Յունահայ գաղութի ազնուական անդամներէն եւս մէկը՝ Յարութիւն Թագւորեան, կեանքէն հեռացաւ Ապրիլի առաջին օրերուն։ Հանգուցեալը կը պատկանէր այն սերունդին, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքէն ետք լծուեցաւ յունահայ գաղութի վերածաղկումի գործին, իր յատկանշական դրոշմը ձգելով հետագայ սերունդներու հայատիպ կազմաւորման ու հայրենանուէր ծառայութեան ազնիւ սկզբունքներուն վրայ։
Յարութիւն Թագւորեան ծնած էր 1935-ին, Գոքինիոյ գաղթակայանին մէջ։ Իր մանկական տարիներուն ճաշակած էր գերմանական գրաւումին դաժան օրերը, սակայն այդ արգելք չեղաւ, որպէսզի իր պատանեկան եւ երիտասարդական կեանքին ընթացքին վարժարան յաճախէ եւ դժուար պայմաններուն տակ ըլլայ մէկը այն առանձնաշնորհեալ երիտասարդներէն, որոնք կարողացան մուտք գործել յունական պետական համալսարան եւ բարձրագոյն ուսում ստանալ։ 1948-49 տարիներուն ան շրջանաւարտն էր Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը ստանալէն ետք, մուտք գործեց ու աւարտեց Փիրէայի պետական առեւտրական համալսարանը, նուաճում մը, որ կարելի եղաւ ի սպաս դնել իր հետագայ առեւտրական ասպարէզին մէջ։ Ձեռնհասութեամբ վարեց անուշեղէնի ընտանեկան ձեռնարկութիւնը, զայն հասցնելով նախանձելի մակարդակի մը։
Գոքինիոյ հայաւանին մէջ, Յարութիւն Թագւորեան փոքր տարիքէն սկսաւ մաս կազմել ակմբային կեանքին, ներկայութիւն ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Յ.Դ. պատանեկան եւ երիտասարդական շարժումներուն։ Կանուխէն մուտք գործեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը հաւատարիմ մնաց իր պատկանած կուսակցութեան ազգային առաջադրանքներուն։ Ժողովական կեանքէն ներս եղաւ սակաւախօս, բայց ուշիմ կերպով եւ լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր ժողովի ընթացքին եւ յարմար պահուն զուսպ արտայայտութիւններով գիտէր իր կարծիքը արտայայտել։ Նաեւ, ամենայն կանոնաւորութեամբ մասնակցեցաւ բոլոր ժողովներուն ու գործունէութեան, նոր սերունդներուն մօտ օրինակ դառնալով իր բարոյական եւ նիւթական պարտաւորութիւնները անշեղօրէն կատարելուն համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը դարձաւ Յարութիւն Թագւորեանի անշահախնդիր ծառայութեան կիզակէտը։ Երկար տարիներ ան եղաւ անդամ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան, իր շուրջ ունենալով գործակիցներ, որոնք աւանդ թողեցին Միութեան մէջ։ Տարիներ ետք, իր ունեցած ներդրումին համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յառաջդիմութեան եւ ծաղկումին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Արժանեաց շքանշան»ով, որպէս գնահատանք իր բազմամեայ անխոնջ նուիրումին։
Յարութիւն Թագւորեան ունեցաւ նաեւ ներկայութիւն ազգային կեանքին մէջ, տարիներու վրայ ըլլալով Ազգային Առաջնորդարանի Տնտեսական խորհուրդի անդամ։ Հաւատաց հայակրթութեան որոշիչ դերին նոր սերունդին մօտ եւ ճիգ չխնայեց, որպէսզի Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու գործունէութիւնը ըլլայ անխափան։ Իր աշխատանքը եւ ծառայութիւնը գնահատուած էր նաեւ Աթէնքի Հոգաբարձութեան կողմէ եւ ան պարգեւատրուած էր յուշատախտակով մը։
Ամուսնացած էր թեսաղոնիկահայ Մայտա Տէրանեանին հետ եւ բախտաւորուած երկու աղջիկ զաւակներով՝ Անին եւ Յասմիկը, որոնք իրենց կարգին եւս մասնակից են գաղութային կեանքին։ Իր կողակիցը ժրաջան անդամն էր Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ Աթէնքի «Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան։
Տարիներ առաջ, դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր սիրելի Մայտան, սակայն շարունակեց կանոնաւոր հերթականութեամբ մասնակցիլ գաղութային կեանքին։
Վերջին տարիներուն, իր առողջութիւնը տկարացած ըլլալով, վայելեց իր զաւակներու եւ թոռներու հոգածութիւնը, որոնք մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը իր կողքին մնացին եւ գուրգուրացին անոր վրայ։ Իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց 5 Ապրիլին, իսկ երկու օր ետք տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը։
Համավարակի խիստ սեղմումներուն պատճառով կարելի չեղաւ որպէսզի մեծ թիւով բարեկամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ եւ գաղափարի ընկերները ներկայ ըլլան եկեղեցի։ Գաղութային կառոյցներուն անունով քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ մէկ առ մէկ թուեց Յարութիւն Թագւորեանի ծառայական տարիները ու անոր անբասիր նկարագիրը։
Վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ Սխիսթոյի գերեզմանատունը, ուր գաղափարի ընկերներուն կողմէ երգուած «Վէրքերով լի» երգի ծանր կշռոյթին տակ, հանգուցեալի մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Հողը թեթեւ ըլլայ մեր սիրելի եւ ազնուոգի ընկերոջ վրայ։
Ք.Է.