1973-ի Օգոստոսի վերջին օրերուն, Յունաստան կը ժամանէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ եւ խոստումնալից հոգեւորականներէն մէկը, որ այնուհետեւ իր կեանքի ու գործունէութեան գլխաւոր մէկ մասը պիտի կապէր յունահայ ազգային կեանքին հետ։
Այդ օրերուն, Հրայր վրդ. Նիկոլեան պիտի ստանձնէր Գոքինիոյ հայահոծ շրջանի հոգեւոր հովուութիւնը եւ իր ծառայութեան քանի մը տարիներուն ընթացքին պիտի դառնար սիրուած ու փնտռուած հոգեւորականը՝ իր գրաւիչ նկարագիրով ու երաժշտական լայն հմտութեամբ։ Անուշ ու թաւշեայ ձայնով օժտուած միաբանը, նոր երանգ ու այլազանութիւն պիտի բերէր կիրակնօրեայ պատարագներուն ու եկեղեցական արարողութիւններուն, մինչ շատ արագ պիտի ձեռնարկէր «Շնորհալի» անունով բազմամարդ երգչախումբի մը կազմութեան, որ իր մէջ ընդգրկեց երիտասարդ լաւագոյն ձայները։ Կարճ ժամանակ յետոյ, երգչախումբի կատարումները դուրս եկան եկեղեցական շրջագիծէն ու դարձան զանազան հրապարակային ելոյթներու վայելքը, միշտ իր տաղանդաւոր խմբավարի մագնիսական ղեկավարութեան տակ։
Երիտասարդ միաբանի տարիքն ու գրաւչութիւնը լաւագոյն միջոցը դարձան օրուան պատանի եւ երիտասարդ սերունդը ի մի հաւաքելու համար, երբ մերթ դաստիարակութեան ճամբով, մերթ տղոց հետ ոտնագնդակ խաղալու ու այլ հոգեմտային զբաղումներ ունենալու ճարտարութեամբ, ստեղծուեցաւ հայաբոյր մթնոլորտ մը ազգային կառոյցներու միջավայրէն ներս։
Հակառակ հոգեւոր կոչումը իր մԷջ արմատաւորուած ըլլալու իրողութեան, Հրայր վարդապետ թեւակոխեց մարդկային կեանքի ըմբռնումներու այնպիսի հանգրուան մը, որ իր ներաշխարհին մէջ զարգացաւ ընտանիք կազմելու ու որպէս աշխարհական անձ հանրային կեանքէն ներս ծառայութիւն մատուցելու բուռն փափաքը։ Այլեւս իր աշխարհական անունով, Վարուժան Նիկոլեան կը ստեղծէր իր սեփական ընտանիքը, ամուսնացած ըլլալով Ռիթա Թաթուլեանին հետ, որ իր ամուսնոյն հետագայ կեանքի տարբեր զարգացումներուն ընթացքին, մինչեւ վերջ եղաւ անոր աջ բազուկը, ներշնչող ուժը, գիտակից կողակիցն ու մայրը։
Վարուժան Նիկոլեանին համար Յունաստանը, իր միջավայրով ու հայկական գաղութի կենսունակութեամբ, ստեղծագործելու լաւագոյն վայրը հանդիսացաւ, այլեւս իբրեւ Համազգայինի «Յ. Փափազեան» երգչախումբի ղեկավար, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ ու Առաջնորդարանի դիւանապետ։ Երաժշտական բեղուն տարիներու պտուղը վայելեց յունահայ գաղութը, երբ երգչախումբը, իր կատարողական արժէքով ու վերանորոգուած երգացանկով, հրապարակային ելոյթներու զարդը դարձաւ։ 1982-ին, երգչախումբի տուած բացառիկ համերգն ու անոր արձագանգը երկար ժամանակ մեր հայրենակիցներու խօսակցութեան ու հիացումի առարկան դարձան։ Խմբավար Նիկոլեանի երաժշտական արժէքն ու հմուտ ղեկավարութիւնը նաեւ ի սպաս դրուեցան Համազգայինի Թեսաղոնիկէի երգչախումբին համար, որ երիտասարդ երաժիշտի ձեռքերուն տակ վերանորոգուած գործունէութիւն մը վայելեց։
Անհանդարտ եւ միշտ նորն ու տարբերը որոնող անձնաւորութիւն մը եղաւ վախճանեալը։ Իր կեանքի մէկ այլ շրջադարձին, ընտանիքով փոխադրուեցաւ Գանատա, ստանձնելու համար Թորոնթոյի մէջ Հ.Օ.Մ-ի «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Պապայեան» մանկապարտէզի փոխտնօրէնութիւնը, հայերէնի դասաւանդութիւնը եւ երաժշտական պարտականութիւնները։ Թորոնթոյի հայութիւնը իր երախտապարտ զգացումները բազմիցս արտայայտեց շնորհքներով օժտուած կրթական մշակին, որ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ճամբուն վրայ, մանկապատանեկան երգչախումբեր կազմելով ու ղեկավարելով, եկեղեցական միջավայրէն ներս դպրապետի հանգամանքով, ինչպէս նաեւ գաղութային բազմատեսակ ծառայութեամբ, սատարեց թորոնթահայ կեանքի ծաղկացման ու բարգաւաճման։
Աւելի քան տասը տարիներու կրթական ծառայութենէն ետք, Վարուժան Նիկոլեանին մէջ վերստին բոցավառեցաւ հոգեւոր կոչումի կայծը, ան՝ որ երբեք չէր շիջանած իր մէջ, այլ հանդարտ ու ծածուկ կը վառէր, մինչեւ որ պահը հասաւ վերստին իր ուսերուն վրայ առնելու հոգեւորականի դերն ու պարտականութիւնը, որ պիտի դառնար իր կեանքի վերջին ու նմանապէս բեղուն շրջան մը։
Եկեղեցական կարգերուն համապատասխան բարձր տնօրինումով, Վարուժան Նիկոլեան կը դառնար Տ. Հրայր քահանայ ու իր ծառայութեան դաշտը կը հաստատէր Մոնթրէալի կից գտնուող հայաշատ Լաւալ քաղաքին մէջ։ Այլեւս կեանքի ու հոգեւոր ծառայութեան լայն փորձառութեամբ, Տ. Հրայրը պիտի ստեղծէր ծաղկուն եկեղեցական կեանք մը, սիրուելով ու յարգուելով բոլոր ծխականներէն, այլեւ ընդհանրապէս գանատահայ գաղութէն։ Տարիներու իր ծառայութեան վաստակին որպէս գնահատանք, իրեն շնորհուեցաւ քահանայական աւագութեան կարգը։
Իրեն համար անմոռանալի Յունաստանն ու յունահայ գաղութը դարձան իր կեանքի վերջին հանգրուանը։ Անհամբեր սպասելով հանգստեան կոչուելուն, Տ. Հրայրն ու երէցկինը վերադարձան Յունաստան, վերստին ապրելու համար երիտասարդութեան տարիներու հայաբոյր հմայքը, բարեկամական միջավայրը, այլեւ ծառայութեան նոր փորձադաշտ մը, հոգեւոր մատուցումի տարբեր առիթ մը։
Ինքզինք հարազատ միջավայրին մէջ զգալով, Տէր հայրը դարձաւ Աթէնքի եկեղեցւոյ հովիւը, իսկ շրջանի մը համար վերստին կանգնեցաւ Համազգայինի երգչախումբին առջեւ որպէս խմբավար։ Իր նկարագիրի ծանօթ ազնուութեամբ ու գրաւիչ քաշողականութեամբ երանգ եւ կեանք տուաւ եկեղեցւոյ արարողական կարգին՝ ժողովուրդին հետ շփուելու իր հմայքին շնորհիւ, եկեղեցին հաւատացեալներով միշտ լեցուն պահելու իր տքնաջան աշխատանքով։
Հակառակ որոշ տարիք մը հանգրուանած ըլլալու իրողութեան, Տ. Հրայր քահանան գործեց երիտասարդական խանդով, ոգեւորութիւն ստեղծելու կարողականութեամբ, որ աւա՜ղ պիտի կասեցուէր անողոք եւ անդարմանելի հիւանդութեան երեւումով։ Նոյնիսկ երբ մահացու հիւանդութիւնը սկսաւ կրծել իր մարմինը, հոգեկան կորովն ու յոյսը երբեք նահանջ չունեցան իր ողջ էութեան մէջէն։ Իր տոկուն կեցուածքը, բարի ժպիտն ու գրաւիչ խօսքը յոյսի աղբիւր մը դարձան ծխականներուն համար։ Այսպէ՛ս ընթացաւ վերջին տարիներուն Տ. Հրայր քահանայի կեանքը՝ եկեղեցիով լեցուն, պարտականութեան ճամբուն վրայ, իր ծխականներուն հոգեկան եւ բարոյական բաւարարութիւն պարգեւելու նախանձախնդրութեամբ։
Գրեթէ վերջին տարին դժուար ու տառապալից շրջան մը եղաւ իրեն համար։ Հիւանդութեան մահացու յարձակումները անդադար եղան, սպառելով Տէր հօր ֆիզիքական ուժը, տոկալու համբերութիւնը, դարձեալ ոտքի կանգնելու, գործուն մնալու իր անսահման փափաքը։
Ուրբաթ, 14 Յուլիսին, սիրուած հոգեւորականը իր վերջին շունչը կը փչէր ու հոգին կը նուիրէր երկնային անդաստանին։ Խոր սուգի մէջ մատնուեցան իր անմիջական ընտանիքը, հարազատները, ընտանեկան բարեկամները, բայց մանաւանդ իր ծխականները, որոնք անսահման սէր եւ յարգանք կը տածէին իրենց հոգեւոր հովիւին հանդէպ։
Վերջին օծման ու թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Յուլիսի առաւօտուն, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Տէր հօր ընտանիքին, զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք Լիբանանէն եւ Գանատայէն հասած էին Յունաստան։ Եկեղեցւոյ կարգը կատարուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ՝ իր կողքին ունենալով Տ. Պարէտ եւ Տ. Նարեկ քահանաները։ Օրուան պատարագիչն էր Եղիա աբղ. Մալխասեան։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը օծեց նորոգ վախճանեալ քահանայի ճակատն ու ձեռքը, ապա վեր առաւ անոր արժանիքներն ու բազմաբեղուն գործունէութիւնը։ Բացատրելով արարողակարգը, Սրբազան հայրը անդրադարձաւ աղօթքներուն մէջէն Տէր հօր հրաժեշտին երկրաւոր կեանքէն։ Նաեւ կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական գիրը: Ներկայ ժողովուրդի յուզումը մեծ էր։ Հոն փութացած էին ծխականներ, ընտանեկան բարեկամներ, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի, թաղականութիւններու եւ դպրաց դասերու անդամները, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչականները։
Վախճանեալ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Գ. գերեզմանատան մէջ։
Հողը թեթեւ ըլլայ սիրուած ու յարգուած հոգեւորականին վրայ. երկնային լոյսերուն մէջ հանգչի իր ազնիւ հոգին։
Ք.Է.
***
Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցագիրը
Գերաշնորհ
Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Աթէնք
Սիրելի Սրբազան,
Խոր ցաւով իմացանք Ձեր թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Տ. Հրայր Աւագ Քհնյ. Նիկոլեանի վախճանման գոյժը։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, հանգուցեալի երէցկնոջ եւ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Ձեր թեմի հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեան եւ թեմի բոլոր զաւակներուն։
Մօտէն ճանչցած ենք հանգուցեալ Տէր Հայրը, որպէս դասընկեր Դպրեվանքէն ներս Մեր ուսանողութեան տարիներուն։ Ան ուշիմ եւ աշխատասէր ուսանող էր եւ օժտուած երաժշտական կարողութիւններով։ Որպէս քահանայ ան իր կարողութիւնները ի սպաս դրաւ մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն մինչեւ Գանատա ու Յունաստան։ Իր երաժշտական գործունէութեամբ Տէր Հայրը կարեւոր նպաստ բերաւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութեան ու յատկապէս հոգեւոր երաժշտութեան. միանգամայն, թէ՛ Գանատայի եւ թէ՛ Յունաստանի մէջ կազմած իր երգչախումբերով հայ երաժշտութեան սէրը ու կատարումը փոխանցեց նորահաս սերունդներուն։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենաբարին Աստուած երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Տէր Հրայրի հոգին, եւ Ս. Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ իր ընտանեկան պարագաները եւ սգակիր հարազատները։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ