Տխրունի. Յարութիւն Ժամկոչեան

0
829

­Տե­րե­ւա­թա­փը խլեց սի­րե­լի եւ ծա­նօթ հայ­րե­նա­կից մը եւս, եղբ. ­Յա­րու­թիւն ­Ժամ­կո­չեա­նը։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամ­բով իր հետ­քը ձգեց ­Գո­քի­նիոյ հայ գա­ղու­թին վրայ, տա­րի­ներ շա­րու­նակ ծա­ռա­յե­լով ­Միու­թեան շար­քե­րէն ներս։
­Յա­րու­թիւն ­Ժամ­կո­չեան ծնած էր 1954ին, տա­կա­ւին գաղ­թա­կա­յան հա­մա­րո­ւած ­Գո­քի­նիոյ մէջ, իր հին տու­նե­րով, բայց նաեւ հա­յու­թեան սրտի զօ­րա­ւոր տրո­փիւն­նե­րով։ ­Մա­նուկ հա­սա­կէն իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ը­րաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տա­րա­զով, որ­պէս գայ­լիկ, ա­պա սկաուտ եւ խմբա­պետ, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լով ­Միու­թեան մէջ, թէ՛ իր յաղ­թան­դամ կազ­մո­ւած­քով, բայց մա­նա­ւանդ իր ժպտուն ու մաք­րա­մա­քուր բնա­ւո­րու­թեամբ։ Ա­ւե­լի յե­տոյ, իր մար­զա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ծա­ւա­լեց ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ոտ­նագն­դա­կի խում­բէն ներս, ուր նշա­նա­ւոր դար­ձաւ իր զօ­րա­ւոր ոտ­քի հա­րո­ւած­նե­րով գնդա­կին վրայ, ու­ժեղ խա­ղար­կու­թեամբ։ ­Յատ­կան­շա­կան էր, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, նա­խան­ձախն­դիր ե­ղաւ որ­պէս­զի հա­յու­թեան ա­նու­նը լսե­լի դառ­նայ օ­տար մար­զիկ­նե­րուն մօտ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պա­տիւն ալ՝ ա­նա­ղարտ։
Իր հա­սուն տա­րի­նե­րուն, եր­կար ժա­մա­նակ դար­ձաւ շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­չա­կան, ոտ­նագն­դա­կի պա­տաս­խա­նա­տու եւ ջա­նաց իր ներդ­րու­մը ու­նե­նալ մար­զա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն եւ ­Միու­թեան վե­րել­քին։
Ըն­տա­նիք կազ­մե­լով, իր զա­ւակ­նե­րուն սրսկեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ո­գին, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րեն յատ­կա­պէս սկաու­տա­կան մար­զէն ներս։
­Վեր­ջերս, իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը ծան­րօ­րէն խան­գա­րո­ւած էր եւ հա­սաւ անսպա­սե­լին՝ խոր սու­քի մէջ մատ­նե­լով իր հա­րա­զատ­նե­րը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ըն­տա­նի­քը։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Յու­լի­սին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­չու­թեան ա­նու­նով դամ­բա­նա­խօ­սեց քոյր ­Գո­հար Ա­լէա­նա­քեան։ ­Խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի դամ­բա­նա­կա­նը՝
քոյր ­Գո­հար Ա­լէա­նա­քեա­նին կող­մէ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ըն­տա­նի­քը այ­սօր ա­ւե­լի աղ­քատ կը զգայ։
­Կեան­քի ճա­կա­տա­գի­րը իր ժա­մէն ա­ռաջ մեր քո­վէն խլեց սի­րե­լի եղբ. ­Յա­րու­թիւն ­Ժամ­կո­չեա­նը, որ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին սի­րեց ու յար­գեց մեր մար­զա­կան մեծ ­Միու­թիւ­նը։ Ո՛չ թէ միայն սի­րեց, այ­լեւ ծա­ռա­յեց հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով։
Ա­ւե­լի աղ­քատ կը զգանք, ո­րով­հե­տեւ մեր քո­վէն պի­տի պակ­սի եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նի բա­րի նկա­րա­գի­րը, սուր նա­յուած­քը, իր ժպի­տը, իր եղ­բայ­րա­սի­րու­թիւ­նը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հան­դէպ ան­սա­կարկ սէ­րը եւ պաշ­տա­մուն­քը։
­Կար­ծես Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ծնած ըլ­լար եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նը։ Ամ­բողջ ըն­տա­նիք մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց, ապ­րե­ցաւ ա­նոր հետ, ու­րա­խա­ցաւ իր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ո՛չ միայն եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նը, այ­լեւ իր եղ­բայր­նե­րը՝ Սմ­բա­տը եւ Ե­ղի­շէն, բո­լո­րը միա­սին, մեկ ձեռ­քի նման ե­ղան ու կը շա­րու­նա­կեն մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սի­րա­հար­նե­րը։ Ի՞նչ յի­շել եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան կեան­քէն։
­Փոքր տա­րի­քէն մտաւ գայ­լի­կա­կան շար­քե­րը, ե­ղաւ սկաուտ, իր կուրծ­քին վրայ հպար­տու­թեամբ կրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի զի­նան­շա­նը, եր­գեց իր քայ­լեր­գը, տո­ղան­ցեց ա­նոր դրօ­շին տակ։
­Պահ մը հա­սաւ, երբ եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նը իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը տո­ւաւ ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ոտ­նագն­դա­կի խում­բին, հա­գո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շա­պի­կը եւ ու­զեց, որ մեր միու­թեան ա­նու­նը, «Ար­մե­նի­քի»ն, հպար­տօ­րէն լսո­ւի յու­նա­կան դաշ­տե­րուն մէջ։ ­Լաւ մար­զիկ էր, բայց մա­նա­ւանդ տի­պար էր, այն­պէս ինչ­պէս կը վա­յե­լէ միու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք միշտ կը յար­գեն «­Բարձ­րա­ցիր – ­Բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նը։
Եղբ. ­Յա­րու­թիւն ժամ­կո­չեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կան։ ­Նոյն նո­ւի­րու­մով եւ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ, իր կա­րե­լին տո­ւաւ մաս­նա­ճիւ­ղին, որ­պէս­զի մեր մար­զա­կան խում­բե­րը ար­ժա­նա­վա­յել ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­նան դաշ­տե­րէն ներս։ ­Ներ­կայ էր ժո­ղով­նե­րուն, ներ­կայ էր մար­զա­դաշ­տին մէջ, թան­կա­գին ժա­մա­նակ նո­ւի­րեց, որ­պէս­զի մեր միու­թեան գոր­ծե­րը յա­ռաջ եր­թան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­նու­նը միշտ բարձր մնայ։
Եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նը իր կեան­քին մէջ ջա­նաց ըլ­լալ աշ­խա­տա­սէր եւ գոր­ծու­նեայ։ ­Կազ­մեց ըն­տա­նիք, բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եր­կու զա­ւակ­նե­րով, քոյր ­Մա­րի­լի­կը եւ եղբ. ­Յով­հան­նէ­սը, ո­րոնց փո­խան­ցեց մեր ­Միու­թեան ո­գին, որ­պէս­զի ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նան մար­զա­կան բաժ­նին ու մին­ջեւ վեր­ջերս՝ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղին, իբ­րեւ խմբա­պետ­ներ:
Եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նը զբա­ղե­ցաւ ա­ռետ­րա­կան գոր­ծե­րով ու նաեւ փոր­ձեց միշտ իր շուր­ջին­նե­րը ու­րախ պա­հել։ Ըն­տա­նե­կան եւ բա­րե­կա­մա­կան հա­ւաք­նե­րուն գի­տէր ու­րա­խու­թեամբ շենց­նել սե­ղա­նը, բա­րի սրտով եւ ժպի­տով հաս­նիլ բո­լո­րին։
­Վեր­ջին շրջա­նին, շատ տա­րա­պե­ցաւ եղբ. ­Յա­րու­թը։ ­Հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­մէն օր մա­շե­ցուց ա­նոր, տկա­րա­ցուց, եւ ի վեր­ջոյ՝ իր յոգ­նած մար­մի­նը չդի­մա­ցաւ։
Ա­յո, Հ.Մ.Ը.­Մա­կան մը իր ժա­մէն ա­ռաջ կը մեկ­նի, երբ տա­կա­ւին ան գի­տէր, որ իր ամ­բողջ ու­ժե­րով պի­տի ու­զէր օգ­տա­կար դառ­նալ իր սի­րած միու­թեան։ ­Սա­կայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կանգ չառ­ներ։ Եղբ. ­Յա­րութ, հան­գիստ ե­ղիր, որ քու սի­րած ­Միու­թիւնդ պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­յա­պահ­պա­նու­մը եւ հայ ե­րի­տա­սար­դի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։
­Հան­գիստ մեկ­նիր, գոր­ծը շա­րու­նա­կող­նե­րը հոս են, քե­զի վեր­ջին բա­րե­ւը տա­լու հա­մար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով, մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ հան­գու­ցեա­լի ըն­տա­նի­քին, զա­ւակ­նե­րուն եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն։
­Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ սի­րե­լի եղբ. ­Յա­րու­թիւ­նին վրայ։