Տխրունի — Պերճուհի Գզիրեան

0
142

­Հինգ­շաբ­թի, 1 ­Փետ­րո­ւար 2024-ին, հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի բա­րե­րա­րու­հի եւ հա­ւա­տա­րիմ ան­դամ ­Պեր­ճու­հի Գ­զի­րեան:
­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ֆիք­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ: Ա­պա՝ մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ ­Քալ­լի­թէա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:
­Դամ­բա­նա­կան խօսք ար­տա­սա­նեց Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան: Ս­տո­րեւ՝ կը հրա­տա­րա­կենք դամ­բա­նա­կան խօս­քը:

Այ­սօր, ցուրտ հո­ղին պի­տի յանձ­նենք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի բա­րե­րա­րու­հի՝ ­Պեր­ճու­հի Գ­զի­րեա­նի ան­շունչ մար­մի­նը:
­Գաղ­թա­կան սե­րուն­դի զա­ւակ՝ ան ծնած ու հա­սակ ա­ռած էր ­Ֆիք­սի հա­յա­շատ շրջա­նին մէջ: 60-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, այլ հայ­րե­նա­կից­նե­րու կար­գին, իր ըն­տա­նի­քը եւս ստա­ցած էր ­Քա­լի­թէա­յի գաղ­թա­կա­նա­կան բնա­կա­րան­նե­րէն եր­կու սե­նեակ­նոց յար­կա­բա­ժին մը:
­Պեր­ճու­հին ու­նէր քոյր մը, Ա­զա­տու­հին, մա­հա­ցած 17 տա­րի ա­ռաջ: Ա­զա­տու­հիի ողջ ե­ղած ժա­մա­նա­կէն, եր­կու քոյ­րե­րը ո­րո­շած էին ի­րենց միակ ու­նե­ցած կա­լո­ւա­ծը կտա­կել ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, գնա­հա­տե­լով ու հա­ւա­տա­լով ա­նոր ազ­գա­յին ու բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
­Հայ­րե­նա­սէր եւ ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Պեր­ճու­հին՝ միշտ ներ­կայ ե­ղաւ հայ գա­ղու­թի կեան­քին մէջ, յար­գո­ւած եւ սի­րո­ւած ան­դամ մըն էր իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս, շնոր­հիւ իր հա­մեստ ու ազ­նիւ բնա­ւո­րու­թեան:
­Հա­կա­ռակ ժա­մա­նա­կի տի­րող դժո­ւար պայ­ման­նե­րուն՝ կա­րո­ղա­ցած էր իր ար­հես­տով՝ վար­սա­յար­դա­րու­թեամբ, ար­ժա­նա­վա­յել կեանք մը ա­պա­հո­վել իր մօր եւ քրոջ հա­մար:
­Սի­րե­լի­ներ, ­Պեր­ճու­հիի եւ Ա­զա­տու­հիի նման ազ­գա­յին­ներն են, ո­րոնք ի­րենց սրտա­փուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով եւ յա­ւեր­ժաց­նե­լով ի­րենց ա­նու­նը կը նպաս­տեն հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ ին­չու չէ՝ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման:
­Վարձքդ կա­տար սի­րե­լի ­Պեր­ճու­հի, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ պի­տի յի­շէ ձեր բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը եւ վստահ ե­ղէք, թէ ձեր օգ­նու­թիւ­նը պի­տի հաս­նի իր նպա­տա­կին:
­Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն:
­Հո­ղը թե­թեւ գայ ձեր վրան: