահ­ման յար­գանք գա­ղու­թի կա­ռու­ցո­ւած­քին եւ մար­մին­նե­րուն, ա­նոր գոր­ծե­լա­կեր­պին, զգայ­նու­թիւն­նե­րուն եւ մթնո­լոր­տին հան­դէպ, նախ հե­տե­ւե­լով հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թացք­նե­րու, ա­պա լիո­վին ըմբռ­նե­լով եւ իւ­րացնե­լով մեր գա­ղու­թա­յին կեան­քի բո­լոր ե­րես­նե­րը, իր վար­չա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բա­ժին­նե­րով։
­Հա­մազ­գայ­նա­կան Ս­թաւ­րոն-­Խա­չի­կը սի­րեց հայ մշա­կոյ­թը, ա­պա ­Հա­մազ­գա­յի­նի տե­ղա­կան եւ Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րուն մէջ իր եր­կա­րա­մեայ մաս­նակ­ցու­թեամբ հետք թո­ղեց նա­խորդ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին զար­գա­ցած մշա­կու­թա­յին բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, որ ծա­ւա­լե­ցաւ ա­կումբ­նե­րէն ներս եւ դուրս, հայ մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նը հա­րա­զա­տօ­րէն ըն­տե­լա­ցուց յոյն մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ եւ բարձ­րո­րակ ե­լոյթ­նե­րով ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­կը պա­հեց իր մա­կար­դա­կին վրայ։
­Հա­կա­ռակ ­Լա­րի­սա­յէն ե­կած ե­րի­տա­սար­դի մը անմ­շակ կա­պե­րու նախ­նա­կան պատ­կե­րին, Ս­թաւ­րոն կա­նու­խէն ստեղ­ծեց հան­րա­յին կա­պե­րու լայն դաշտ մը, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան, ա­կա­դե­մա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ ու­նե­ցաւ այն­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք իւ­րա­յա­տուկ էին իր ան­ձին ու խառ­նո­ւած­քին հա­մար։ Այդ «զէն­քե­րով» օժ­տո­ւած, ան տա­րի­ներ ա­ռաջ մուտք գոր­ծեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին մէջ եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ ի­րե­րա­յա­ջորդ կազ­մե­րուն, հել­լէն քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ յա­ռաջ մղե­լով ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք այն­քան կա­րե­ւոր տեղ ու նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան յատ­կա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին՝ որ­պէս բա­րե­կամ եւ դաշ­նա­կից եր­կիր, ­Հա­յաս­տա­նին ու ­Հայ դա­տին զօ­րա­վիգ կանգ­նող պե­տու­թիւն եւ բախ­տա­կից ժո­ղո­վուրդ։
­Մա­նա­ւանդ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին մէջ գոր­ծող ե­րի­տա­սարդ մեր ըն­կեր­նե­րը մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն քա­ղե­ցին Ս­թաւ­րո­յի գոր­ծե­լա­ձե­ւէն, ո­րու յա­րա­բե­րա­կան փոր­ձա­դաշ­տը մե­ծա­պէս նպաս­տեց յանձ­նա­խում­բի ա­մէն տե­սա­կի ծրա­գիր­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան։
Ա­հա, գա­ղու­թա­յին բազ­մա­տե­սակ ճամ­բա­նե­րէն ան­ցած եւ իր գործն ու նո­ւի­րու­մը ա­նա­ւարտ թո­ղած մեր սի­րե­լի ու­սու­ցի­չը եւ հան­րա­յին ան­ձը ընդ­միշտ կը հե­ռա­նար մեզ­մէ, մեծ բաց մը թո­ղե­լով կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն ներս։
Ս­թաւ­րօ-­Խա­չիկ Ա­պա­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի, 16 ­Յու­նի­սին, ­Նէա Զ­միռ­նիի գե­րեզ­մա­նա­տան մա­տու­ռին մէջ։ ­Խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը՝ հա­րա­զատ­ներ, բա­րե­կամ­ներ, գոր­ծա­կից­ներ ու իր նախ­կին ա­շա­կերտ­նե­րը, փու­թա­ցած էր յար­գան­քի վեր­ջին տուր­քը տա­լու մեր սի­րե­լի հայ­րե­նա­կի­ցին։
­Յա­նուն Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ա­ղօ­թեց ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով դամ­բա­նա­խօ­սեց ընկ. ­Դա­ւիթ ­Պետ­րո­սեան, «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նին կող­մէ ու­սուց­չու­հի ­Տես­փի­նա ­Մա­քե­տո­նո­փու­լու փո­խան­ցեց Ս­թաւ­րո­յի գոր­ծա­կից­նե­րուն վիշ­տը, ա­պա իր ման­կա­կան ըն­կեր­նե­րէն մէ­կը յու­զու­մով խօ­սե­ցաւ ա­նոր ար­ժա­նիք­նե­րուն մա­սին։
­Բա­րի ճա­նա­պարհ, սի­րե­լի Ս­թաւ­րօ-­Խա­չիկ, հան­գիստ՝ ա­ճիւն­նե­րուդ եւ մխի­թա­րանք՝ տիկ­նոջդ ու սի­րա­սուն զա­ւակ­նե­րուդ։

Ք.Է.