Քառասուն օրեր առաջ, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց յունահայ գաղութի մտաւորական հոյլի իւրայատուկ դէմք մը՝ Յակոբ Ճէլալեան։
Բազում տաղանդներով օժտուած, հայ գիրին ու մշակոյթին հանդէպ «անդիմադրելի» սէր ցուցաբերած Յակոբը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին յատկանշական դրոշմ ձգեց հայ գրականութեան, թարգմանչական աշխատանքին, մշակոյթին, արուեստին, ազգագրութեան եւ երաժշտական բնագաւառներուն վրայ։
Հոգեմտային անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, իր ետին թողեց արժէքաւոր գործեր, հայկական արուեստի եւ մշակութային գանձերու հաւաքածոներ։
Յիշատակութեան արժանի է իր անդամակցութիւնը Համազգայինի վարչութիւններուն, ուր գրական եւ գեղարուեստական նրբաճաշակ ոգեւորութեամբ պատրաստեց շահեկան ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ գրական, մտաւորական եւ մշակութային գործունէութեան հարուստ կենսափորձ մը ունեցաւ։
Հայ մամուլի դերին հաւատալով, երկար տարիներ աշխատակցեցաւ «Ազատ Օր»ին՝ պահելով իր հետաքրքրական «Շաբաթէ-Շաբաթ» սիւնակը, որուն մէջ արտացոլաց իր մտածումներուն եւ հետաքրքրութիւններուն ամբողջ ներաշխարհը։
Այսօրուան թիւով, կը հրատարակենք Յակոբ Ճէլալեանի զաւակին՝ Արտա Ճէլալեանի կողմէ պատրաստուած կենսագրութիւնը, որպէս նուազագոյն տուրք հանցուցեալ հայրենակիցի անմոռաց յիշատակին։
Յակոբ Ճէլալեան երկրայինէն մեկնեցաւ թողելով տպուած ու անտիպ աշխատանքներու եւ ուսումնասիրութիւններու հարուստ ժառանգութիւն մը։ Կը յուսանք, որ իր գործերը ամբողջութեամբ լոյս տեսնեն եւ իրենց արժանի տեղը ունենան մեր գաղութի մտաւոր գանձարանին մէջ։
Խմբագրութեան կողմէ
Արտա Ճէլալեան
Յակոբ Ճէլալեան ծնած է Աթէնք՝ 18 Նոյեմբեր 1938-ին։ Ան ընտանիքին երկրորդ զաւակն էր (Գէորգ՝ 1937-1942, Եւա՝ 1943)։
Ծագում
Հայրը՝ Արտաշէս ծնած էր 1898-ին Էսքիշէհիր գիւղաքաղաքը, ապա ապրած՝ Անգարա։ Հայ կաթողիկէ համայնքի օգնութեամբ, կարողացած էր վերապրիլ ցեղասպանութենէն ու յաջորդական հալածանքներու աղէտներէն: Փրկած էր նաեւ իր երկու քոյրերը ու եղբայրը։ Նախ պատսպարուած էր Իզմիր, ապա տեղափոխուած էր Կ.Պոլիս, Վառնա, Սոֆիա եւ Թեսաղոնիկէ։ Ի վերջոյ, հաստատուած էր Աթենք, ուր ընտանիք կազմած էր եւ հիմը դրած էր գորգավաճառական ու հնավաճառական իր արհեստին: «Ճէլալեան» մականունը ծագած է Խաչենի եւ Արցախի Հասան Ճալալեան հայոց տոհմէն՝ այս ըլլալով ընտանիքի ծագումին ենթադրութիւնը։ Մայրը՝ Մարիքա (ծնեալ Ալեքսանեան), ծնած էր 1916-ին Իզմիրի մէջ եւ գաղթած էր Աթէնք՝ փոքրասիական աղէտի ժամանակ (1922)։ Զարգացած, կիրթ կին մըն էր՝ գիտակ հայերէնին, թրքերէնին, յունարէնին և անգլերէնին։ Փոքրիկ Յակոբը հայոց այբուբենը մայրիկէն սորված էր, ինք մեծ դեր ունէր իր տղուն դաստիարակութեան ու մշակման։ Երկու ծնողները մահացան 1991թուականին:
Ուսում
Ըստացած էր յունական նախակրթարանի մէջ, ապա յաճախած էր Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան հայկական վարժարանը (1950-1956): Հոն, Մխիթարեան լուսափայլ վարդապետներու եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, ամբողջացուց իր ուսումը եւ կերպաւորուեցաւ իր բազմակողմանի անձնաւորութիւնը գրականութեան, արուեստի, օտար լեզուներու (իտալերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն) եւ երաժշտութեան մէջ (դաշնակի ուսում)։ Իր ուսուցիչները եղած են Հ. Եղիա վրդ. Փեչիկեան, Հ. Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեան, Հ. Վահան վրդ. Յովհաննէսեան, Հ. Ներսէս վրդ. Տէր Ներսէսեան, Հ. Սահակ վրդ. Տէր Մովսէսեան:
Հաւաքորդ եւ նուիրատու Յակոբ Ճէլալեան
Վերադառնալով Յունաստան՝ Յակոբ մասնագիտօրէն զբաղեցաւ գորգավաճառութեամբ ու հնավաճառութեամբ, մօտէն շփուելով եւ ճանչնալով հնութիւնը, աւանդականը եւ ազգայինը: Երիտասարդ տարիքէն սկսած էր կազմել հայ արուեստի իրերով բաղկացած իր անձնական հաւաքածոն, որ շարունակաբար կը հարստացնէր՝ անդադար ու հաստատակամ փնտռտուք կատարելով: Ճամբորդած էր առ նուազն 10 երկիրներ, առեւտրական գործակցութիւններ կատարելով ծանօթ յոյն ու օտար արուեստագէտներու հետ, ձեռք բերելու համար ամէն ինչ որ հայկական է: Իր կեանքի ընթացքին հաւաքած էր աւելի քան 1000 առարկաներ եւ 400 հնատիպ գիրքեր: Իր հեռատես տենչն էր սոյն հաւագածոները նուիրել Հայաստան՝ հայոց մշակոյթի ապահով պահպանման եւ ցուցադրութեան նպատակով հայրենիքին մէջ:
Առաջին նուիրատուութիւնը՝ 204 հազուագիւտ հայկական մշակութային արժէքներու, տեղի ունեցաւ 1984-ին Հայաստանի «Սարտարապատ»-ի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան պետական թանգարանին։
2001-ին, Քրիստոնէութեան 1700-ամեակին առիթով, 97 եւս թանգարանային իրեր նուիրեց, հասնելով 301 սրբազան թիւին՝ իբրեւ 1700-ամեակի խորհրդանիշ: Յակոբ Ճէլալեանի հաւագածոն կազմուած էր եկեղեցական, ծիսական, առօրեայ սպասքի նմուշներէ, զարդարանքի տարրերէ, գեղարուեստական գործուածքի՝ գորգի, ասեղնագործութեան իրերէ եւ զէնքի տեսակներէ: Մեծ եւ կարեւորագոյն խմբաքանակը կը կազմեն Քիւթահիայի հազուագիւտ յախճապակիները: Իրերու մեծամասնութիւնը ունի հայատառ արձանագրութիւն, որոնք կը թուագրուին 17-19 դարերէն:
2007-ին, հայ տպագրութեան 500-ամեակի առիթով, նոր նուիրատուութիւն մը յաջորդեց յանուն «Յակոբ եւ Ճուլիա Հայկանուշ Ճէլալեան»-ի:
Վերջինը բաղկացած էր 130 փորագրանկարներէ (կրավիւր), 16-20-րդ դարերու՝ մեծամասնութեամբ օտար վարպետներու գործերէ, որոնք կը պատկերացնեն պատմական Հայաստանի պատմութիւնը, կրօնքը, տարազը, բնակավայրերը եւ քարտէսները: Սոյն հաւագածոն ցուցադրուեցաւ 2006-ին՝ Հ.Հ. Յունաստանի դեսպանատան մէջ:
2008-ի Օգոստոսին, Սարտարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Յ.Ճ.-ի նուիրատուութիւններու ցուցակը ու նաեւ նուիրատուն պարգեւատրուեցաւ:
2010-ի Դեկտեմբերին, Աթէնքի Բարեգործականի Տիկնանց միութեան նախաձեռնութեամբ եւ նկարիչ Պետրոս Ասլանեանի ներդրումով, նոր շարք մը կրավիւրներու եւ հայ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Հ.Հ. Յունաստանի դեսպանատան մէջ, ուր պարգեւատրուեցաւ նաեւ նուիրատուն:
2018-ի Դեկտեմբերին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, «Աթէնք-2018-ի Գիրքի Համաշխարհային մայրաքաղաք»-ի նշումներու ծիրէն ներս, ցուցադրուեցան Յ.Ճ.-ի անձնական հաւագածոյի 60 կրավիւրներ եւ այլ իրեր՝ Աթէնքի «Մելինա» մշակութային կեդրոնէն ներս:
Վերջին տարիներու ընթացքին, հայ արուեստի իրեր եւ հնատիպ գիրքեր նուիրած էր Յունաստանի «Արմենիքա» պարբերաթերթին:
Մտաւորական Յակոբ Ճէլալեան
Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, աշխուժօրէն զբաղած էր գրական, բանաստեղծական եւ թարգմանչական աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ երաժշտութեամբ եւ լրագրութեամբ: Իր առաջին բանաստեղծութիւնը գրած էր Վենետիկեան աշակերտական շրջանին, իսկ վերջինը՝ մահէն երկու օր առաջ:
Յունահայ գաղութին ընդմէջէն, անընդհատ նուիրումով արտադրած էր շատ հարուստ մտաւորական երկ եւ ժառանգ՝ գիտական, գեղարուեստական եւ ազգային ասպարէզներուն մէջ: Երկարամեայ աշխատակից եղած էր Ազատ Օր» եւ «Նոր Աշխարհ» յունահայ թերթերուն, աշխատակցած էր նաեւ «Բազմավէպ»-ի ու Սփիւռքի մամուլի այլ թերթերուն: «Ազատ Օր»-ի մէջ եօթը տարի շարունակ (1970-1977) կը պահէր իր սեփական սիւնակը «Շաբաթէ- Շաբաթ» վերնագիրով: Եղած է հիմնադիր եւ խմբագիր «Արմենիքոս Թիփոս» (Հայկական Մամուլ) «Նոր Աշխարհ»-ի յաւելուածին, որ Յունաստանի առաջին ժամանակակից յունալեզու հայաթերթը կը կազմէ:
1964-1967 թուականներուն եղած է «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան հիմնադիր անդամ եւ համանուն պարբերաթերթի խմբագիր։
Մաս կազմած էր Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ մշակութային միութեան Շրջանային վարչութիւններուն եւ անդամակցած էր Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջ. վարչութեան։
Որպէս այս կառոյցներու անդամ, անխոնջ աշխատանք կատարած էր յաջող մշակութային ելոյթներու իրականացման ուղղութեամբ՝ երաշխաւորելով հայ եւ յոյն մտաւորականներու մասնակցութիւնը ձեռնակներուն, ամրացնելով այսպէս հայ-յունական յարաբերութիւնները:
Յ.Ճ. բազմաթիւ գործակցութիւններ ունեցած է յոյն գիտնականներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս՝ «Աթենքի Փոքր Ասիոյ Ուսումնասիրական Կեդրոնը» եւ «ԷԼԻԱ-ՄԻԷԹ» յունական պատմական արխիւը:
2010-ին հիմնեց «HAGOPEDIA for everyone» կայքէջը, ուր անգլերէն լեզուով կ՚անդրադառնար յունահայկական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ճանչցուած կամ անյայտ հայ անձնաւորութիւններուն: 1996-էն ի վեր Հայաստանի գրողներու միութեան պատուոյ անդամ էր։
Գիրքեր եւ փոքր հրատարակութիւններ
«Արմենիքի Անթոլողիա» (Հայկական Ծաղկաքաղ), 302 էջ, Համազգայինի հրատարակութիւն, Աթէնք 1982, (2500 տարիներու հայ բանաստեղծութեան յունարէն թարգմանութիւն՝ իր եւ այլ բանաստեղծներու կողմէն:)
«13 հայկական ժողովրդական երգեր», թարգմանութեամբ Յակոբ Ճէլալեանի, Աթէնք, 1975, (յունարէն):
«Դանիէլ Վարուժան», Համազգայինի հրատարակութիւն, Աթէնք,1984, (յունարէն)։
«Հայ Երաժշտութիւնն ու Կոմիտասը», 48 էջ, Համազգայինի հրատարակութիւն, Աթէնք, 1985, (յունարէն)։
«Հայ Տպագրութիւնը- Վաղ Տարիները 1486-1800», (1-ին հրատարակութիւն 48 էջ, Աթէնք, 1988, 2-րդ հրատարակութիւն 64 էջ, «Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւն, Աթէնք, 2012, (յունարէն):
«Նոր Աշխարհ»-ի երեք տարեգիրք (2001, 2004, 2007-2010):
«Blu come Amore Raccolta di poesie», Յ.Ճ.-ի 95 իտալական բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ, անձնական հրատարակութիւն, խմբագրութեամբ՝ Արտա Ճէլալեանի, Քուէյթ, 2016:
Թարգմանչական աշխատանք
«40 +1 Սիրոյ խոստովանանքներ», Ալիսիա Կիրակոսեանի ծաղկաքաղ, 78 էջ, «Թէմելիօ» հրատարակութիւն, Աթէնք, 1985, (թարգմանութիւն սպաներէնէ յունարէն):
Գամպուրեան Յարութիւն, «Էխմալոթոս Մնիմիս» (Յուշերու գերին), «Ցուքաթու» հրատարակութիւն, Աթէնք, 2008 (ձեռագիրի յօրինում եւ հայերէնէ յունարէն թարգմանութիւն):
«Գոմոթինիի հայերը», 546 էջ, Գոմոթինի, 2009, (հայերէն մասի թարգմանութիւնը):
«Լեռնային Ղարաբաղ, իրաւական ասպեկտներ», Շահեն Աւագեան, խմբագրութեամբ՝ Սարգիս Աղապատեանի, «Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւն, Աթէնք, 2018, (2006-ի երկրորդ հրատարակութեան հայերէնէ յունարէն բնօրինակ թարգմանութիւնը)։
Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան յունարէն թարգմանութիւնը Յ.Ճ.-ի կողմէ, ներառնուած է համանուն յատուկ հրատարակութեան մէջ, որ լոյս տեսած է 2019-ին՝ յայտնի բանաստեղծութեան 35 լեզուներով թարգմանութեան հրատարակութեան մէջ։
Գրական աշխատանք
«Հ.Յ.Դ. 95-ամեակի յուշատետր», 1985, (հայերէն):
«Համազգայինի հակիրճ պատմութիւն, 1988, (հայերէն):
«Ռ.Ա.Կ.-ի պատմութիւն», 2001, (յունարէն):
Յուշագրութիւն Զմիւռնիոյ աղէտի մասին, ( հայերէն եւ յունարէն):
Գեղարուեստական աշխատանք
Ձայնապնակ EP, «Ֆլորա Գազանճեան», դաշնակի ընկերակցութեամբ Յ. Ճէլալեանի, Աթէնք, 1972:
«Արմէնիքօ ֆենկարի» (Հայկական լուսին), յունական թատերախաղի ոգեշնչող եւ խորհրդատու. ներկայացուած՝ Աթէնքի «Սմարուլա» թատրոնը 1976-ին, Նիքոս Ֆոսքոլոսի եւ Տիմիթրիս Փոթամիթիսի բեմադրութեամբ:
Բազմաթիւ հայ երաժիշտներու ձայնասալիկներու (CD) նախաբաններ եւ թարգմանութիւններ (Ճիւան Գասպարեան, Յակոբ Գոլանեան, Ծաղիկ- Ֆլորա Գազանճեան, Հայկ Եազըճեան, Նոր Դար, Արթօ Թունչպոյաճեան, Արա Տինգճեան, եւ այլն):
Եռալեզու (հայերէն, յունարէն, իտալերէն) բանաստեղծական մեկնաբանութիւն գեղանկարիչ Պետրոս Ասլանեանի հրատարակութիւններուն համար:
Պարգեւատրումներ
Յուշամետալ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ՝ Սարտարապատի հերոսամարտի 90-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ վկայագիր՝ «Թանգարանի բարեկամ» անուանումով, իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն իր ունեցած մասնակցութեան եւ ներդրումին համար հայ մշակոյթի պահպանման, հայ ոգիի բարձրացման մէջ, առանց որեւէ անձնական ակնկալութեան, ինչպէս նաեւ իր բարձր հայրենասիրական զգացումներուն համար, 2008։
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալ՝ իր ունեցած կարեւոր նեդրումին համար հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման մէջ, 2011։
Յունաստանի Համազգայինին կողմէ յուշատախտակ եւ պատուոյ անդամի անուանում, հայ մշակոյթին հանդէպ իր ունեցած բազմամեայ եւ անշահախնդիր ծառայութեան համար, 2016։
Անձնաւորութիւն եւ գաղափարաբանութիւն
Յակոբ Ճէլալեան, ժուժկալ եւ պարզ իր կեանքի ընթացքին, իր ամբողջ հոգատարութիւնը կեդրոնացուց հոգեմտային եւ գիտական հարստութեան վրայ, քան թէ աշխարհիկ եւ նիւթեղէն խնդիրներուն վրայ, միշտ յատուկ զգայնութիւն ցոյց տալով ներկայ իրականութեան զարգացումներուն եւ ընկերային հարցերուն հանդէպ։
Ունեցաւ հետաքրքրութիւններու լայն փորձադաշտ մը, ինչպիսին էին լեզուաբանութիւնը, ազգագրութիւնը, ժողովրդագրութիւնը եւ մարմնամարզը։ Ներշնչուեցաւ գեղեցիկէն եւ սէրը գովերգեց իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն։
Հայոց լեզուին հանդէպ խոր իմացութիւն եւ պաշտամունք ունեցաւ, միշտ մնալով դասական մեսրոպեան ուղղագրութեան ջատագով։
Հաւատաց քաղաքական ու կրօնական միաւորման եւ հայու միասնական ոգիին ամենուրէք, իր ունեցած գիտելիքները առատաձեռն բաժնեց իր շուրջիններուն եւ իր իւրայատուկ գեղարուեստական նկարագիրով ու ջերմութեամբ զօրավիգ կանգնեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն։ Իր ապրած կեանքը, իր ընտրանքներն ու թողած գործը կը ցոլան խորունկ հայրենասիրութեամբ եւ ամբողջովին կ՚արտայայտեն իր հաւատքն ու յոյսը հայապահպանման գաղափարին համար։
Իր ետին թողեց անտիպ ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ, ինչպէս նաեւ անտիպ բանաստեղծութիւններ (հայրենասիրական, սիրային, ձօն, եւ այլն) աւելի քան երեք լեզուներով։
Ընտանեկան կեանք
Յակոբ Ճէլալեան ամուսնացած էր իր կեանքի ընկերուհի Ճուլիա Հայկանուշին (ծն. Հովարտեան), որուն հետ ապրեցաւ 53 տարի շարունակ եւ ունեցան երեք զաւակներ՝ Արտա, Կարէն եւ Նայիրի, ինչպէս նաեւ վեց թոռներ։
Կեանքէն հեռացաւ 15 Դեկտեմբեր 2021-ին, 83 տարեկանին։