Նուիրեալ սերունդի մը մնացորդացին գրեթէ վերջին մոհիկանն էր Լուսի Եզէկիէլեան (ծնեալ Ունճեան), որ իր աչքերը փակեց 91 տարեկան հասակին, Հինգշաբթի` 6 Փետրուար 2020ին։
Սերունդ մը, որ Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք, երիտասարդական խանդով եւ աննկարագրելի նուիրումով լծուեցաւ յունահայ գաղութի վերակազմաւորման գործին, երբ պատերազմի արհաւիրքին եւ ներգաղթին պատճառով, հազիւ քանի մը տարիներու ընթացքին, տկարացած եւ նօսրացած էր 1922էն ետք Յունաստան ապաստան գտած հայութեան մարմինը։
Յատկանշական էր Լուսիին եւ իր նմաններուն հաւատարմութիւնը, նուիրուածութեան ոգին, անշահախնդիր ծառայութիւնը, արժէքներու պահպանման նախանձախնդրութիւնը։ Այսպէս ապրեցան ու գործեցին անոնք՝ որոնք ազգային հաստատութիւնները եւ ակումբները երկրորդ տունի վերածեցին, հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու գերագոյն համոզումով։
Լուսին այն սերունդին հարազատ զաւակն էր, որ ծնած էր 1929ին, Գոքինիոյ գաղթակայանէն ներս, յաճախած էր Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» վարժարանի հայակերտ յարկին տակ, ուսուցիչներ ունենալով Արսէն Պալեանը, Սօս Վանին, Օննիկ Զաքարեանը եւ ուրիշներ։
Պատերազմի դժբախտութիւնը եւ գաղութի գործունէութեան կասեցումը պատճառ դարձան, որպէսզի Լուսին զրկուի վարժարանի բոլոր կարգերը յաճախելէ եւ շատերու նման իր ուսումը մնաց անաւարտ։
Պատերազմէն անմիջապէս ետք, հայ երիտասարդներու ստուար թիւով մը մուտք կը գործէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան շարքերը եւ կ՚ունենայ բեղուն գործունէութիւն։ Կ՚անդամակցի Համազգայինի երգչախումբին, իսկ իր ժրաջան գործունէութիւնը աննկատ չ՚անցնիր Հայ Կապոյտ Խաչի պատասխանատուներէն, որոնք երիտասարդ Լուսին կ՚ընտրեն որպէս Շրջանային վարչութեան անդամ, որուն մէջէն ան կը ծաւալէ խնամատարական լայն աշխատանք։
Հայ Կապոյտ Խաչը մինչեւ իր կեանքի վերջը մնաց հոգեհարազատ այն միութիւնը, որուն իր լման կեանքը նուիրեց, միշտ ներկայ ըլլալով ամէն տեսակի գործունէութեան, հաւաքներուն եւ ելոյթներուն։
Նուիրումով փարեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական առաջադրանքներուն եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը մնաց կուսակցութեան ջատագովը եւ համակիրը։
Կ՚ամուսնանայ յունահայ գաղութի երախտաւորներէն՝ ընկ. Եղիշէ Եզէկիէլեանի հետ եւ միասին կը կազմեն ջերմ եւ հայկականութեամբ լեցուն օճախ մը, բախտաւորուելով մանչ զաւակով մը՝ Յարութիւն Եզէկիէլեանը, որ ան ալ իր կարգին, ստանալով ծնողներուն կողմէ հայաբոյր դաստիարակութիւն, իր ներդրումը կը շարունակէ ունենալ գաղութի ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ։ Նաեւ, հոգեկան բաւարարութեամբ ուրախացաւ եւ հպարտացաւ իր թոռներու յաջողութիւններով։
Լուսիին ընտանեկան կեանքը լիացաւ ազգային կեանքի շունչով։ Իր մնայուն հետաքրքրութիւնը գաղութն էր, ապրեցաւ անոր հոգերով եւ հարցերով, որոնց համար ամէն օր կը մտահոգուէր եւ ուր որ պարտականութիւնը կը կանչէր, նոյնիսկ աներեւոյթ հերոսի մը նման կը վազէր՝ օգնութեան ձեռք երկարելու համար։
Անյագ ընթերցողն էր «Ազատ Օր»ին, իր սերնդակիցներուն ու բարեկամներուն հետ առիթը չէր փախցներ զրուցելու թերթին մէջ տեղ գտած լուրերուն եւ գրութիւններուն մասին։ Ունէր սեփական կարծիք, գիտակցական խոր ըմբռնում, որոնք միշտ արտայայտեց ազգային եւ միութենական կեանքէն ներս։
Վերջին տարիներուն իր առողջութիւնը տկարացաւ ու ան քաշուեցաւ գաղութի կեանքէն եւ իր աչքերը փակեց Փետրուարի առաջին օրերուն՝ խոր սուգի մէջ մատնելով իր անմիջական հարազատներն ու բարեկամները։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 8 Փետրուարին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն եւ ներկայութեամբ հոծ թիւով ժողովուրդի։ Իր դագաղը ծածկուած էր Հ.Կ.Խաչի դրօշով, առ ի գնահատանք կանանց մեծ Միութեան մէջ իր անձնուէր ծառայութեան։
Սրբազան հայրը դիպուկ կերպով ընդգծեց ննջեցեալի ծառայասիրութեան ոգին, որ համակ նուիրում էր ազգին եւ հայութեան։ Ապա, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Սխիսթոյի գերեզմանատունը։
Հանգիստ իր աճիւններուն։
Ք.