Ժպտադէմ եւ սրտաբուխ բարութեամբ յատկանշուող հայրենակից մը եւս իր հրաժեշտը տուաւ մեզմէ։ Յունաց ազգային տօնի՝ 28 Հոկտեմբերի օրը, բոլորին ծանօթ Կարօ Յովակիմեանը՝ «Ռուլին», իր աչքերը փակեց անողոք հիւանդութեան պատճառով տառապագին շրջան մը անցընելէ ետք։
Սուգի մէջ մատնուեցան ոչ միայն իր ընտանեկան պարագաները, այլեւ իր բազմաթիւ բարեկամները, գործակիցները, այն լայն շրջանակը, որոնց հետ Կարոն երկար տարիներու բարեկամութիւն մը հաստատած էր, դառնալով ընկերային հաւաքներու եւ ուրախառիթ պահերու հրճուանքի, կատակասիրութեան, տաքուկ հիւրասիրութեան եւ անսպառ ժպիտի աղբիւր ու ներշնչում, բոլորէն սիրուած ու փնտռուած «Ռուլի»ն։
Սակայն, իր նկարագիրի ուրախ մասնիկը, նոյնքան եւ աւելի կը բնորոշուէր նաեւ ազգային ծառայութեան մէջ հաւատաւոր մօտեցումով, բծախնդիր վարուելակերպով, անշահախնդրութեամբ եւ մանաւանդ համեստութեան գոյնով, որ երբեք չդարձաւ պարծանքի, շփացած վարմունքի կամ ինքնահաւանութեան արտայայտութիւն, որոնք երբեմն երեւան կու գան միութենական գործերուն մէջ ղեկավար դիրքեր ստանձնող անձերուն մէջէն։
Կարօ Յովակիմեան երկարամեայ եւ հաստատուած ծառայութիւն մը ունեցաւ՝ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերէն ներս։ Իր սերնդակիցներն ու գործակիցները անոր կը յիշեն որպէս աշխուժ ատենապետ Շրջ. վարչութեան, սակայն իր բազմամեայ բարձր պաշտօնը իրեն պահեց ժուժկալ ու համեստ, ամէնուր իր լայն ժպիտը բաժնելով եւ իր շուրջ գործակցական ոգին բարձր պահելով։
Հանգուցեալը ծնած էր գաղթականներու Լիբազմայի շրջանը՝ 1946-ին եւ հասակ նետած էր հայրենասէր ընտանիքի մը մէջ։
Իրեն մօտիկ եղողները կը յայտնեն, թէ հազիւ 5 տարեկանին սկսաւ յաճախել Գոքինիոյ հայկական վարժարանը, սակայն իր անհանդարտ նկարագիրին պատճառով, օր մը այդ տարիքին, գլուխը առած՝ Գոքինիայէն մինակ տուն կը վերադառնայ Լիբազմա, մեծ անհանգստութիւն եւ իրարանցում պատճառելով իր ծնողներուն։ Անոնք կը ստիպուին իրենց զաւակը մօտակայ յունական վարժարանը ղրկել, վախնալով որ նման «չարութեան» մը կրկնումը կրնայ աղէտալի դառնալ ընտանիքին համար։ Այսպէս, Կարոն կը զրկուի հայկական տարրական ուսումի բարիքներէն, սակայն իր հայկականութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը ոչ մէկ նահանջ կ՚ունենան իր հոգեկան աշխարհին մէջէն։
Իր երիտասարդ տարիքին, ընտանեօք հաստատուած ըլլալով Այիա Փարասքեւիի շրջանը, Կարոն մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գրիգոր Գըյըճեան» երիտասարդական խումբին, կազմելով հայ բարեկամներու եւ ընկերներու շրջանակ մը, որոնց հետ բաժնեց իր ազգային մտահոգութիւնները։
Մտաւ գործի ասպարէզ ու եղաւ իր հօր՝ չոր միրքերու վաճառատան աջ բազուկը, հետագային ալ գործի պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ իր վրան առնելով, ստեղծեց ընտիր ապրանքներու ծանօթ ու փնտռուած ձեռնարկութիւն մը։
Երիտասարդ տարիքին, Կարօ Յովակիմեան ծանօթացաւ իր կեանքի ընկերը՝ Սեդա Չիչէքեանը, որուն հետ կազմեց տաքուկ ընտանեկան բոյն մը, ուր հայկականութեան, ծառայութեան ու ազգային արժէքներու բոցը մշտապէս վառ մնաց, զայն փոխանցելով իրենց շուրջիններուն։
Կարոյի գործունէութեան առանցքը կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, որուն մէջ ան գտաւ իր ծառայութեան չափանիշերը։ Ներշնչուած միութեան նշանաբանէն՝ նախ բարձրացաւ, ապա իր հետ բարձրացուց ամէն տարիքի հայորդիներ, որոնք իր շուրջ հաւաքուած, ամէն մէկը իր նշանակալից ներդրումը ունեցաւ գաղութային գործունութեան մէջ։
Անթիւ են միութեան իրագործումները, համահայկական մարզական միջոցառումներու ու համագաղութային բանակումներու մասնակցութենէն, մինչեւ մասնաճիւղերու մէջ առաւել երիտասարդներ ներգրաւելու յոգնասպառ աշխատանքը։ Ամէն ինչ կատարուեցաւ երկիւղածութեամբ, հաւատարմութեամբ, գործին ու նպատակին կառչելու ամբողջական նախանձախնդրութեամբ։
Իր երկրորդ մեծ ծառայութիւնը մատուցեց Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի շինութեան աշխատանքին ընդմէջէն։ Առանց երկրորդ խօսքի, մտաւ այդ կարեւոր գործի ամէնէն դժուար ու պահանջկոտ ծալքերուն մէջ, այն հաւատքով ու կամքով, որ յանձնախումբի մնացեալ անդամներուն մէջ եւս արմատացած էր՝ տարիներու տեսիլքն ու երազը իրականացնելու եւ նոր սերունդին հրամցնելու հայաբոյր եւ հայակերտ օճախ մը։
Իր խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ կեդրոնի բացման առաջին օրէն իսկ ստանձնեց շէնքի խորհուրդի պատասխանատուութեան բաժինը, որպէսզի անոր կեանքը աւելի ծաղկուն դառնայ եւ հայ լեզուի գեղգեղիչ ձայնը տարածուի վերէն վար։
Կարոն նաեւ ներկայութիւն ունեցաւ ազգային թեմական աշխատանքներուն, Թեմական ժողովի ու Ազգային վարչութեան մէջ եւս իր փորձառութեան նմուշները տալով։
Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Կարոն ու իր ընտանիքը գործնական ներկայութիւն ունեցան գաղութի կեանքէն ներս, քաջալերելով Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի ծրագիրներն ու ելոյթները։ Իր կողակիցի երկարամեայ ծառայութիւնը Հ.Կ.Խաչին մէջ, Կարոյին մօտ ստեղծեց ազգային կրթութեան եւ խնամատարական ծրագիրներուն լիաբուռն նեցուկ կանգնելու պատասխանատուութիւն։
Կեանքով լեցուն եւ կեանքը իմաստաւորող մեր հայրենակիցը վերջին տարիներուն տառապեցաւ անողոք հիւանդութեան հուժկու հարուածներէն, որոնք օրէ օր մաշեցուցին իր մարմինն ու հոգին։ Երկար դիմացաւ Կարոն, սակայն իր ուժերը այլեւս սպառած էին եւ չկարողացան դէմ կանգնիլ հիւանդութեան մահացու վազքին։
Կարօ Յովակիմեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու, որոնք եկած էին վերջին տուրքը մատուցելու իրենց սիրելի «Ռուլի»ին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշով եւ «Արժանեաց» շքանշանով ծածկուած դագաղին առջեւ, Սրբազան հայրը վեր առաւ հանգուցեալի բոլոր արժանիքները ու ծառայութեան մեծութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունով՝ հայերէն եւ յունարէն դամբանախօսեց քոյր Գոհար Ալէանաքեան, որուն խօսքը կը ներկայացուի կողքին։
Հուսկ, մարմինը ամփոփուեցաւ Այիա Փարասքեւիի գերեզմանատան մէջ գտնուող ընտանեկան դամբարանէն ներս։
Հողը թեթեւ ըլլայ բազմավաստակ մեր հայրենակիցի անշունչ մարմինին վրայ։
Ք.Է.
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դամբանականը Կարօ Յովակիմեանի մահուան առիթով, արտասանուած քոյր Գոհար Ալէանաքեանին կողմէ
Որքա՜ն արժէքաւոր եւ նուիրեալ եղբայրներ կորսնցուցինք վերջին տարիներուն։ Մէկ առ մէկ՝ մեր գաղութէն հեռացան Օննիկ Շանկայեանը, Պերճ Գրիգորեանը, Յարութիւն Թագւորեանը, Թորոս Մաւուշեանը, Յարութիւն Ժամկոչեանը եւ դեռ քանի անուններ…։
Տակաւին մեր ցաւը մեղմացած չըլլալով, ահա այս անգամ նոր, աւելի ուժգին հարուած մը կու գայ ճզմելու արդէն մեր ցաւոտ սիրտերը։
Ինչպէ՞ս հաշտուիլ եղբ. Կարօ Յովակիմեանի մահով։ Բոլորս գիտէինք, թէ ան կեանքի իր մեծ պայքարը կը տանէր վերջին տարիներուն, սակայն չէինք կրնար հաւատալ, որ մենք այսօր իր անշարժ մարմինին առջեւ պիտի կանգնինք ու սգանք անոր կորուստը։
Բառին իսկական բացատրութեամբ՝ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մը եղաւ եղբ. Կարօ Յովակիմեան։
Ո՞վ չի յիշեր պարթեւահասակ մեր եղբայրը, որ իր երիտասարդ տարիքէն մտաւ մեր միութեան շարքերը, սիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր սեփական ընտանիքին նման, եղաւ Գոքինիոյ մասնաճիւղի անդամ եւ ատենապետ, ապա երկար տարիներու համար իրեն վստահուեցաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային Վարչութեան ատենապետութիւնը, որ վարեց ձեռնհասօրէն եւ արդար կեցուածքով։
Ո՞վ չի յիշեր երբ. Կարոյի ժպիտը, այն բարի ժպիտը, որով մուտք կը գործէր ակումբներէն ներս, բոլորին բարեւ մը տալու ազնուութեամբ, որ ցոյց կու տար իր հոգիի մաքրութիւնը, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի կազմաւորումը, այն՝ որ Միութեանս իւրաքանչիւր անդամ պարտի կրել, հաւատարիմ ըլլալով մեր հիմնադիրներու ոգիին։
Ո՞վ չի յիշեր եղբ. Կարոյի պատրաստակամութիւնը՝ լուծումներ գտնելու ամէն խնդիրի համար։ Գիտէր տարբեր միտքեր, երբեմն հակադիր մտածումներ կամ կեցուածքներ քով-քովի բերել, իրարու միախառնել, որպէսզի անոնց մէջէն վեր կանգնի միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոգին, այն՝ որ աւելի քան 100 տարիէ ի վեր ոտքի կը պահէ մեր սերունդները եւ անոնց առջեւ կը բանայ մեր գաղութին մէջ ծառայութիւն մատուցելու ճամբան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ եղբ. Կարոյի պաշտած Միութիւնը։ Անոր մէջ ան կազմաւորուեցաւ որպէս մարդ եւ որպէս ազգային անձնաւորութիւն։ Ազգայինը շատ ուժեղ մնաց իր մէջ։ Այն էր, որ կը յատկանշէր իր ամբողջ կեանքը, մանաւանդ միութենական ծառայութիւնը։
Մեծ խօսքեր կամ տպաւորիչ արտայայտութիւններ չունէր ան, բայց արդէն իր աչքերուն, կամ սակաւաթիւ խօսքերուն մէջէն կը հասկնայիր, թէ ան խորապէս ըմբռնած է ազգին ծառայելու եւ մատուցելու իմաստը։
Նոյն իմաստն էր, որ շարժուն դպրոցի մը նման փոխանցեց նոր սերունդներուն, բոլորին համար լուռ՝ բայց ուժգին կերպով աղաղակող օրինակ դառնալով։
Ժողովներուն մէջ ուշադրութեամբ կը լսէր ամէն խօսողին։ Բոլորին աչքերուն մէջ նայելով կը փորձէր ըմբռնել իւրաքանչիւրի միտքը, եւ ահա՝ նոյնիսկ անելի մատնուած պահերուն իսկ, կու գար իր զուարթամիտ մէկ արտայայտութիւնը, նուրբ կատակ մը, որ անմիջապէս կը քակէր պռկուած ջիղերը, եւ լուծումի ճամբան կը բանար բոլոր խնդիրներուն առջեւ։
Որքա՜ն հոգաց մեր Միութեան սկաուտական շարժումին վրայ։ Որքա՜ն իր սիրտը կ՚ուրախանար երբ կը տեսնէր սկաուտական մեր շարքերու աճը, մեր երիտասարդներու կառչումը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան ու սկզբունքներուն վրայ, որքան կը վազէր, որպէսզի ամէն տեսակի շարժումի՝ պարզ արշաւէն մինչեւ համագաղութային բանակումները, մեր տղոց ու աղջիկներուն մասնակցութիւնը ըլլայ արժանավայել եւ համազօր՝ Միութեան կանոններուն։
Այո՛, սիրելի սգակիրներ, եղբ. Կարօ Յովակիմեան կարգ ու կանոնի մարդ եղաւ, համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարին։ Այդ կարգն ու կանոնը կու գար նախ իր անձէն, իր ժուժկալ կեցուածքէն, իր ընտանեկան սրբութիւններէն, իր գործի ասպարէզէն, երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած գուրգուրանքէն։ Մեզ բոլորին սորվեցուց փարիլ կարգ ու կանոնին վրայ, ո՛չ իբրեւ մոլի աւանդապաշտ, այլ կազմակերպողի հմուտ ըմբռնումով, յառաջդիմութեան տեսլականով եւ համաձայն հայկական ոգիին։
Ամէն դիրքերէ անցաւ եղբ. Կարոն։ Հպարտութեամբ տեսաւ «Զաւարեան» կեդրոնի կանգնումը, որուն համար անթիւ օրեր եւ գիշերներ զբաղեցաւ շինութեան յանձնախումբին մէջ։
Տակաւին, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան մէջ անդամակցելով, իր ամբողջ փորձառութիւնը նուիրեց։ Սակայն, ի՛նչ որ տուաւ, ո՛ւր որ ալ տուաւ, միշտ առաջնորդուեցաւ իր պաշտած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նշանաբանով։
* * *
Եղբ. Կարօ, դուն ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, մեր Միութիւնն ալ իր կարգին կուրծքդ զարդարեց շքանշաններով եւ «Արժանեաց» բարձրագոյն պատիւով, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուակալ նախագահի կոչումով։
Բնաւ չտարուեցար այս պատիւներու շքեղանքէն։ Համեստօրէն ընդունեցիր զանոնք որպէս գնահատանք, սակայն միշտ ալ մնացիր համեստ, ժպտուն, բարեսիրտ եւ ծառայող։ Իսկական եղբայր մը՝ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն կողմէ, անդամներուն, վարչականներուն եւ մարզիկներուն անունով, մեր սկաուտական շարքերուն կողմէ, խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալ եղբ. Կարոյի ընտանիքին՝ տիկնոջ, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։
Երթաս բարով, եղբ. Կարօ։ Կ՚երթաս միանալու սկիզբը ըսուած անուններուն, անոնցմէ առաջ ալ անդարձ մեկնած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, որոնց հետ կեանք մը ամբողջ տքնեցար ու ծառայեցիր։
Արժանի ես, եղբ. Կարօ։ Բարի ճանապարհ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ցաւակցագիրը
30 Հոկտեմբեր 2021
Սգակիր Յովակիմեան ընտանիք,
Խոր վիշտով տեղեկացանք բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Կարօ Յովակիմեանի մահուան լուրը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի երկար տարիներու հաւատաւոր անդամ եղբ. Կարօ իր գիտակից կեանքին ամբողջ տեւողութեան ապրեցաւ ու գործեց միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի հաւատարմութեամբ, անսակարկ ծառայասիրութեամբ եւ գաղափարական նուիրումով։
Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք իր ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, խնդրելով որ Աստուած բոլորը մխիթարէ եւ սփոփէ իր քաղցր յիշատակներով։
Հողը թեթեւ գայ վրան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. վարչութիւն