­Մօտ 40 օ­րեր ա­ռաջ, «Ա­զատ Օր»-ի ըն­տա­նի­քը հրա­ժեշտ տո­ւաւ եր­կար տա­րի­նե­րու իր նո­ւի­րեալ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րէն՝ ընկ. ­Ռե­բե­կա ­Պա­րա­զեա­նին։ ­Մեր թեր­թի ե­րախ­տա­շատ ծա­ռա­յող­նե­րու փա­ղան­գին կը պատ­կա­նէր հան­գու­ցեա­լը, ո­րուն ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տը մնաց շու­քի մէջ, ա­ռանց աղ­մու­կի, միշտ լուռ ու զուսպ, հա­մես­տու­թեան սահ­ման­նե­րը եր­բեք չհա­տե­լու դի­տա­ւո­րու­մով։ ­Ռե­բե­կան ծնած էր ­Ֆիք­սի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ, 1946-ին, ման­կու­թեան ու պա­տա­նե­կու­թեան ան­հոգ տա­րի­նե­րը ա­ռանց վա­յե­լե­լու պեր­ճան­քին՝ այն օ­րե­րու դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Ըն­կե­րա­յին նեղ ի­րա­վի­ճա­կը սոս­կա­լի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէր գաղ­թօ­ճա­խի հա­յու­թեան, որ սա­կայն տո­կու­նու­թեամբ ու համ­բե­րու­թեամբ դի­մագ­րա­ւեց ա­մէն տե­սա­կի խո­չըն­դոտ։
Ռե­բե­կան, իր վաղ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուն մտաւ գոր­ծի աս­պա­րէզ, օգ­նա­կան դառ­նա­լով իր ա­ւագ եղ­բօր անձ­նա­կան ձեռ­նար­կու­թեան մէջ։ ­Սա­կայն, տար­բեր ա­ռա­քե­լու­թիւն մը նա­խա­տե­սո­ւած էր ­Ռե­բե­կա­յին հա­մար՝ դառ­նա­լով «Ա­զատ Օր»-ի հա­յա­կերտ ըն­տա­նի­քի հա­րա­զատ մէկ ան­դա­մը ու ան­խոնջ նո­ւի­րեա­լը։ Իր ան­մո­ռա­նա­լի եղ­բօր՝ թեր­թիս վաս­տա­կա­շատ խմբա­գիր ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան ու խնամ­քին տակ, ­Ռե­բե­կան պի­տի դառ­նար օ­րա­թեր­թի ա­ռօ­րեա­յի սեւ գոր­ծին նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տո­ղը։ Ա­մէն օր, ա­մե­նայն բծախնդրու­թեամբ, իր աշ­խա­տան­քի ժա­մե­րը կը բաժ­նէր խմբագ­րա­տու­նէն տպա­րան հաս­նե­լով, ան­կէ ետք նա­մա­կա­տուն, ցրո­ւիչ­նե­րուն հետ օ­րա­կան թի­ւի բա­ժա­նու­մի հա­մադ­րում եւ տա­կա­ւին շարք մը ար­տա­քին պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք ձեռն­հա­սօ­րէն կը կա­տա­րէր հան­գու­ցեա­լը։ ­Հա­մակ նո­ւի­րում ե­ղան «Ա­զատ Օր»-ին մէջ իր տա­րի­նե­րը, ո­րուն հան­դէպ տա­ծեց սէր եւ գուր­գու­րանք։
Հ­պարտ կը զգար իր եղ­բօր խմբագրա­կան աշ­խա­տան­քին հա­մար, ա­նոր չափ կը տքնէր թեր­թի ա­ռօ­րեա­յին մա­սին, միշտ վա­րա­գոյ­րին ե­տե­ւը, սա­կայն պինդ ու տո­կուն։ Ազ­նիւ նկա­րա­գի­րի տէր էր ­Ռե­բե­կան։ Ա­նուշ խօս­քով, հան­դարտ ու ազ­նիւ, իր տխուր աչ­քե­րուն մէջ կը ցո­լար լա­ւա­տե­սու­թեան նշոյլ մը, ո­րուն բա­րի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը տեղ կը գտնէր իր խօս­քին մէջ, մար­դոց հետ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին։ ­Ռե­բե­կան չբա­ւա­կա­նա­ցաւ միայն թեր­թին մէջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լով։ Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն կա­տա­րեց դաշ­նակ­ցա­կա­նի եր­դու­մը, միշտ ներ­կայ ըլ­լա­լով ժո­ղով­նե­րուն եւ հա­ւաք­նե­րուն։ ­Ֆիք­սի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ ե­ղաւ ու ­Միու­թեան հայ­րե­նա­նո­ւէր նպա­տակ­նե­րուն ջերմ սի­րա­հա­րը դար­ձաւ իր գոր­ծով ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ ­Դեռ, յատ­կան­շա­կան է եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ իր նուի­րա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­մազ­գա­յի­նի երգ­չա­խում­բին, ե­րախ­տա­շատ խմբա­վար ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի ճպո­տին տակ, ու այ­նու­հե­տեւ սի­րո­ւած մնա­ցեալ խմբա­վար­նե­րուն հետ։ Իր եղ­բօր՝ ­Յով­սէ­փի ա­նակն­կալ մա­հը սուղ ազ­դեց իր հո­գե­կան աշ­խար­հին վրայ։ ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ա­նոր հետ թեր­թին մէջ ճամ­բայ կտրած ­Ռե­բե­կան դժո­ւար թէ հաշ­տո­ւե­ցաւ ի­րեն ան­սահ­ման գուր­գու­րանք տա­ծող կրտսեր եղ­բօր կո­րուս­տին հետ։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսաւ տկա­րա­նալ, այ­լեւս իր յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը գա­ղու­թի կեան­քէն ներս ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ։
«Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ե­լոյ­թին, պար­գե­ւատ­րո­ւող­նե­րու շար­քին էր ան, սա­կայն ֆի­զի­քա­պէս ան­կա­րող էր շար­ժիլ ու անձ­նա­պէս ստա­նալ ե­րախ­տա­գի­տա­կան պար­գե­ւը։
­Քա­նի մը օր վերջ, ան իր վեր­ջին շուն­չը փչեց. իր մա­հը կսկիծ պատ­ճա­ռեց իր հա­րա­զատ­նե­րուն, այ­լեւ «Ա­զատ Օր»-ի ըն­տա­նի­քին եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ուր­բաթ, 15 ­Մար­տին, ­Ֆիք­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան հա­րա­զա­տօ­րէն ու­րո­ւագ­ծեց հան­գու­ցեա­լին ազ­նիւ նկա­րա­գի­րը, բա­նա­լով ա­նոր հա­մես­տու­թեան ու ազ­նո­ւա­կան հո­գիին ծալ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ իր տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը։
«Ա­զատ Օր»-ի եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն ա­նու­նով խօ­սե­ցաւ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ մատ­նան­շեց ­Ռե­բե­կա ­Պա­րա­զեա­նի ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի տա­րի­նե­րը թեր­թին մէջ, նաեւ գա­ղու­թա­յին այ­լա­զան ծա­ռա­յու­թիւ­նը տար­բեր դաշ­տե­րէն ներս։ ­Հուսկ, իր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ եր­գուած «­Վէր­քե­րով լի» եր­գի հնչիւ­նին տակ։ ­Հան­գիստ իր յոգ­նա­բեկ հո­գիին։

Ք.Է.